
1 Հինգ տարի անցած է այն օրէն, երբ հայ աշխատաւոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ եւ տապալեց բօլշեւիկեան բռնակալութիւնը: Փետրուարեան ապստամբութիւնը ոչ միայն խորտակեց օրուայ ոճրագործ իշխանութիւնը, այլ եւ հիմնապէս յեղաշրջեց Հայաստանի ընկերային-քաղաքական մտածողութիւնը: Հինգ տարի յետոյ, կարելի է աւելի պաղարիւնութեամբ անդրադառնալ Փետր. 18-ի յեղափոխութեան եւ բնորոշել շարժումը: Հայ ժողովուրդը փոթորիկներու մէջ կը հիմնէր…














