Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Նախագահի Այցելութիւնը Ռումանիա

Garabedian_Bishop-Datev-300x22518-20 օգոստոս 2013-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ` Գասպար Կարապետեան այցելեց Ռումանիա, ուր ներկայ գտնուեցաւ Սուչավա քաղաքը գտնուող Հաճիկատար վանքի ուխտագնացութեան: Հաճիկատար վանքը կառուցուած է 1512 թուականին, թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ ռումանացիներուն կողմէ կը նկատուի հրաշագործ, եւ իւրաքանչիւր տարի հարիւրաւոր հաւատացեալներ ներկայ կը գտնուին ուխտագնացութեան: Եկեղեցական արարողութիւնները կատարուեցան թեմակալ առաջնորդ Տաթեւ եպս. Մուրատեանի կողմէ: Ներկայ էին նաեւ Ռումանիոյ կառավարութեան տնտեսութեան նախարար Վարուժան Ոսկանեան, պետական երեսփոխան Վարուժան Փամպուքճեան եւ գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահը Հայ դատի աշխատանքներուն ներկայ կացութեան շուրջ ներկայացուց դասախօսութիւն, ապա ունեցաւ զրոյց համայնքի երիտասարդական կառոյցի անդամներուն հետ` իրենց եռօրեայ սեմինարային շարքի ծիրին մէջ, որ տեղի ունեցաւ Սուչավայի մէջ:

Պուքրէշի մէջ Գասպար Կարապետեան ունեցաւ հանդիպումներ թեմակալ առաջնորդ սրբազան հօր, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ եւ տնտեսութեան նախարար Վարուժան Ոսկանեանի հետ, որոնցմէ տեղեկանալէ ետք համայնքի կացութեան եւ ներուժին մասին, քննարկեց կարելիութիւնները նաեւ Ռումանիոյ մէջ Հայ դատի աշխատանքներ ծաւալելու:

«Ռումանիոյ հայկական համայնքը մեր ամէնէն հին եւ պատմական համայնքներէն մէկն է: Դարերու ընթացքին յաջողած է պահպանել իր ազգային դիմագիծն ու արժէքները, եւ այսօր յաջողած է ունենալ պետական նախարար եւ երեսփոխան Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ: Կարեւոր է նշել, որ Ռումանիոյ պետութիւնը մեծ հոգածութեամբ կը վերաբերի մեր համայնքին հետ` պահպանելով հայկական եկեղեցական ու մշակութային ժառանգութիւնները եւ լուրջ գումարներ տրամադրելով համայնքին` իրագործելու համար իր ծրագիրները: Մենք յայտնեցինք մեր պատրաստակամութիւնը մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակելու շրջանին մէջ աշխուժացնելու Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները եւ գոհունակութեամբ հաստատեցինք, որ համայնքին կրօնական եւ աշխարհական ղեկավարութիւնը պատրաստ է սատարելու այդ ազգանուէր առաքելութեան», շեշտեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել