Ապատեղեկատուութիւն. Խորհրդային Միութեան Ժամանակաշրջանին Կատարուած Ապատեղեկատուութիւն

Lenin_Fotolur_1Խորհրդային Միութեան (կայսրութեան) ժամանակաշրջանին, երբ մէկ կողմէ երկաթէ վարագոյրով պատուած էր ամբողջ Խորհրդային Միութիւնը, իսկ միւս կողմէ` պաղ պատերազմի պայմաններուն մէջ ապատեղեկատուութեան տարածումը ինքնաբերաբար իր գագաթնակէտին հասած էր: Այստեղ մեր կողմնորոշումը բնականաբար պիտի ըլլայ համայնավարներու տարած աշխատանքին եւ անոնց խեղաթիւրած լուրերուն, յատկապէս ՀԽՍՀ (Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն) եւ Քա.Կէ.Պէ. (գաղտնի սպասարկութիւն` Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին գործած, ինչպէս նաեւ այսօր ալ կը գործէ) գործակցութիւնը ընդդէմ ազգային եւ հայրենասէր հայերու (ՍՍՀՄ-ին մէջ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ու անոր համակիրներուն հանդէպ:

1935-1938 տարիները ստալինեան անխնայ մաքրագործումներու եւ սպիտակ եղեռնի ահաւոր ժամանակաշրջան եղան: Հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր սերուցքը դարձեալ զոհաբերուեցաւ Հայաստանն ու հայութիւնը գլխատելու ահաւոր ոճրագործութեամբ մը, բայց այս անգամ` արդէն ոչ թուրք, այլ հայանուն եւ հայութենէ պարպուած պոլշեւիկ չեկիստներու ձեռքով:

Այստեղ տեղին է նշել Չարենցը, որ ողբերգական վախճան ունեցաւ անոր իր մահուան մասին ապատեղեկատուութիւն տարածուեցաւ:

Ստալին 1920-էն սկսեալ փորձեց եւ անընդհատ հետապնդեց խորհրդայնացումը Հայաստանի ու հայութեան, բայց միշտ ալ Հայաստանի եւ հայութեան մէջ գտաւ ինչ-որ «ազգայնական», «պուրժուա» եւ մանաւանդ… «դաշնակ» բան մը, որուն արմատախիլ «մաքրագործում»-ը պետական եւ, այսպէս կոչուած, կուսակցական իր շահերուն «գերագոյն առաջնահերթութիւն»-ը հռչակեց:

Այս բոլորին պիտի յաջորդէր 10-11 ապրիլ 1938-ի գիշերը Ս. Էջմիածնի մէջ, օրուան Ամենայն հայոց Խորէն Ա. Մուրատբէկեան կաթողիկոսին խեղդամահ ըլլալը ննջասենեակին մէջ, եւ հետագային տակաւ կը բացայայտուին մութ ծալքերը այդ անլուր ողբերգութեան: Այդուհանդերձ, ատենին իսկ բացայայտուած պատմական փաստ եւ դաժանագոյն իրողութիւն է, որ այդ գիշեր հայոց վեհափառը խեղդամահ գտնուեցաւ իր անկողնին մէջ:
Բայց հայոց հայրապետին խեղդամահ սպանութեան եւ անոր շուրջ պաշտօնապէս պարտադրուած ապատեղեկատուութեան հետեւանքը եղաւ, յատկապէս սփիւռքի տարածքին, հայ ժողովուրդի ներքին պառակտուածութեան աւելիով խորացումը: Խորէն կաթողիկոսին վախճանումը բնական պատճառներու վերագրող խորհրդային քարոզչութեան կամակատար հետեւորդները, իբրեւ հակադրութիւն սփիւռքեան գաղութներու մէջ յառաջացած խոր ընդվզումին, փորձեցին կատարուած սրբապղծութիւնը ծածկել` հակադաշնակցական պայքարի սաստկացման նոր ալիքի մը տակ հերքումի ելքեր փնտռելով… Եւ այդպէ՛ս, Ս. Էջմիածնի մէջ 10-11 ապրիլ 1938-ին գործուած սրբապիղծ ոճրագործութիւնը բացայայտող ու դատապարտող Ատրպատականի հայոց էջմիածնական թեմի առաջնորդին հետեւողական պնդումները հռչակեցին «դաշնակցական յերիւրանք»:

Միւս կողմէ, կարելի է յիշել նաեւ իր ժամանակէն վեր բարձրացած եւ բոլոր ժամանակներուն համար հայոց սերունդներուն ներշնչման աղբիւր դարձած ազգային հերոս եւ հայու կամքին եւ գաղափարի Ուժին դաշնակցական մարմնաւորումը հանդիսացող Գարեգին Նժդեհը: Որքան ալ ժամանակը անցնի եւ որքան ալ հնաբոյր թէ նորելուկ գաղափարախօսներ փորձեն Դաշնակցութենէն դուրս եւ հարկադրաբար Դաշնակցութեան գովքը հիւսել Նժդեհի գործին եւ պատգամին, ըստ ամենայնի բան չի փոխուիր պատմական դառն ու դաժան այն իրողութենէն, որ պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ անպարտելի դաշնակցական Գարեգին Նժդեհը զոհ գնաց պոլշեւիզմի, այլեւ խորհրդայիններու հակադաշնակցական մոլուցքին ու մինչեւ օրս տակաւին կը հրապարակուին գիրքեր եւ յօդուածներ` ապատեղեկատուութիւն տարածող:

