Ակնարկ. Արժէքները Եւ Այլընտրանքայինները

Etchmiadzin_Jerusalem13Այլընտրանքային լրատուադաշտը, կամ աւելի մատչելի ընկալման համար ընկերային ցանցերը, հասանելիութեան նորանոր տարածքներ կը նուաճեն, մագլցողականութեան աննախադէպ եւ նոյնիսկ անհաշուարկելի օգտատէրերու դաշտ մուտք գործելով կայծակնային արագութեամբ եւ ինքնատարածման գերարագ մեքենականութիւններով:

Կացութիւնը հասած է հոն, որ լրատու գործակալութիւնը, մամուլի այս կամ այն տարբերակը իր նիւթերու տարածման համար ոչ թէ կը մրցի այլընտրանքային լրատուադաշտին հետ, այլ կ՛օգտագործէ զայն` իր հրապարակած նիւթերու տարածման համար: Այսօր գրեթէ չկայ թերթ կամ ընդհանրապէս զանգուածային լրատուամիջոց մը, որ Դիմատետրի իր էջերով յատուկ ճիգ չի խնայեր իր ընթերցող հասարակութեան թիւը բարձրացնելու համար: Քանակական ոստումներ կատարելու ինքնամղումէն մեկնած թերթերու ընկերային էջերը կ՛աշխատին օրն ի բուն, ժամ առ ժամ, վայրկեան առ վայրկեան մէկ ժամ առաջ իսկ թողարկուած լրատուութիւնը ժամանակավրէպ չդարձնելու համար: Ներկայ ժամանակներուն մէջ թարմացումի կշռոյթը վայրկենական է, իսկ ետ մնալը, կամ թարմացումի ժամանակակից կշռոյթը չյարգելը պարզապէս անմրցունակութեան ցուցանիշ է:

Արագութիւնն ու զգայացնցումը այսօրուան լրատուութեան արժէքային համակարգի առաջին չափանիշերը դարձած են: Մնացեալը կը թուի, թէ երկրորդական նշանակութիւն ունին: Հաւաստիութիւնը, առարկայականութիւնը, լրագրական բարոյագիտութիւնը, ինքնագրաքննութիւնը եւ նման այսօրուան ընկալումով դասականացած արժէքները այլընտրանքային լրատուադաշտին համար ժամանակը անցած «ապրանքանիշեր» են, որոնք շուկայի շատ պահանջարկ չունին:

Այս մասին տակաւին կարելի է երկար գրել, օրինակներ մէջբերել եւ դասական եւ այլընտրանքային լրատուադաշտերու մասնագիտական համեմատութիւնը կատարել: Այս նախաբանը ամփոփ բնութագիրն է այսօրուան պատկերին, պարզապէս արագ անցում կատարելու համար դէպի հայկական տեղեկատուական այլընտրաշխարհը:
Թապուներ քանդող լուր տարածելու ներկայ կարելիութիւնները կը քանդեն նաեւ այն պատնէշները, որոնք սկզբունքով պիտի սահմանազատէին մարդ անհատը եւ հաստատութեան կամ կազմակերպութեան մը լուր տարածելու կարելիութիւնները: Այսպէս. թերթ մը եթէ հազարաւոր բարեկամ ունի Դիմատետրի վրայ, շուրջ նոյնքան դիմատետրակից կրնայ ունենալ անհատը այսօր, որ հաւասար միջոցն ու հաւասար քանակը կրնայ ունենալ պաշտօնական թերթին հետ` իր խօսքը տարածելու, իր կարծիքը ընթեռնելի դարձնելու, այլ խօսքով ինքնադրսեւորուելու: Զգայացունց գրառում մը կը բաւէ, որ յանկարծ արագութեամբ աշխատին լայքերը, շերերը, ռիքոմենտները եւ գրառումը տարածուի ու տարածուի անընդհատ` հասնելով ծանօթին ու անծանօթին:

Այս մեքենական շրջանառութիւնները յաճախ ալ կը զուգորդուին մեկնաբանութիւններով, տեղի-անտեղի կարծիքներով երբեմն նիւթին մէջ չտեղաւորուող, երբեմն անտեղի հաստատումներով: Կարեւորը այն է, որ քանակի աստիճանաչափը կը հարուածուի, մարդիկ կ՛իրազեկուին այն ինչի մասին, որ օգտատէր մը կ՛ուզէ, որ համացանցային հասարակութիւնը եւ մեր պարագային ֆէյսպուքահայութիւնը իմանայ: Կշռոյթն ու տարողութիւնը հասած է հոն, որ քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարը յայտարարութիւն կատարելու փոխարէն հետզհետէ աւելի յաճախակի կը նախընտրէ Դիմատետրի կամ դայլայլիկ իր էջին վրայ գրառում կատարել, որուն յղում կը կատարեն զանգուածային լրատուամիջոցները:

