Քննարկում

«Ազդակ» ի Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Ռազմական Յանցագործութիւններ Եւ Քրէականացման Առաջադրանքներ (Գ.)

Թալիշի անզէն բնակչութեան դէմ կիրարկուած ժամանակակից ահաբեկչութեան յարիր եւ անոր ձեռագիրը կրկնօրինակելու դէպքերը կարելի չէ մասնակիացնել եւ առանձնացնել: Թալիշը ունի իր պատմական եւ մօտ անցեալի հիմնաւորումները` Սումկայիթէն Կիրովապատ, Պաքու եւ Մատաղիս, անցնելով Պուտափեշտէն, քաղաքացիին զինուորական համազգեստ հագցնելով ռազմական գերի դարձնելու եւ ֆիզիքական չարչարանքներու ենթարկելու իրողութիւններէն, մինչեւ իսկ վարժողական ծրագիր իրականացնող ուղղաթիռ խփելէն եւ նահատակուած զինուորներու…

Սփիւռքեան Գործօնը

Մինա՛կ ենք, միայն ու միայն մենք մեր ուժերուն վրայ վստահելու իրականութեան հետ պէտք է հաշտուինք: Մինակ ենք ու մեր ուղեղէն պէտք է արմատախիլ ընենք այն միտքը, թէ ամէնէն ծանր պահուն «դաշնակից» ուժ մը պիտի հասնի ու փրկութեան ձեռք երկարէ մեզի: Արցախեան ճակատին վրայ մղուած վերջին մարտերը, անոնց ընթացքին թշնամիին կողմէ օգտագործուած զինատեսակներն ու անոնց աղբիւրները…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Ռազմական Բաժինը (Բ.)

Հայկական բանակի մարտունակութեան անգերազանցելիութիւնը ենթակայական կամ կողմնակալ գնահատական չէ: Ռազմագիտական հանդէսներու մէջ հրապարակուած նիւթերը, ռազմագէտներն ու պատերազմներու վերլուծաբանները գերմարտունակութեան ընդգծումներ կատարած են այս առումով: Հայկական զինեալ ուժերու հրասայլի բաժանմունքի համապատասխան մրցումներուն մասնակիցները գրաւած են ընդհանուր արդիւնքներուն առաջին հորիզոնականները: Աշխարհը ականատես դարձաւ 21-րդ դարու գերժամանակակից ռազմարդիւնաբերութեան նմուշներու օգտագործման, յատկապէս օդային հարուածներու, անօդաչու սարքերու յաճախակի շրջագայութիւններուն: Պարզ…

Նոր Որակի Հայաստանի Մը Ծնունդը

(ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ՔԱՅԼ ՊԱՀԵԼ) Ատրպեճանական նախայարձակումէն հազիւ 24 ժամ անց, Հայաստանի մէջ կամաւորներու արտասովոր հոսք մը սկսաւ դէպի ճակատ, սահմանները պաշտպանելու նպատակով։ Հազարաւորներ, մեծ մասամբ նախկին ազատամարտիկներ, որոնք մասնակցած էին Արցախի ազատագրական պայքարին, խումբերով խուժեցին (բառացիօրէն) դէպի հանրակառքերը, հասնելու համար Ստեփանակերտ։ ՆԱԽ՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ Անոնցմէ շատեր արդէն «կռուելու տարիքը» անցած կը թուէին, իրենց…

«Ազդակ»ի Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Հաւանական Քաղաքական Շարժառիթներ (Ա.)

