Մեծարել Արժանաւորը

Apo-PhotՄուշեղ Իշխանի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ, գաղութիս մէջ համերաշխութեան, համագործակցութեան նոր գեղեցիկ պատկեր մը պարզուած է՝ յանձինս Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի եւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանականներու ընկերակցութեան: Հոկտեմբեր 6ին այս երկու միութիւնները կը հրաւիրեն Մուշեղ Իշխանի շունչով դաստիարակուած բոլոր աշակերտները, Մուշեղ Իշխանի գրականութեամբ տոգորուած բոլոր գրասէրները, Մուշեղ Իշխանի մարդկային, մանկավարժական ու գրական արժանիքները խնկարկող բոլոր հայորդիները:

Պատշաճ կերպով գնահատելու, զանոնք կամ անոնց յիշատակը պանծացնելու նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկները ողջունելի են, եւ ուրախութեամբ կը դիմաւորենք մշակոյթի ամիս Հոկտեմբերը, որ պիտի բացուի հայ գրականութեան արդի շրջանի մեծագոյն դէմքերէն մէկուն նուիրուած հանդիսութեամբ:

«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը Մուշեղ Իշխանի ծննդեան հարիւրամեակի այս ձեռնարկի յաջողութեան նպաստելուն մէջ իր բաժինը պիտի բերէ: Այս առթիւ, թերթը պիտի հրատարակէ յատուկ թիւ մը, որուն մէջ կրնաք բաժին բերել նաեւ դուք:

Այս յատուկ թիւին մէջ պիտի ընդգրկուի Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծութիւններէն ընտրանի մը: Այս բաժինին կրնաք ձեր ներդրումը ունենալ՝ խմբագրութեանս առաջարկելով ձեր նախասիրած գործերէն մէկը կամ մի քանին: Վերջնական ընտրութեան իրաւունքը, անշուշտ, խմբագրութեան կը մնայ:

Յատուկ թիւի երկրորդ մասով կը ծրագրենք ներկայացնել Մուշեղ Իշխանի գրականութեան ու անոր վաստակին արժեւորումներ, վկայութիւններ: Կը հրաւիրենք մեր աշխատակիցները եւ համայնքիս մտաւորական շրջանակները իրենց ներդրումը բերելու այս բաժինին՝ ակնարկով, վերլուծական, քննական յօդուածներով ու վկայութիւններով:

Այս թիւը պիտի հրատարակենք 12,500 տպաքանակով, հայ գրողի մը վաստակէն պատառիկ մը առաւելագոյն թիւով տարածելու նախանձախնդրութեամբ: Այս ծրագիրը իրականացնելու համար, կարիքն ունինք հովանաւորներու: Կը դիմենք բոլոր անոնց, որոնք կը գնահատեն մեծ ուսուցիչին, գրողին ու մտաւորականին յարգանքի այսօրինակ տուրք տալու «Ասպարէզ»ի ճիգը:

Մուշեղ Իշխանին նուիրուած այս յատուկ թիւը լոյս պիտի տեսնէ հարիւրամեակի հանդիսութեան նախօրէին՝ Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերին:

Դարձեալ կ՛ողջունենք «Թէքէեան»ն ու Համազգայինի շրջանակը եւ այսօրինակ գործակցութեանց նոր օրինակներու կը սպասենք անհամբեր:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

28/08/2013

Տպել Տպել