Վիճարկելի չէ այն տեսակէտը, որ ժամանակակից միջոցները պէտք է օգտագործել առաւելագոյնս հայկական լրատուութիւնները տարածելու համար: Սակայն, անտառի օրէնքով կառավարուող այս տարածքներուն մէջ յաճախ կը հարուածուին մեր ազգային արժեհամակարգի յենասիւները: Ոչ հեռու անցեալին էր, որ հարուածուեցաւ մեր բանակը, երբ Եութիուպի վրայ ցուցադրուեցան հայ սպային կողմէ հայ զինուորին նկատմամբ ստորնացման նկարահանումները: Աշխարհին հասանելի դարձան նմանատիպ պատկերներ, որոնք խորքին մէջ հայ կրթահամակարգը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէին: Պատահական չէին այս հրապարակայնացումները: Կրթական ոլորտին մէջ տարածաշրջանային մակարդակի վրայ մրցանիշեր ապահովելու կամ Երեւանի` Համաեւրոպական բարձրագոյն ուսման կեդրոնի վերածման միջոցին կը կատարուէր հայ դպրոցին վերաբերող գայթակղութեան բացայայտումը: Հայկական բանակին մարտունականութեան, ընդ որում դարձեալ տարածաշրջանային առումով անգերազանցելիութեան մասին գնահատականներու ատեն, կը հրապարակուէին հայկական բանակին, հայ սպային ու հայ զինուորին նկատմամբ առնուազն ոչ բարենպաստ պատկեր ստեղծող պատկերներ:

Իսկ հիմա՞: Հայ առաքելական եկեղեցին դարձած է այլընտրանքային լրատուադաշտի առանցքային նիւթի առումով վերջին նորաձեւութիւնը: Այս մարզին մէջ անշուշտ թէ խնդիրներ կան, սրբագրելի կէտեր կան, բարեփոխութեան առաջադրանքներ կան, որոնք պէտք է քննարկել եւ առաջնորդել լուծումի: Առնենք միայն վերջին օրինակը, առանց որեւէ կողմնորոշումի: Պարզ այն հարցումը, թէ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Երուսաղէմի պատրիարքին Ամենայն հայոց վեհափառին յղած նամակը նախքան առաքուիլը կը յայտնուի նոյն այդ այլընտրանքային լրատուամիջոցի զանազան տարածքներու վրայ կը տարածուի ու կը մեկնաբանուի:

Հրապարակումները, որոնք պատշաճ ոճով եւ նոյնիսկ քննադատական մօտեցումով կը խօսին եկեղեցւոյ բարեփոխութիւններուն եւ յաւելեալ ժողովրդավարացման անհրաժեշտութեան մասին, կարելի է շատ հանգիստ եւ բնական ընկալել: Սակայն, անկախ անկէ, որ հայ եկեղեցւոյ պառակտման մասին կատարուող նկատողութիւններն ու կարծիքները կամ վարկաբեկիչ նիւթերու երեւումը կրնան նպաստած ըլլալ աղանդաւորական շարժումներու ենթահողի ձեւաւորման, հարցը պէտք է դիտարկել նաեւ քաղաքական դիտանկիւնէ:

Անթիլիասի առած պատմական ուղենշային քայլէն ետք` միջազգային օրէնսգէտներու մասնակցութեամբ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն հատուցում անցում կատարելու գիտաժողովի կազմակերպումով, երկու վեհափառ հայրապետներու պահանջատիրական միացեալ յայտարարութիւնն ու միացեալ կեցուածքը վստահաբար պիտի անհանգստացնէին շատ շատերը: Ուրեմն պէտք էր ջլատել այս համատեղումը: Որովհետեւ թէ՛ Էջմիածինը, թէ՛ Անթիլիասը, թէ՛ Երուսաղէմը եւ թէ՛ Պոլիսը իրենց նուիրապետական աթոռներուն ճամբով այսօր կը նախապատրաստուին իբրեւ իրաւատէր ու պահանջատէր ներկայանալ Անգարային` վերականգնելու համար մեր համազգային պահանջատիրութեան մէկ կարեւոր բաժինը: Ահա թէ ինչու առաւել համոզիչ կը դառնայ, որ պատահական չէ պատրիարքական աթոռէն Էջմիածին յղուելիք նամակին արխիւէն սպրդումը եւ նախքան հասցէատիրոջ հասնիլը երեւումը միեւնոյն այլընտրանքային լրատուադաշտի տարածքներուն վրայ:

Հրապարակայնութիւնը, թափանցիկութիւնը եւ տեղեկացուածութիւնը ներկայ ժամանակներուն պահանջուած կարգախօսերն են: Այս կարգախօսերու շահարկումի ճամբով ազգային արժեհամակարգին դէմ հարուած է տեղի ունեցածը այսօր, որ վաղը կրնայ կերպարանափոխուիլ եւ հարուածել միեւնոյն համակարգին այլ արժէքները, որոնք յայտնաբար թիրախի վերածուած են: Մանաւանդ որ ազգովին հատուցման պահանջատիրական թղթածրարի պատրաստութեան մէջ ենք բոլորս: Հայկական զանգուածային լրատուամիջոցները այս հանգամանքները նկատի առնելու հարկադրանքին առջեւ կանգնած են: Նաեւ այլընտրանքայինները:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել