
Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման անկեղծ զինուորներու եւ Դաշնակցութեան անձնուէր ֆետայիներու փաղանգին մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Վարդան Շահպազ, որուն մահուան տարելիցը կ’ոգեկոչենք Յունիս 8ին։ 1959ի Յունիս 8ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի Հ.Յ.Դ. Ժողովրդային Տան «Հայրիկ»ի իր սենեակին մէջ, տեսողութիւնը կորսնցուցած՝ մեր աշխարհէն առյաւէտ բաժնուեցաւ 87ամեայ հայ յեղափոխականն ու դաշնակցական ֆետային, որ Վարդան Շահպազ անունով անջնջելի իր…














