Վտանգաւոր Եռանդ

Apo-PhotօԱտրպէյճան ունի պաշտպանութեան նոր նախարար մը, որ կարծէք յաւակնութիւնն ունի դառնալու պատերազմի նախարար:

Նշանակուելէն ի վեր արդէն իսկ երկու անգամ ճակատային դիրքեր այցելած այս նախարարը, իր պաշտօնական հանդիպումներուն ընթացքին չի մոռնար շեշտել «գրաւուած տարածքները ազատագրելու» իր յանձնառութեան վճռականութիւնը:

Վստահ ենք, որ Զաքիր Հասանով, որ իր նախկին՝ Ատրպէյճանի ներքին զօրքերու հրամանատարի պաշտօնին վրայ գտնուած ժամանակ իսկ, իր ուժերով Արցախի վրայ յարձակելու պատրաստակամութիւն ցոյց տուած էր եւ հաւանաբար այդ եռանդն էր, որ երկրի նախագահին կողմէ վարձատրուած էր նախարարի դիրքով, անկեղծ է իր սպառնալիքը գործադրելու ցանկութեան մէջ: Այսուհանդերձ, զօրավար Սատիքով պարտաւորուած է նախ ծանօթանալու իր ստացած ժառանգութեան.

– Բանակ մը, որ զինուած է քարիւղի տոլարներուն տրամադրած ամէն տեսակի կատարելագործուած ռազմական սարքերով, որոնց յուսալիութիւնը խիստ կասկածելի է՝ նկատի առնելով գնումները կատարող պաշտօնեաներուն անյագուրդ ախորժակները:

– Բանակ մը, որ իր հրամանատարական կազմին հանդէպ մեծ հաւատք ունենալու ոչ մէկ հիմք ունի եւ ուրեմն՝ այդ կազմի ղեկավարութեամբ մարտունակ հայկական բանակին դէմ դուրս գալու ոգեւորութեամբ չի փայլիր:

– Բանակ մը, որուն գլխաւոր հրամանատարը, պաշտօնավարման երկու շրջան գործած է միայն իր իշխանութիւնը ամրապնդելու եւ իր ու իր մօտիկներուն քսակները լեցնելու տենդով:

– Բանակ մը, որ ըստ էութեան՝ չ՛ուզեր կռուիլ:

Այս ծանր ժառանգութեան տէր Սատիքով, իր եռանդագին ճիգերով կրնայ ատրպէյճանական բանակի մարտունակութիւնը բարձրացնել ջանալ՝ ճակատ կատարուած առաւել յաճախակի այցելութիւններով, կաշառակեր պաշտօնեաներու դէմ պատժական միջոցառումներով, սպառազինութեան առաւել կատարելագործումով, եւ ի վերջոյ՝ զայն հասցնելով պատերազմի պատրաստ կարգավիճակի: Այսուհանդերձ, ան չի կրնար անտեսել ամէն օր հայրենի հողը պաշտպանելու վճռականութեամբ դիրքաւորուած յաղթական հայկական բանակը, որուն առաջնորդող սկզբունքը ոչ մէկ վտանգ թերագնահատելն է, աւելի եւս՝ թշնամի բանակի նոր պատասխանատուին եռանդը արհամարհելը:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com
13/11/2013

Տպել Տպել