«Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ԻՍԼԱՄԱՑ(ՈՒ)ԱԾ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ (Պոլիս, Վոսփոր - Պողազիչի համալսարան)

Բացման զրոյցի պահը. կեդրոնը՝ Ֆ. Չէթին

Բացման զրոյցի պահը. կեդրոնը՝ Ֆ. Չէթին

Նոյեմբերի առաջին օրերուն, Պոլիս, տեղի ունեցաւ ակադեմական բնոյթի միջազգային գիտաժողով մը՝ «Իսլամաց(ու)ած հայերու մասին», մասնակցութեամբ բազմատասնեակ զեկուցողներու եւ ներկայութեանը՝ հարիւրաւոր ունկընդիր-հետեւողներու, եւ որ նաեւ սփռուեցաւ Համացանցով:

Աթենահայ Յարութիւն Քիւրքճեան, իբր մշակութային դիտորդ Պոլիս մեկնած եւ հետեւած ըլլալով գիտաժողովին, հոս կը պատասխանէ «Ազատ Օր»ի հարցումներուն, փորձելով պարզաբանել՝ անհատական թէ հաւաքական պատկերացումներ խախտող այս նոր երեւոյթը…

Կրնա՞ք յստակացնել, թէ՝ գիտաժողովը ինչպիսի՞ նախաձեռնութիւն էր…

«Իսլամաց(ու)ած հայերու մասին» գիտաժողովը նախաձեռնութիւնն էր Հրանդ Տինք Հիմնարկին, գործակցաբար Վոսփորի («Պողազիչի») համալսարանի եւ Մալաթիահայոց միութեան (այս վերջինը՝ Թուրքիոյ հայութեան նոր կամ նորազարթ հայրենակցական միութիւններէն մէկն է): Կը վայերէր հովանաւորութիւնը նաեւ այլ կազմակերպութիւններու՝ միջազգային կարեւոր «ոչ-կառավարական»ներու: Տեւեց Շաբաթ 2 նոյեմբերի առաւօտէն մինչեւ Երկուշաբթի 4 Նոյեմբերի երեկոն, յանգելու համար եզրափակիչ Կլոր սեղանի մը եւ Ֆորումի մը: Ասոնք աւելի եւս յստակացուցին ձեռնարկին միտումները, ուղղութիւնները:

Ճշդեմ, որ գիտաժողովի տիտղոսին փակագծեալ ու-ով ձեւը՝ «իսլամաց(ու)ած», կազմակերպիչներո՛ւն բնորոշումն էր՝ պաշտօնական յայտագիրի կողքին վրայ:

Ինչպէ՞ս կրնաք սահմանել այդ միտումները…

Ասոնք արդէն ծանօթ էին, եւ յստակ բանաձեւուեցան կրկին Շաբաթ առտուան բացումին: Յանուն Հիմնարկի խօսող Ռաքէլ Տինքը, ապա հիւրընկալ համալսարանի նախագահուհին, ինչպէս եւ գլխաւոր հովանաւոր «Մալաթիահայտէր»ի նախագահը կամ Հիմնարկի մէկ ուրիշ վարող դէմք ակադեմական Այշէ Կիւլ Ալթընայը,- միահամուռ կեդրոնացան մէկ հաստատումի եւ վճիռի շուրջ.- Թէ՝ «այս երեք օրերուն պիտի ըսուին ամբողջ դար մը Թուրքիոյ տարածքին գիտցուած, բայց կամաւոր անգիտացուած ճշմարտութիւններ. իրենց փսփսուքները պիտի բարձրաձայնեն «սուրի մնացորդներ»ը (արհամարհական բնորոշում, որ դեռ մինչեւ հիմա՝ դահիճ ու մեղսակից սերունդներ, Թուրքիոյ խոր ծալքերուն մէջ, կը գործածեն վերապրող այս զանգուածին համար):

Համալսարանի նախագահուհին յատկապէս, իր կողմէ, կը շեշտէր, որ «հպարտութեամբ կը հիւրընկալէ» խորհրդաժողովը. եւ որ այս դարձակէտէն ետք «ա՛լ ոչինչ առաջուան պէս կրնայ ըլլալ». որ՝ ձեռնարկը՝ միանգամայն՝ պիտի նպաստէ Թուրքիոյ մէջ հոգեմտաւոր գրաքննութեան վերացման:

Այշէ Կիւլ Ալթընայ, Ռ. Տինքին պէս, աւելի անմիջականօրէն կը յուզէր բուն ցեղասպանութեան թեման: Յիշելով Ֆ. Չեթինի գլորած առաջին քարը՝ «Մեծ Մայրս» գործը, ան խորհրդաժողովի նիւթը կը սահմանէր ուղղակի հարցադրումներով, թԷ՝ ինչո՛ւ իսլամացան մեծ թիւով հայեր, որոնց այսօր «միլիոններով կը հանդիպինք Թուրքիոյ ազգաբնակչութեան մէջ»: Այլ խօսքով՝ թէ ի՛նչ պատահեցաւ 1915ին…