Խորհրդային Միութեան մէջ թափ առած Լեռնային Ղարաբաղի ազգային ազատագրութեան շարժումը 1987 թուականի սեպտեմբերին Լրագրողներու եւ Գրողներու միութիւններու սրահներէն տեղափոխուեցաւ հրապարակ` սկզբնաւորելով տասնեակ հազարաւորներու մասնակցութեամբ հանրահաւաքները:

Քա.Կէ.Պէ.-ն ազգային ազատագրութեան շարժման այս թափը տեղափոխեց բոլորովին մէկ այլ հունի մէջ` ապատեղեկատուութիւն տարածելով, թէ իբր` եթէ հայ ժողովուրդը պահանջէ, ապա Մոսկուան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղը վերամիացնելու Հայաստանին: Այս մէկը հերթական կեղծիք էր եւ նպատակ ունէր շեղել ոտքի ելած հասարակութիւնը ազատագրութեան բուն նպատակէն, միաժամանակ Խորհրդային Միութիւնը նոր դիմակով մը միջազգային հասարակական կարծիքը մոլորեցնելու համար:

Տարիներ վերջ նաեւ տակաւին ի յայտ կու գայ, որ պոլշեւիզմի տապալումով հանդերձ, տակաւին չանհետացաւ պոլշեւիկութիւնը: Նոյն պատմաշինական առասպելներն ու թապուները կը գործեն նաեւ այսօր: Եթէ անցեալին հակադաշնակցական պայքարին մէջ կը տիրէր պատմագիտական անծայրածիր խաւարը, ապա այսօր լոյսն ու մութը յաճախ իրարու հետ հանդէս կու գան` նողկանք ու ձանձրոյթ պատճառելով:

Օրին, «Մարտկոցական» եւ «Տարօնական» շարժումները, որոնք գոյութիւն ունէին, հիմնականին մէջ ձեւաւորուած են օրուան քաղաքական մթնոլորտին մէջ եւ ուղղուած են ՀՅԴ-ի վարած քաղաքականութեան դէմ:

«Մարտկոցական» շարժումը, ըստ էութեան, խորհրդայնամէտ շարժում էր, իսկ «Տարօնական»-ը` նացիամէտ: Այդ շարժումները, բոլորն ալ, մարած են իրենց ծնունդ տուող գործիչներու քաղաքական ասպարէզի աւարտով:

«Մարտկոցական»-ը, վերանուանուելով «Ամրոցական», ի վերջոյ մարեցաւ 1960-ականներուն, իսկ «Տարօնական»-ը անհետացաւ նացիականութեան փլուզումով: Այդ շարքին կարելի չէ դասել ցեղակրօն ուխտերը, որոնք ոչ թէ առանձին շարժման մաս եղած են, այլ եղած են ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցի միաւորներ եւ վերանուանուելով «Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւն»` կը գոյատեւեն մինչեւ այսօր:

Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին հրատարակուեցան հազարաւոր պարբերականներ եւ գիրքեր, որոնք մեծ ներդրում ունեցան ապատեղեկատուութիւն տարածելու մէջ. հոս կու տանք օրինակ մը միայն. 1986-ին Երեւանի մէջ հրատարակուած Ռ. Մարտիրոսեանի «Դաշնակցութեան հակաժողովրդական գործունէութիւնը Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի տարիներին»: Այս գիրքը ամբողջութեամբ արդէն խեղաթիւրուած լուրեր են, վերոնշեալ գիրքին սկիզբի բաժնին մէջ գրուած է «Ներկայ ուսումնասիրութեան մէջ բացայայտուած է Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի տարիներին Դաշնակցութեան եւ նրա պարագլուխների հակաժողովրդական գործունէութիւնը: Գրքում մերկացուած են դաշնակցական բոլոր այն տեսաբանները, որոնք փորձել են խեղաթիւրել իրականութիւնը եւ այդպիսով, թաքցնել դաշնակցութեան` ֆաշիզմի գործակալ լինելը»:

Այս հրատարակութիւնն ալ, ինչպէս վերը նշուած օրինակները, բաւական հմտութեամբ եւ վարպետօրէն ներկայացուած է. հեղինակը իբր թէ ճիշդ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ. գիրքին սկիզբը արդէն ընթերցողին հետաքրքրութեան ախորժակը կը բանայ եւ կը կողմնորոշէ, յատկապէս երբ կը գրէ. «Մերկացուած են դաշնակցական բոլոր այն տեսաբանները, որոնք փորձել են խեղաթիւրել իրականութիւնը»: Այս եւ այլ հրատարակութիւններու պարունակութեան մասին շատ բան կարելի է ըսել, սակայն հոս մէկ բան կարելի է ընդգծել, որ այսօր արդէն ժամանակավրէպ դարձած են այդ գիրքերը պոլշեւիկներու Խորհրդային Միութեան փլուզումով իսկ: Բոլորը իբրեւ գործակալներ ժամանակաշրջանի մը համար իրենց պարտականութիւնը կատարեցին ու այսօր անհետացած են արդէն: Սակայն ՀՅԴաշնակցութիւն կուսակցութիւնը կը շարունակէ իր ընթացքը:

Խորհրդային շատ լրագրողներ ու լրատուամիջոցներ զբաղեցան հակալրագրութեամբ` ապատեղեկատուութիւն տարածելով. կը կատարէին Քա.Կէ.Պէ.-ի պատուէրը, որ վարկաբեկեն այլախոհները` փորձելով անոնց գործունէութիւնը կապել օտարերկրեայ գործակալութիւններու հետ, այնպէս ալ այժմ որոշ լրատուամիջոցներ վերածուած են իշխանութեան վերին օղակներու պատուէրներ կատարող գործիքներու:
(Շար. 3)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
aztagdaily.com

Տպել Տպել