Քննարկում

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Ռազմավարական, Ռազմագիտական, Բայց Նաեւ Մշակութային

(Շուշիի Ազատագրութեան 25-ամեակին Առիթով) Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակի նշումը կը համընկնի ապրիլեան յանկարծակի պատերազմի առաջին տարուան ամբողջացման: Հայրենական պատերազմին, Շուշիի ազատագրութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստեղծման եռատօնին հազիւ ամիսով մը կը կանխէ ապրիլեան պատերազմի յաղթանակը: Ռազմագիտական վերլուծումները, տարուան մը կտրուածքի հեռաւորութեամբ համընդհանուր կերպով կը խօսին այն համոզումին մասին, որ պարտադրուած զինադադարը արգելակեց հայկական կողմի նոր կարեւոր…

Ո՞ւր էր ձեր արտաքին քաղաքականութիւնը, երբ թուրքերը սահմանում իրանցիների էին ծեծում…

Իրանի նախագահի թեկնածուների մայիսի 5-ի երկրորդ հեռուստաբանավէճում խոշոր տոկոսով խնդրոյ առարկայ դարձան արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզում Ռոհանիի կառավարութեան ուղղութիւնները ինչպէս եւ իրենց՝ առաջադրւած թեկնածուների պատկերացումները՝ նոյն ոլորտին վերաբերող հարցերի վերաբերեալ: Մինչ դրանց անդրադառնալը, յայտնենք, որ հեռուստաբանավէճի ձեւաչափը հնարաւորութիւն չի տալիս թեկնածուներին, որպէսզի նրանք տւեալ ոլորտի կապակցութեամբ հանդէս գան ծրագրային-քննական ելոյթներով, հետեւաբար բանավէճերը ընթանում են տարբեր հարցադրումների…

Լրատուութիւնը Նաեւ Իբրեւ Զէնք (Պարզապէս Յիշեցման Կարգով)

Մինչեւ մօտաւորապէս հարիւրամեակ մը առաջ, մամուլ հասկացութիւնը կ’առնչուէր տպագիր թերթին. թէեւ մունետիկներն ալ «հաղորդակցութեան» միջոց էին, լուրեր, յայտարարութիւններ տարածելու իմաստով։ Այսուհանդերձ՝ մամուլը տպագիրն էր։ Մարքոնիի գիւտը նոր իրականութիւն մը ստեղծեց մամուլի աշխարհէն ներս։ Տպագիր մամուլին, թերթին կողքին, մարդիկ սկսան տեղեկացուիլ ձայնասփիւռով նաեւ։ Խնդիրը «բարդացաւ» Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երբ հեռատեսիլը, հրելով ֊ հրմշտկելով, սկսաւ լայն…

Ակնարկ. Ապրիլ 24-Էն Մայիս 6` Տարածաշրջանային Իրադրութիւններու Ազդեցութիւնները

այրերու ներկայացուցիչներու խօսքերը, զօրակցութիւններն ու հայութեան իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ փոխանցուած մեր Դատին նկատմամբ լիբանանեան համապետական մակարդակի զօրակցական յայտարարութիւնները կարեւոր առաւել արձանագրեցին այս շրջածիրին մէջ: Իշխանութեան պետերու ներկայացուցիչները կը ներկայացնեն համայն Լիբանանը. համապետական բնոյթը կարեւոր է այս պարագային` Ցեղասպանութեան հարցին լիբանանցի քրիստոնեայ համայնքներու վերջերս ցոյց տուած զգայնութեան եւ իսլամ լիբանանցիներու այս պարագային դրսեւորած զգուշ վերապահութեան տարբերութիւնները…

Մե­ծա­րանք՝ ար­դա­րու­թեան

Կայ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ վեր­ջին օ­րե­րու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցը նշող բազ­մա­թիւ ու աշ­խար­հա­տա­րած ձեռ­նարկ­նե­րու թո­հու­բո­հին մէջ, ­Մեծ Ե­ղեռ­նին առն­չո­ւող բա­ւա­կան կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը բո­լո­րո­վին անն­կատ ան­ցաւ: Ար­դա­րեւ, 21 Ապ­րիլ 2017ին ­Մար­սէյ­լի թա­ղա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ, փոքր տա­րա­ծու­թեամբ պու­րակ մը պաշ­տօ­նա­պէս մկրտո­ւե­ցաւ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի ա­նու­նով: Բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին նշա­նա­տախ­տա­կի մը վրայ Ֆ­րան­սա­յի քա­ղա­քա­յին խոր­հուրդ­նե­րու որ­դեգ­րած յա­տուկ ո­ճով գրո­ւած…