Ուրեմն՝ նախ քողազերծել Հայոց Ցեղասպանութեան այժմէական, դեռ շարունակուող երեսը, ինչ որ շատ կարեւոր է՝ նոյնինքն ցեղասպանութեան այժմէութեան տեսակէտէն. ապա՝ այդ վերահաստատումով եւ իրերալրացման կարգով, Թուրքիոյ մէջ յիշողութիւններու եւ խիղճերու ընդհանրական արթնացումով, արագացնել երկրի ժողովրդավարացման դանդաղ, դեռ յաճախ վտանգուող ընթացքը:

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ…

Եւ գիտաժողովին բովանդակութի՞ւնը… Համապատասխա՞ն էր առաջադրանքներուն կամ ձեր ակնկալութիւններուն…

Գիտէ՞ք, նախ ըսեմ, որ ինծի դժուար կ՛ըլլայ խօսիլ «ակնկալութիւններուս» մասին, թերեւս ալ՝ ոչ շատ պարկեշտ: Այնքան նոր է այս հիմնահարցը բոլորի՛ս համար… Ուրեմն դիւրին չէ յստակ գնահատել անոր ընթացքը, նաեւ այս ձեռնարկին նպաստը: Հարկ է չաճապարել, դիտել եւ հետեւիլ: Եւ մանաւանդ անդրադառնալ, որ մեզմէ ոեւէ մէկը իրաւունքը չունի վճիռներ արձակելու հայ ինքնութեան մասին, «յանուն հայութեան»…

ժողովասրահի շէնքի մուտքին՝ Սերգէյ Վարդանեանի եւ Իշխան Չիֆթճեանի հետ

ժողովասրահի շէնքի մուտքին՝ Սերգէյ Վարդանեանի եւ Իշխան Չիֆթճեանի հետ

Իսկ բովանդակութի՞ւնը: Յայտագիրին պարզ ակնարկով մը՝ կը նկատուէր արդէն, որ անոր եռօրեայ ծանրաբեռն բովանդակութիւնը պիտի ընթանար բծախնդիր կարգով, արհեստավարժ գիտաժողովներու ոճով – ներառեալ թրքերէն – անգլերէն երկկողմ անմիջական թարգմանութիւններու համակարգը: Բացման ողջոյններէն ետք, «Ներածական Զրոյց»է մը ետք, Շաբաթէն Երկուշաբթի, յաջորդական ութ նիստեր քննութեան պիտի առնէին լաւ դասաւորուած հարցեր.- Թէ՝ ի՛նչ հասկնալ իսլամացումով. թէ՝ Օսմանեան հին ու նոր պատմութեան մէջ, ապա յատկապէս՝ 1915-1918 տարիներուն ի՛նչ ձեւերով ու կարգով ընթացած է բռնի իսլամացումը (ե՛ւ վերլուծումներ, ե՛ւ վկայութիւններ). թէ՝ այսօր ի՛նչ վերապրուկներ, հաւաքական յիշողութեան ի՛նչ տարրեր (բարքեր, ժողովրդական արուեստներ…)

կը դիտուին, կը հետազօտուին զանազան վայրերու վերապրողներու մէջ (յատկապէս Սասուն, Պոնտոս, Տերսիմ, Ծոփք…). նոյնը եւ՝ ալեւի եւ քիւրտ միջավայրերու եւ յիշողութիւններու մէջ: Ապա՝ թէ հոգեբանական ի՛նչ դիտարկումներու առիթ կու տան իսլամացուածներու երկակի, անկայուն ինքնութիւնը, ասոր առթած լարումն ու տառապանքը:

