Թրքալեզու Երկիրները Կը Միաւորուին Հայկական Սփիւռքին Դէմ

ankaraԹրքալեզու երկիրներ-ատրպէյճանական սփիւռքի հարցերով զբաղող պետական կոմիտէի նախագահ Նազիմ Իպրահիմով յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը, Ղազախստանը եւ Ղրղզստանը պիտի միաւորուին եւ կանգնին Թուրքիոյ կողքին՝ հայկական Սփիւռքին դէմ պայքարելու համար: «Մէկ ազգը չի կրնար երկու խնդիր ունենալ. մեր խնդիրները նոյնն են: Հայկական պնդումներուն հետ կապուած խնդիրները, որոնց դիմաց կանգնած է Թուրքիան, միեւնոյն ժամանակ մեր խնդիրներն են: Ղարաբաղեան հարցին մէջ եւս թրքական սփիւռքը կ՛աջակցի Ատրպէյճանին եւ համաշխարհային հանրութեան՝ այս հարցին մասին առողջ տեղեկատուութիւն տալով», նշած է Իպարհիմովը:

«Internet haber» կայքը գրած է, որ Թրքալեզու երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի անդամ հանդիսացող Ղազախստանն ու Ղըրղըզստանը եւս պիտի աջակցին թրքական թէզերուն եւ այսուհետեւ աւելի սերտօրէն պիտի համագործակցին: Իպրահիմով նշած է, որ այս չորս երկիրները արտասահմանի մէջ միասին պիտի գործեն: «Ասիկա պիտի կրկնապատկէ մեր ուժը, եւ մենք պիտի գործենք թրքական աշխարհի դէմ ուղղուած որեւէ անօրէնութեան դէմ», ընդգծած է ատրպէյճանցի պաշտօնեան:

asbarez.coմ
24.06.2013

Տպել Տպել