Արցախ-Ազրպէյճան սահմանագօտիին վրայ Պաքուի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմի հաւանական շարժառիթները փորձել ընկալելու համար նախ պէտք է բացառել յանկարծակիութեան գործօնի վարկածը: Մտաբերել նախ, որ պատահածը տարողութեան նշաձողի բարձրացում է այն առումով, որ վերջին ժամանակաշրջանին, թէեւ ելեւէջներով, այսուհանդերձ մնայուն պետական վարքագիծի վերածուած էր Պաքուի ռազմական այս վարքագիծը` արձակազէններով, հետախուզական թափանցման փորձերու գործողութիւններով, հրթիռակոծումներով: Ռազմական այս պահուածքային հետեւողականութիւնը կը…

Ի Խնդիր Հայաստանի Պետականութեան Ամրապնդումին

(ՀՐԱՉ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ԱՆԱՐԳ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ) Երեք տարի առաջ այս օրերուն, անարգ ոճիրի զոհ գնաց Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանը: Երեք տարի անց, մենք չենք մոռցած այս ոճիրը, մանաւանդ՝ ատոր բացայայտուած չըլլալու հանգամանքը: Հրաչ Մուրատեան ազատամարտիկ էր: Ան մաս կը կազմէր Արցախի ազատագրական պայքարին մասնակցած կամաւորներու այն մեծ փաղանգին, որուն համար հայրենի հողին ազատագրումը առաջնահերթութիւն էր: Հրաչ…

Լիբանանահայ Նոր Սերունդը Հաւաքով Մը Արտայայտեց Իր Զօրակցութիւնը Արցախին Եւ Ընդվզումը` Ազրպէյճանի Բռնարարքներուն Դէմ

«Միշտ ձեր կողքին» կարգախօսին ներքեւ երէկ երեկոյեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցական երիտասարդական հաւաք մը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ), ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն (ԼՊՄ): Նախքան հաւաքը, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, որ սկսաւ «Սարդարապատ» ակումբէն` հասնելով մինչեւ Ս.…

Նամակ Երկրէն – Զէնք, Որ Թշնամին Չունի

5 օր շարունակ, պատերազմ էր Արցախի ճակատներու ամբողջ երկայնքին։ Ոչ թէ զինադադարի խախտում կամ բախումներ ինչ որ «շփման գիծ»ի որոշ հատուածներուն շուրջ, այլ՝ պատերազմ, վայրագ ու անողոք, աւերիչ ու մահասփիւռ։ Նախայարձակը ազերի թուրքն էր, եւ ինչպէս միշտ՝ ան տարբերութիւն չդրաւ դպրոցական երեխաներու, տարեցներու, պատանի–պարմանուհիներու եւ ռազմական թիրախներու միջեւ։ Այս անգամ, ատրպեյճանական ուժերը ռազմադաշտ բերին իրենց…

Հաղորդագրութիւն

Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պայքարին զուգահեռ, անցնող օրերուն թշնամիին կողմէ ծայր առած է նաեւ հակահայ քարոզչական հերթական արշաւ մը` արցախեան հիմնահարցը խեղաթիւրելու, անոր էութիւնը բովանդակազրկելու, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան կողմը նախայարձակ ներկայացնելու կազմակերպուած սադրանքով: Այս իմաստով լիբանանեան հանրային կարծիքին անհրաժեշտ պարզաբանումները կատարելու եւ լիբանանեան ու ընդհանրապէս արաբական մամուլին մէջ հարցերու առարկայական արձագանգում ապահովելու համար, ՀՅԴ Քարոզչական…

Տարածաշրջանի խաղաղութեամբ գերզգայուն Իրանը

Հայ-ադրբեջանական զինական բախումների վերսկսման լուսարձակում Իրանը պաշտօնական յայտարարութեամբ արտգործնախարարութեան խօսնակի միջոցով, երէկ իր խոր մտահոգութիւնն արտայայտեց ադրբեջանա-հայկական շփման գծում զինւորական ու զինական հակամարտութեան բռնկման առթիւ: ԱԳՆ-ի խօսնակ Ջաբեր Անսարին յայտարարութեան ընթացքում ընդգծել է հետեւեալը. Մինչ տարածաշրջանը ականատեսն է ծայրայեղական խմբերի պատճառած արհաւիրքներին եւ որ շրջանի համար խիստ անհրաժեշտ է խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, Ղարաբաղի շրջանում Ադրբեջանի…