Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ պնդեց, որ Հայաստանի նախագահը «տակաւին կը շարունակէ տարածքային պահանջներ ներկայացնել դրացի երկիրներուն»:
Պաշտօնական Պաքու շատ կտրուկ արձագանգեց չորեքշաբթի օր Սթրազպուրկի մէջ Հայաստանի նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլլայեւ յայտարարեց, որ «Սերժ Սարգսեան միջազգային հանրութեան դիմաց նորէն խոստովանեցաւ, որ նախայարձակ երկրի նախագահ է եւ տակաւին կը շարունակէ տարածքային պահանջներ ներկայացնել դրացի երկիրներուն»:
Ապտուլլայեւ ԱՓԱ լրատուական գործակալութեան յայտնեց, որ սպառնալով Ազրպէյճանին` Սարգսեան կը սպառնայ ամբողջ շրջանի ապահովութեան, օգտագործելով միջազգային կազմակերպութեան ամպիոնը` թիւրիմացութեան մէջ կը ձգէ միջազգային հանրութիւնը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ Հայաստանի նախագահը չի հասկնար, որ բանակցային հոլովոյթի ձեռնածութիւները, տագնապի լուծման ձգձգումները շատ բացասաբար կ՛անդրադառնան ամբողջ շրջանի ապահովութեան վրայ, յատկապէս` Հայաստանի վրայ:
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Սամետ Սեյիտով, որ հարցում ուղղած էր Հայաստանի նախագահին, լրագրողներուն յայտնեց, որ Հայաստան տարածքային պահանջներ կը ներկայացնէ դրացի երկիրներուն, մասնաւորաբար` Թուրքիոյ, Վրաստանին եւ «Ազրպէյճանի 20 տոկոսը գրաւած է»:
Իբրեւ «ապացոյց»` Սեյիտով յայտնեց, որ Հայաստանի զինանշանին վրայ Թուրքիոյ տարածքին վրայ գտնուող «Աղրը տաղն է», ինչպէս թուրքերը կը կոչեն Արարատ լեռը: Ըստ ազրպէյճանցի պատգամաւորին, ատիկա կը նշանակէ, որ Հայաստան Թուրքիայէն տարածքային պահանջ ունի:
Չորեքշաբթի օրը Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարին այն դիտարկման, թէ Հայաստան գրաւած է Ազրպէյճանի 20 առ հարիւրը, Սերժ Սարգսեան բաւական կարծր պատասխան տուած էր` ըսելով, որ Ազրպէյճանի յարձակումին պարագային այդ երկիրը աւելի մեծ տարածքներ կրնայ կորսնցնել:
Էլման Ապտուլլայեւ
aztagdaily.com







