Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի յայտարարութիւնը


Ատրպեյճանի թաթարներու կողմէ հայերուն դէմ գործուած ոճիրներուն առիթով

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ծայր աստիճանի մտահոգիդ կը նկատէ Ատրպէյճանի տարածքին թաթարներու կողմէ հայերուն դէմ գործուած սպանդը, որ կը խոցէ սիրտը համայն հայ ժողովուրդին` Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք:

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայ բնակչութեան արդար ու օրինապահ պահանջատիրութեան իբրեւ պատասխան-հակազդեցութիւն շղթայազերծուած այս խժդժութիւնները, հայ բնակչութիւնը տեղահան դարձնելու եւ զուտ թաթարական շրջան մը իրագործելու իրենց մութ բայց յստակ դիտաւորութեամբ, թաթարներու հակահայ մոլուցքին զոհ կը դարձնեն Խ.Միութեան սահմաններէն ներս ապրող հայ ժողովուրդը:

Յար ու նման Ցարական կայսրութեան օրերուն եւ յատկապէս 1915ին պատահած պատմական նախընթացիւն, Ատրպէյճանի թաթարները` բանթուրանիզմի քաղաքական վարքագծին տէր կանգնող ալիեւներու տխուր դերակատարութեան իբրեւ արդիւնք` փաստօրէն սպանդի ձեռնարկած են իրենց հսկողութեան տակ գտնուող անզէն հայ քաղաքացիներու դէմ:

Սփիւռքահայութիւնը, որ իր ազգային եւ քաղաքական մարմիններով ու կազմակերպութիւներով արդէն իր զօրակցութիւնը յայտնած է Ղարաբաղի հարցի կապակցաբար Ղարաբաղի եւ Հայաստանի հայութեան արդար պահանջատիրութեան, չի կրնար վերւյիշեալ ցաւալի դէպքերուն նկատմամբ անտարբեր մնալ:
Անտարբեր չի կրնար մնալ մանաւանդ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգներուն դէմ միշտ ալ տուած է ապացոյցը բոլոր միջոցներով ծառանալու իր վճռականութեան:

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ
7 Մարտ, 1988

Տպել Տպել