14 Սեպտեմբեր 1915. Մուսա Լերան Հերոսամարտին ոգեպնդող աւանդը

1915i ngar_14-9-13 12-14 Սեպտեմբեր 1915ին, աւելի քան 4 հազար հայ մարդիկ՝ մանուկ եւ ալեհեր, կին թէ տղամարդ, իրենց զէնքերով եւ փոխադրելի ինչքերով, ապաստան գտան ֆրանսական 5 մարտանաւերու վրայ եւ հեռացան իրենց հայրենի դարաւոր ոստանէն՝ Մուսա լերան գիւղերէն։

Անոնք հայրենիքը կամովին լքողներ չէին։ Ընդհակառա՛կը. պապենական հողին կառչած հայեր էին, որոնք ամբողջ 40 օր անհաւասար կռիւ մղեցին օսմանեան զօրքին դէմ՝ սեփական հողին վրայ խաղաղօրէն ապրելու եւ արարելու իրենց ազգային բնական ու անբռնաբարելի իրաւունքին պահպանման, ամրագրման համար։

Անոնք յաղթանակով պսակեցին 40 օրերու իրենց հերոսամարտին օրհասական ճակատումի բոլոր պահերը, երբ խիզախօրէն դիմագրաւեցին եւ յետ մղեցին թրքական զօրքի յարձակումները։
village vakef musadagh_14-9-13
Բայց ինչպէս այլուր՝ Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ այսօր թրքական բռնագրաւման տակ ինկած հայապատկան հողերու ամբողջ տարածքին, հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրին դէմ զէնք բարձրացուցած հայկական միւս արծուեբոյներուն պէս, Մուսա Լերան լանջերուն տարածուած իրենց գիւղերէն հաւաքաբար լերան գագաթը բարձրացած եւ անառիկ ամրոց հաստատած մուսալեռցիները ի վերջոյ առանձին էին։ Դիմադրութեան եւ ինքնապաշտպանութեան կղզեակ մըն էին ողջ Արեւմտեան Հայաստանը եւ Կիլիկիան հարուածած տարագրութեան ու կոտորածներու ցեղասպանական ծովուն մէջ։ Մանաւանդ որ փամփուշտն ու սնունդը հատնելու վրայ էին, իսկ ոսոխը անընդհատ կը վերանորոգէր իր շարքերը՝ ինկողներուն տեղ նոր ուժեր կը հասցնէր եւ լեռն ի վեր յարձակումը անընդհատ կը շարունակէր։

Օգնութեան եւ փրկութեան միակ յոյսը Միջերկրական ծովն էր, որուն բացերուն պարբերաբար կþերեւէին ֆրանսական մարտանաւեր, որոնք թէեւ օսմանեան բանակին հետ ընդհանուր պատերազմի մէջ էին՝ Դաշնակից ուժերու շարքին, բայց ռազմական գործողութեանց յատուկ ծրագիր չունէին ուղղակիօրէն Աղեքսանտրէթի նահանգին եւ Սուէտիոյ գաւառակին վերաբերեալ, ուր կը գտնուէր Մուսա լեռը։

Այդ պատճառով ալ, երբ Մուսա լերան հայութեան հերոսական ինքնապաշտպանութեան բռնկումէն 40 օր ետք ֆրանսական ծովուժը պատրաստակամութիւն յայտնեց առժամաբար տեղափոխելու եւ թրքական ցեղասպանութեան վտանգէն փրկելու աւելի քան 4 հազար մարտնչող հայերը, մուսալեռցիք ընդառաջեցին եւ հեռացան իրենց հայրենի ոստանէն։

Սկզբնապէս դէպի Կիպրոս ուղղուեցան Մուսա լերան հայութիւնը փոխադրող ֆրանսական մարտանաւերը, բայց Կիպրոսը ի վիճակի չէր պատսպարելու այդքան մեծ թուով նոր գաղթականութիւն։ Եգիպտոսի Փոր Սայիտ նաւահանգիստը երկրորդ ընտրանքն էր, ուր եւ տեղափոխուեցաւ Մուսա լերան հայութիւնը։

Մինչեւ 1919 եւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտը, մուսալեռցիք գաղթական ապրեցան Փոր Սայիտի մէջ, վրաններու տակ։ 1919ին անոնք մեծ մասով վերադարձան իրենց հայրենի ոստանները, ուր մնացին մինչեւ 1939, երբ Սուրիոյ եւ Անտիոքի հոգատարութիւնը ստանձնած Ֆրանսան այդ շրջանները… յանձնեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան։