«Ապառաժ»ի խմբագրական. Ազգ-բանակ գաղափարախոսությունը

Համարյա մեկ տարի է` ինչ քաղաքագետներն ու վերլուծաբանները, իհարկե զանգվածային լրատվական դաշտի հորդորներով և հարցումներին ի պատասխան, փորձում են դասեր տալ, դասեր քաղել և, ի վերջո, դասի առարկա դարձնել ապրիլյան պատերազմը և նրա հետևանքները: Հայկական իրականության մեջ չի գտնվի որևէ հանրային հարթակ, որտեղ քննարկված չլինեն այդ դասերը: Բնականաբար, այդ դասերը որևէ տեղ պետք է նաև…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. Համահարթեցման Գործընթացներ Եւ Հակաարժէքային Համակարգեր

(Մայիս 1-ի Տօնին Առիթով) Ոչ շատ հեռու անցեալին մայիս 1-ը կամ Աշխատաւորներու օրուան նշումը առիթ էր ո՛չ միայն աշխատաւորներու իրաւունքներուն մասին հրապարակային քննարկումներով հանրային կարծիք ձեւաւորելու եւ ազդելու պետութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան վրայ, այլ նաեւ գաղափարաբանական հէնքի վրայ աշխարհակարգի հետ կապուած երեւոյթներու վերաբերեալ սուր դիտարկումներ կատարելու եւ վերլուծումներ զարգացնելու: Երբեմնի երկբեւեռ դրութեան մէջ, մէկ կողմէ դրամատիրական,…

Երբ Թիրախը Հայ Քաղաքական Միտքն Է (Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ընդմէջէն)

Բոլշեւիկեան օրերը յիշեցնող, նոյն մեթոտաբանութեամբ գործող արշաւ մը սկսած է այս օրերուս Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ։ Յատկանշականօրէն ճիշդ ա՛յս օրերուն, երբ հայութիւնը կը նշէ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ կ’ամրապնդէ իր պահանջատիրական ոգին։ 19րդ եւ 20րդ դարերու հայ քաղաքական միտքը սերտօրէն առնչուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան զարգացուցած քաղաքական միտքին հետ։ Ինչպէս որ Հ.Յ.Դ.ի եւ հայոց նորագոյն պատմութիւնը սերտօրէն առնչուած…

Նախագահ Թրամփի Ապրիլ 24-ի յայտարարութեան սահմանադրական խախտումը

Ամերիկայի յաջորդական նախագահներուն կողմէ Ապրիլ 24ի եղեռնի յիշատակման առիթով կատարուած տարեկան պաշտօնական յայտարարութիւնները քաղաքական աւանդութեան վերածուած են։ Այս աւանդութիւնը սկիզբ առաւ 1990ի Ապրիլին նախագահ Ճորճ Հ. Պուշի յայտարարութեամբ։ Տարեկան հերթականութեամբ աւանդութիւնը շարունակեցին նախագահներ Պիլ Քլինթըն, Ճորճ Ու. Պուշ եւ Պարաք Օպամա։ Այս տարի, Ապրիլ 24ին, նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս հրապարակեց եղեռնի յիշատակման իր յայտարարութիւնը։ Ամերիկայի…

Այսօրուան Հրամայականը` Հայ Մարդու Կերտում

Դէպի բռնատիրութիւն յառաջացող Էրտողանի Թուրքիոյ հայրերուն կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին ու աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի կեանքին, ակնկալութեանց, ապրելակերպին, ձգտումներուն, տեղաբաշխումին եւ մտածելակերպին յարատեւ հոլովոյթին ու յարափոփոխ ընթացքին ի տես` անհրաժեշտ է կատարել յստակ նշումներ: Նոյն նշումները անհրաժեշտ է կատերել նաեւ ի տես անցնող մէկ դարու ընթացքին Հայ դատի հետապնդման ընդհանուր փաթեթին փորձառութենէն մեկնելով եւ…