Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի յայտարարութիւնը


Մայիս 28-ի պաշտօնական ճանաչման առթիւ

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն կողջունէ Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան 27 Մայիսի, 1989ին հրապարակած այն որոշումը, որմով այս վերջինը 1918 թուականի Մայիս 28ը պաշտօնապէս կը ճանչնայ որպէս հայոց պետականութեան վերականգնումի օր:

1921 էն ասդին, Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ իր համակիր բազմութիւնները ամէն տարի, Եռագոյն դրօշի շուքին տակ, հանդիսաւոր կերպով նշելով Մայիս 28-ը իրարայաջորդ սերունդները ներշնչած են պատմական այդ լուսաշող թուականի խորհուրդով, այդ իսկ ճամբով վառ պահելով անոնց հոգիներուն մէջ Հայաստանի անկախութեան գաղափարն ու հայրենիքի սէրը:

Այսուհետեւ, Հայաստանի անկախ պետականութեան օրը՝ 1918ի Մայիս 28-ը արդարօրէն պիտի նկատուի տօնը ամբողջ հայ ժողովուրդին, եւ, տարուէ տարի անոր նշումը միաժամանակ հայրենի երկրին մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի, պիտի ծառայէ աւելի եւս ամրապնդելու հայ ժողովուրդի միասնութիւնը՝ իր հայրենիքին շուրջ եւ ի խնդիր իր արդար դատի հետապնդումին:

Պատմական ճշմարտութիւններու վերականգնումի ճամբուն վրայ, կը մնայ սպասել որ 19-20-րդ դարու մեր պատմութենէն այլեւս լրիւ ջնջուին սպիտակ բիծերը, վերարժեւորուին՝ հայ ազատագրական պայքարի թէ Հայաստանի հանրապետութեան շրջանի բոլոր երեւոյթները, դրուագներն ու դէմքերը, այլեւ սրբագրուին ստալինեան օրերուն կատարուած նենգափոխումները: Մէկ խօսքով՝ իբրեւ ներշնչարան այսօրուան ու գալիք սերունդներուն, հայ ժողովուրդին վերադարձուի ամբողջութիւնը իր նորագոյն պատմութեան, հարազատօրէն, իր հերոսական մարտնչումներով, իսկական դերակատարներով ու պանծալի նահատակներով:

ՀՅԴ Բիւրօ
28 Մայիս, 1989

Տպել Տպել