1939ին Մուսա Լերան հայութիւնը վերջնականապէս հեռացաւ 10րդ դարէն սկսեալ իր շէնցուցած պապենական օճախէն։ Մեծ մասը տեղափոխուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Այնճար՝ Լիբանան։ Որոշ մաս հետագային ներգաղթեց Հայաստան։ Իսկ նոյնինքն Մուսա լերան գիւղերէն միայն Վագըֆի մէջ հայեր շարունակեցին ապրիլ՝ մինչեւ մեր օրերը հայկական հետքեր պահպանելով։

Մուսա լերան հերոսամարտը, անշո՛ւշտ, միակը չէր իր տեսակին մէջ՝ 1915ին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած թրքական ցեղասպանութեան շրջանին։ Սասունն ու Վանը, Ուրֆան եւ Շապին Գարահիսարը, Հաճընն ու հայկական միւս աւանները իւրովի մարմնաւորեցին ու շնչաւորեցին հայ ժողովուրդին դիմադրական ոգին եւ հերոսական ծառացումը ցեղասպան ոսոխին դէմ։ Բայց թէ՛ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպով գրականօրէն անմահանալով, թէ՛ հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրին հերոսական խոյանքին վաւերական մանրանկարը շնչաւորելու իր հանգամանքով՝ ինչպէս հետագային Վահան Թէքէյեան պիտի գրէր իր ծանօթ բանաստեղծութեան մէջ, Մուսա լեռը իր հայկական փոքր գիւղերով «անհունօրէն մեծցաւ»…

Եւ ինչպէս որ տասնամեակներ ետք Մուսա Լերան արժանաւոր զաւակներէն՝ դաշնակցական տարաբախտ ղեկավար գործիչներէն Սարգիս Զէյթլեան դիպուկ շեշտադրումով մը եւ պատկերաւոր ձեւով պիտի ընդգծէր, Մուսա լերան հերոսամարտը եղաւ ովկիանոսի այն կաթիլը, որ բաւարար է ստուգելու եւ ճանչնալու համար ամբողջութեան՝ հայ ժողովուրդի հերոսական նկարագրին ճշգրիտ բաղադրութիւնը։

Այսպէ՛ս, Մուսա լերան հերոսամարտը, իր բոլոր հանգրուաններով եւ ծալքերով, հարազատօրէն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմական ճակատագրին փառքն ու ողբերգութիւնը։

«Ճեպէլ Մուսա» («Մովսէսի լեռ») արաբերէն անուանումէն կու գայ Մուսա լեռը, որ մաս կը կազմէ Ամանոս լեռնաշղթայի հարաւային ճիւղաւորումին արեւմտեան բաժնին։ Ինկած Որոնդէս գետի հիւսիսային ափին, անտառախիտ ու կանաչապատ այդ փոքրիկ լեռնաշղթան կը խրի Միջերկրականի ջուրերուն մէջ, աւարտելով Րաս էլ Խանզիր («Վարազի գլուխ») հրուանդանով։ Լեռնաշղթային արեւելեան բաժինը կþիշխէ Անտիոք քաղաքին վրայ։

Մուսա լերան բարձունքներուն եւ Որոնդէս գետի ափերուն միջեւ երկարող տարածութեան վրայ, պատմական Սելեւկիա նաւահանգիստի մերձակայքը, 10րդ դարէն սկսեալ հայեր բնակութիւն հաստատած եւ շէնցուցած են վեց գիւղեր՝ Պիթիաս, Հաճի Հապիպլի, Եողուն Օլուգ, Խտըր Պէյ, Վագըֆ եւ Քեպուսիէ։ 1915ին, վեց գիւղերու հայութեան ընդհանուր համրանքը կþանցնէր վեց հազարը։ Երբ օսմանեան կառավարութիւնը Դաշնակիցներու դէմ պատերազմի գօտի հռչակեց ամբողջ շրջանը եւ Սուէտիոյ գաւառապետը իբր «սրտցաւութեամբ» Մուսա լերան հայերուն տեղահանութիւն «առաջարկեց», այսպէս կոչուած «աւելի ապահով շրջաններ» ժամանակաւորապէս պատսպարուելու համար, շուրջ երկու հազար մուսալեռցիներ հաւատացին թրքական կեղծ «հոգատարութեան», ընտրեցին տարագրութեան ճամբան եւ մեծ մասով կորսուեցան։ Մնացեալ աւելի քան չորս հազարը, ի մի գալով եւ երկարատեւ խորհրդակցութիւններ ու վէճեր ունենալով՝ տեղահանութեան «առաջարկ»ը ընդունելու կամ մերժելու դիրքորոշումներուն շուրջ, վերջապէս յանգեցաւ ամբողջ ժողովուրդով լերան գագաթը բարձրանալու եւ թրքական հաւանական յարձակման վտանգը դիմագրաւելու եզրակացութեան։

