
Երեսունչորս տարիներ ետք ջինջ ու վճիտ կը մնան Լիզպոնի հինգ հերոսներուն ազգային գիտակցութեան եւ մարտունակութեան թելադրականութիւնը։ Աւելին, շնորհիւ իրենց խոյացող աքթին, տարիներու թաւալումով աւելի կը բիւրեղանայ մեր ժողովուրդի իրաւազրկումի վերացման համար մղուող պայքարի էութիւնը։ Աւելի կը շեշտուի մեր կամքի պրկումը՝ անխափան շարունակելու համար այդ պայքարը։ Լիզպոնի գործողութիւնը արկածախնդրութիւն մը չէր, այլ՝ քաղաքականօրէն հաշուարկուած եւ մարտականօրէն…















