Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահի երդմնակալութեան առիթով, ի շարս այլ նախագահներու, Թեհրան ժամանած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: Այդ առիթով ալ կայացած է միջնախագահական ձեւաչափով հանդիպում: Հետեւելով լրատուութիւններուն` երկու երկիրներու նախագահները հանդիպման ընթացքին քննարկած են ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Զրուցակիցները ընդգծած են, որ հայ-իրանական համագործակցութեան օրակարգը բաւականին հարուստ է, որուն մասին կը վկայէ շարք մը մեծ ծրագիրներու իրականացումը: Գոհունակութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ձեւաւորուած աւանդական դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած փոխշահաւէտ համագործակցութեան բարձր մակարդակին համար` նախագահներ Սերժ Սարգսեանը եւ Հասան Ռուհանին ընդգծած են այդ համագործակցութիւնը նոր` աւելի բարձր հանգրուանի հասցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սարգսեանի Թեհրան մեկնումը աւելի քան օրինաչափ էր: Աւելի քան` նկատի ունենալով Թեհրան-Երեւան յարաբերութիւնները, մեր երկրին ցամաքային առումով կիսաշրջափակուած ըլլալը եւ իրանեան ելքի կաեւորութիւնը սահմանային ընդհանուր համապատկերի պարունակին մէջ: Չմոռնանք վրացական սահմանի դիւրաբերութիւնը, մենաշնորհային հանգամանքի օգտագործման միտման բազմակի դրսեւորումները եւ անշուշտ ռուս-վրացական յարաբերութիւններու վերիվայրումներու անմիջական ազդեցութիւնը:
Իրանեան ցամաքային ելքի կարեւորութիւնը այս բոլորին նկատառումներով պէտք է դիտարկել: Բայց խնդիրը միայն ելքին չի վերաբերիր անշուշտ: Համազգային առաջնային հիմնահարցին` արցախեան հակամարտութեան նկատմամբ Իրանի դիրքորոշումին նաեւ: Այստեղ իրանեան շահի գերակայումը բնականաբար պարտադիր է տեսնելը` գնահատական տալու համար իրանեան դիրքորոշման շարժառիթներուն: Իսլամական երկիրներու վեհաժողովներուն իրատեսական չ՛ըլլար ակնկալել, որ Իրանի ներկայացուցիչները չմիանան Ազրպէյճանի առաջ քաշած բանաձեւերու նախագիծերուն: Միաժամանակ Թեհրանը եւս կը գիտակցի, թէ ինչո՛ւ Երեւանը լուռ կը մնայ եւ չ՛արձագանգեր, երբ հերթական անգամ պաշտօնական Թեհրանի արտաքին հարցերու գերատեսչութեան ղեկավարը կ՛առաջարկէ Իրանի միջնորդութիւնը արցախեան բանակցութիւններուն:
Նման առաջարկ կը բարձրաձայնուի հակակշռելու համար Անգարայի նկրտումները պաշտօնապէս միջամուխ ըլլալու համար արցախեան հարցին: Տարածաշրջանին եւ յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ Իրանը զսպիչ գործօնի դեր վերցուցած է Թուրքիոյ ազդեցութեան գօտիի տարածման յարձակողական քաղաքականութեան մէջ:
Բայց այս տակաւին միակ հանգամանքը չէ: Իրանի մէջ կ՛ապրի բազմամիլիոնանոց ծագումով ազերի համայնք: Այս իրողութիւնը կարող է ապագային շահարկուիլ ինչպէս Ազրպէյճանի, այնպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Իրանի մէջ անջատողական շարժման ձեւաւորման աշխատանքներուն ընթացքին: Արցախը իր աշխարհագրական դիրքով իսկ կ՛արգելակէ Իրանի եւ Ազրպէյճանի ազգակիցներու միաւորումը: Արցախի գոյութիւնը իբրեւ հայկական տարածք, իբրեւ ինքնիշխան կամ թէկուզ Հայաստանի Հանրապետութեան միացած տարածք կը բխի նոյնինքն Իրանի շահերէն: Իսկ Իրանը քանի մը անգամ փաստած է արդէն, որ տարածաշրջանին մէջ հիմնարար ծրագիրներու իրականացման գործընթացին մէջ անշրջանցելի գործօն է, որուն պէտք է համաձայնեցնել վճռորոշ որեւէ հանգրուանի իրականացում:
Իրանի հետ մեր երկրի համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը կը վերաշեշտուի, երբ նկատի ունենանք ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու ջերմացման միտումները թէ՛ զինուորական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ քաղաքական մակարդակներով:
Ահաւասիկ նման պայմաններու մէջ է, որ Երեւանը փորձ կը կատարէ իր քաղաքական ժամացոյցի սլաքները համադրելու թէ՛ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան, թէ՛ ձեւաւորուելիք Եւրասիական կամ Մաքսային միութեան ուղղութեամբ ռազմավարական համագործակցութեան տարողութեան ճշդման, թէ՛ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն ընդգրկուելուն եւ թէ՛ իրանեան ելքը իբրեւ կարեւոր բաց պատուհանի ապահովման գործընթացներուն հետ: Իսկ քաղաքական այս միտումներուն ուղղութիւններուն վրայ յայտնաբար կ՛աշխատի «թէ՛-թէ՛»-ի բանաձեւը «կա՛մ-կա՛մ»-ի փոխարէն: Այս բանաձեւին կրնանք տալ փոխլրացուցիչ, հաւասարակշիռ կամ բազմակողմ դիւանագիտութիւն բնութագրերը:
«Ա.»
aztagdaily.com