Յուլիս 31ին սկսաւ բոլորով – տուն-տեղ լքած եւ փոխադրելի ինչքերը հակ կապած ու շալկած – դէպի լերան գագաթը բարձրանալու եւ դիրքաւորուելու դժուարին, այլ հերոսական գործողութիւնը։

Ճիշդ է, այդ խորհրդակցութեանց մասնակիցները վեց գիւղերուն երեւելի ու հեղինակաւոր՝ ներկայացուցչական դէմքերն էին, բայց ամբողջ Մուսա լերան հայութիւնը իր խօսքը ունեցաւ տրուած որոշումին մէջ։ Փաստօրէն ամբողջ հերոսամարտի ընթացքին եւ այնուհետեւ ալ, Փոր Սայիտի մէջ գաղթականութեան շրջանին թէ Մուսա Լեռ իրենց վերադարձէն ետք, նաեւ՝ պապենական օճախին վերջնական պարպումէն եւ Այնճար հաստատուելէն ասդին, մուսալեռցիներու ազգային-հասարակական կեանքին ակնբախ առանձնայատկութիւններէն մէկը եղած է իրենց հաւաքական ընտրանքները, որոշումները եւ քայլերը խորհրդակցաբար ու համաժողովրդային մասնակցութեամբ կայացնելու աւանդոյթը։

Գիւղական համայնական կեանքի դրական այդ երեւոյթը մեծապէս նպաստեց, որպէսզի լեռ բարձրացած չորս հազարէ աւելի ժողովուրդը իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ հերոսամարտին՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան եւ հնարաւորութիւններուն համապատասխան նուիրումով։ Այդ մթնոլորտը նաեւ օգնեց, որ առանձին դէմքեր ու անհատականութիւններ ճառագայթող հեղինակութիւն դառնան եւ ղեկավար դեր ստանձնեն ինքնապաշտպանութեան անհաւասար ուժերով կռուի ամբողջ 40 օրերուն ընթացքին։ Այդպէ՛ս է, որ Մուսա լերան հերոսամարտը ունեցաւ իր փայլուն դէմքերը, որոնք արժանաւորապէս ղեկավարեցին մարտնչող ժողովուրդը եւ պատմութեան անցան փառքի դափնեպսակով, ինչպէս պատուելի Տիգրան Անդրէասեան (ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական մարմնի նախագահը), Մովսէս Տէր-Գալուստեան (նոյն մարմնի անդամ ու զինուորական խորհուրդի ղեկավարը), հերոս մարտիկ Եսայի Եաղուպեան եւ ուրիշներ։

Նաեւ յանուն պատմական ճշմարտութեան պէտք է աւելցնել, որ 1890ականներէն սկսեալ Մուաս լերան հայութիւնը ազգային-ազատագրական զարթօնքի արագընթաց փուլ մը ապրեցաւ, որ իր բարերար անդրադարձը ունեցաւ ընդհանուր տարագրութեան ընդդիմանալու մուսալեռցիներու վճռականութեան դրսեւորման վրայ։

1890ականներուն Հնչակեան կուսակցութիւնն ու Վերակազմեալ Հնչակեանները, իսկ 1900ականներու սկզբնաւորութեան յատկապէս Դաշնակցութիւնը արագ տարածում գտան երիտասարդ մուսալեռցիներու մօտ։ 1908ին արդէն, Դաշնակցութիւնը կազմակերպական իր աշխոյժ կառոյցը ստեղծած էր, որուն շարքերէն գալով, տակաւին երիտասարդ, Մովսէս Տէր-Գալուստեան վճռորոշ դեր ունեցաւ ինչպէս 1915ի հերոսամարտին, այնպէս ալ մուսալեռցիներու հետագայ կեանքի հունաւորման եւ ղեկավարման մէջ։

Ինքնակազմակերպման ու ինքնապաշտպանութեան այդ քայլերուն պսակումը եղաւ Մուսա Լերան 40 օրերու հերոսամարտը, որ այնքան գեղեցկօրէն գրականացուած ու յաւերժութեան յանձնուած է Վերֆէլի աշխարհահռչակ վէպով։

Սահմանափակ թուով զէնքերով եւ փամփուշտներով սկսած ինքնապաշտպանական կռիւը կրցաւ իր յաղթական երթը պահպանել՝ շնորհիւ մուսալեռցիներու խիզախութեան ու մարտունակութեան։ Ռազմական իւրաքանչիւր յաղթանակի հետ, մարտնչող հայերը կրցան հզօրացնել զէնքի եւ փամփուշտ իրենց ուժը‘ պարտութեան մատնուած թշնամիին իսկ զէնքերով ու զինամթերքով։ Իսկ ժողովուրդը կրցաւ հողին բարիքները առաւելագոյնս օգտագործել, լերան բարձունքին իր օրաւուր սնունդը ապահովելու համար։

Վերջապէս, Մուսա լերան հերոսամարտին անբաժան մասը կը կազմէ ֆրանսական Կիշէն մարտանաւը, որ Օգոտոսի 10ի շուրջ առաջին անգամ երեւցաւ ծովուն բացերը։ Մուսալեռցիք իրենց յատուկ աղերսագրիրը՝ զէնք, զինամթերք եւ սնունդ ստանալու կամ, այլապէս, նաւով տեղափոխուելու խնդրանքով, քանի մը լողորդներով հասցուցին ֆրանսական մարտանաւ։ Կիշէնի հրամանատարը խոստացաւ աղերսագիրը հասցնել իր կառավարութեան եւ հեռացաւ ու շաբաթներ տեւեց, մինչեւ որ վերադառնայ եւ բերէ Փարիզի պատասխանը, որ մուսալեռցիներու տեղափոխութեան տրուած համաձայնութիւնն էր։

Սեպտեմբեր 9ին Կիշէն մարտանաւը, Տեսեքս մարտանաւի ընկերակցութեամբ, խարսխեց ծովուն բացերը եւ սկսաւ ռմբակոծել թրքական դիրքերը։ Միաժամանակ մակոյկով ծովափ եկաւ ֆրանսացի հրամանատարը եւ մուսալեռցիներու հետ վերջնական բնոյթ տուաւ լերէն ծովափ իջնելու եւ մարտանաւեր փոխադրուելու գործողութեան։ Մարտնչող հայորդիներուն պարպումի գործողութիւնը սկսաւ Սեպտեմբեր 12ին եւ տեւեց երկու օր։ Մինչ այդ ծովուն բացերը հասած էին եւս երեք մարտանաւ՝ Տեսթրէ, Ամիրալ Շարնէ եւ Ֆոտրը։ Լերան գագաթին, կռուող խումբեր հսկեցին թրքական շարժումներուն վրայ, մինչեւ որ նախ ժողովուրդը իջնէ ծովափ եւ տեղաւորուի մարտանաւերուն վրայ, ապա իրենք՝ վերջին կռուողներն ալ միացան իրենց հարազատներուն եւ այդպէս մուսալեռցիք հեռացան դէպի Միջերկրականի բացերը։

Այդ օրէն ի վեր, ամէն Սեպտեմբերի կիսուն եւ Ս. Խաչի տօնին առիթով, աշխարհի չորս ծագերուն, բայց յատկապէս Այնճարի (Լիբանան) եւ Նոր Մուսա Լեռի (Հայաստան) մէջ, Մուսա լերան հերոսական հայութեան ժառանգորդներուն հետ, ամբողջ մեր ժողովուրդը կ’ոգեկոչէ հայոց պատմութեան այս հպարտառիթ հերոսամարտին յիշատակը՝ սերունդներուն պատգամելով, որ պէտք չէ հաւատալ թրքական կեղծիքին եւ պատրաստ պէտք է ըլլալ, ի հարկին զէնքի ուժով, դիմադրելու Թուրքիոյ ցեղասպանական սադրանքներուն։

Ն.
azator.gr

Տպել Տպել