Ուրեմն կրնանք ըսել, որ իբր բովանդակութիւն՝ ձեռնարկը հասաւ իր նպատակին…

Առհասարակ՝ այդպէս է, ոչ թէ մեր՝ «դուրսէն դիտող»ներուս գնահատումով, այլեւ ըստ կազմակերպիչներուն, անոնց հետ օրը օրին անձնական շփումներու վրայ հիմնուած: Նախ՝ իսլամացուած հայերու թեմային էական ուղեկից եւ անոր համագիրը կազմող ցեղասպանութեան եզրը երեք օրերու ընթացքին գործածուեցաւ ու շեշտուեցաւ հարիւրաւոր անգամներ: Բայց՝ ձեռնարկը միանգամայն ներկայացաւ իբր ապրող յուշարձան մը՝ ճանչցուած կամ չճանչցուած բազմահազար առեւանգեալներու յիշատակին, մեծ մասամբ կիներ ու աղջիկներ – ներկաներու մէկ կարեւոր մասի մեծ մայրերը: Նուիրուած՝ անոնց ապրած առանձնութեան, անձկութեան, նաեւ ամօթին՝ զոհի՛ ամօթին, անարդար բայց իրական (յատկապէս՝ երբ հարց դրուեր է անոնց վերադառնալու, կամ աւելի ուշ՝ արտասահմանի հարազատներու հետ շփման գալու) – անոնց «ցկեանս նահատակութեան»: Արծարծուեցան դեռ՝ այս ընտանիք-գերդաստաններու ներկայի յաճախակի երկփեղկումը, պառակտումը – «այդ մասին» խօսելու եւ չխօսելու միջեւ…:

Անշուշտ միշտ կարելի է առաւել-նուազ «անտեսուած» թեմաներ գտնել նման ձեռնարկի մը մէջ: Այսպէս՝ եթէ նշուեցան տարագրուող-սպաննուող հայ ազգաբընակչութեան սեփականութեան աւարումը, բաշխումը, նաեւ որոշ անձերու ու խաւի մօտ անոր կեդրոնացումը,- այսուհանդերձ տնտեսական գործօնը ունեցաւ միայն պարագայական յիշատակումներ. չտարուեցաւ ընդհանրացումի: Նոյնը՝ քաղաքական գործօնի մասին – Օսմանեան Թուրքիոյ արեւելեան հա- յաբնակ նահանգներու կացութիւնը՝ իբր դժգոհու- թիւններու աղբիւր եւ հետեւող յարաճուն հալածանքներու առիթ, որ նոյնպէս յիշատակուեցաւ միայն պարագայաբար, անուղղակի: Նոյնը դեռ՝ հալածանքներու եւ յատկապէս ցեղասպանական ձեռնարկին քրտակա՛ն մասնակցութեան մասին, որ մնաց կողմնակի յիշատակման առարկայ՝ առանց լրիւ ծածկուելու:

Բայց գիտաժողովին՝ քողազերծումներու յան- դըգնութիւնը չէ որ կը պակսէր. ու նշուած այս սահմանափակումը թերեւս կը բխէր՝ աւելի՝ թեմայի հրամայականներէն, նիւթին վրայ կեդրոնացումի կարիքէն:

Ուրիշ ըսելիքներ ունի՞ք եզրակացութիւններուն մասին:

Յայտագրային մէկ կարեւոր եզրակացութիւնը այն եղաւ, Ֆեթհիյէ Չէթինի բերնով, որ այս խորհրդաժողովի ստեղծած կամ ուժգնացուցած շարժումը պէտք է առաջ տարուի միահամուռ ճիգերով – յօգուտ ե՛ւ դարով ինքնութենէ զրկուած «իսլամ-հայ» կամ «ծածուկ-հայ» զանգուածին, ե՛ւ ընդհանրապէս յօգուտ Թուրքիոյ բազմազգ հասարակութեան:

Եզրակացութենէն բխող պատգամ մըն ալ՝ ա՛յն, որ ճշմարտութեան բացայայտումը ի վերջոյ զօրացուցիչ է միշտ: Փաստ՝ որ օր-օրի «հայ ծագումով» անհատներ եւ խումբեր աւելի ու աւելի կը քաջալերուին բացայայտելու եւ ստանձնելու իրենց ինքնութիւնը:

Ունկնդիրներէն՝ մասնակցութիւն կամ հակազդեցութի՞ւններ…

Բոլոր նիստերուն ուշադիր հետեւեցան բազմահարիւր ունկնդիրներ, կարեւոր թիւ մըն ալ՝ համալսարանի տուեալ սրահէն դուրս, շէնքի մուտքի բացօթեայ պաստառին, նաեւ ուրիշ սրահներու պաստառներուն վրայ:

Բայց, բացի ունկնդիր հանրութեան՝ նիստերուն արձագանգումէն, մանաւանդ զոյգ փակ «Աշխատանոց»ներու նիւթ «հոգեբանական» թեման, ապա «Կրօնք եւ ինքնութիւն» կլոր-սեղանով բազմաձայն վերլուծումը եւ եզրափակիչ «Թոռներ» ֆորում-զրոյցն էին յատկապէս՝ որոնք աւելի եւս արծարծեցին մասնակցութիւնը ունկնդիր զանգուածին, յայտնաբերելով անոնց մէջ կարեւոր ներկայութիւնը երէկի «ծածուկ հայ»երու, կամ «Թոռներ»ու:

Ուրիշ խօսքով, բոլոր մեր լսած դրսեւորումները դրական էին, մասնակցութիւննե՛ր՝ բոլորն ալ: Երեւի, «տարբեր» մտածողներ այս պարագային նախընտրած էին մութի մէջ մնալ. ժողովրդավար կամքով բռնկած, լուսամիտ մարդոց հաւաք մը յայտնօրէն իրենց վայրը չէր…

ՈՐՈՇ ԶԵԿՈՅՑՆԵՐ…

Յատուկ մատնանշելի ուրիշ երեւոյթնե՞ր…

Զեկոյցներու մասին հոս կարելի չէ մանրամասնել…: Բայց յատուկ նշումի արժանի էին անոնցմէ մի քանին: Թրքուհի Այշէ Կիւլ Ալթընայի եւ լիբանա-գերմանահայ Վահէ Թաշճեանի զեկոյցները իսլամացման հարցը կը քննէին ազգային աւանդական արժէքներու եւ սեռային տարբերութեան տեսանկիւնէն. նկատի առած իսլամացուածներու մեծ մասի՝ կին-աղջիկներու «ապամարդկայնացում»ը, անտեսումը՝ ոչ միայն յափշտակողներուն, այլեւ շատ յաճախ՝ անոնց վերադարձին հանդէպ մերժողական կամ վերապահ դիրք բռնող հայ համայնքին կողմէ: Կամ՝ Աւետիս Հաճեանի զեկոյցին շեշտումները, թէ՝ նորածագ այս հայ համրանքը առհասարակ զուրկ է յղումի արժէքներէ, կառոյցներէ. թէ՝ հայկական Սփիւռքը, իր կարգին, իր մտակառոյցներով անատակ կ՛երեւի զայն ընկալելու, հատուցում ու դարման բերելու անոր դարաւոր տառապանքին. անատակ՝ ընդհանրապէս հայ ինքնութիւնը վերասահմանելու ճիգի մը: Նոյն հիմնական գիծերէն կ՛ընթանար Իշխան Չիֆթճեանի զեկոյցը, որ՝ բացի իր խիտ բովանդակութենէն, ամպիոնէն հնչեց կուռ արեւմտահայերէնով մը («Կ՛ողջունեմ ձեզ արեւմտահայերէնով, այն լեզուով, որ այս քաղաքին մէջ իր ծնունդն ու բարձր զարգացումները ապրած է»): Յաւելեալ մխիթարանք մը…

Միւս զեկոյցնե՞րը…

Անոնք մեծ մասամբ թրքերէն կամ անգլերէն էին, ինչպէս ըսի՝ երկկողմ անմիջական թարգմանութեան համակարգով: Մի քանին՝ նաեւ՝ արեւելահայերէն, որոնք անշուշտ ունեցան թրքերէնի եւ անգլերէնի թարգմանութիւն…

Զեկոյցներէն՝ դեռ այլապէս շահեկան էին Համշէնի, Տերսիմի եւ Սասուն-Մուշի շրջաններուն մէջ վերապրող իսլամացուած հայ համայնքներու կամ սոսկական խումբերու նուիրուած զեկոյցները՝ հայրենի մասնագէտ-մտաւորականներէ, ինչպէս Սերգէյ Վարդանեան, Հրանուշ Խառատեան: Կամ արեւմտա-եւրոպացի երիտասարդ գիտա-հետազօտողներէ, որոնք երբեմն, ինչպէս լրիւ «օտար» երկու երիտասարդուհիներ, անհաւատալի յանդգնութեամբ պեղած էին Սասունի, Տերսիմի կամ Ծոփաց աշխարհի գիւղերը, բնակիչներու բարքերն ու ներաշխարհը, մղուած՝ գիտական ու մարդկային խոր հետաքրքրութենէ մը, որ զիրենք «հայէ աւելի հայ» դարձուցեր էր փաստօրէն…:

Նոյնը պէտք է ըսել շարք մը տեղացիներու մասին՝ քիւրտ թէ թուրք (այս վերջինները՝ յաճախ ալեւի դաւանանքի), որոնք գաղափարական-մարդկային իրենց համոզումներուն ու պայքարին համար՝ դաշտ ընտրած էին 1915ի մեծ Ոճիրի բացայայտման եւ անոր ապրող իրաւազրկեալներու այս կամ այն ձեւով հատուցման գործը:

Դեռ՝ մեծապէս շահեկան էին հանրածանօթ ցեղասպանագէտ Թանէր Աքչամի հմտաբան զեկոյցը, ամերիկահայ երիտասարդ գիտահետազօտող Մելքոնեան քոյրերու վաւերագրական զեկոյցները…: Բայց կարծեմ հոս պէտք է կանգ առնեմ, անտեսելով մնացեալ նիւթերը, յաճախ այլապէս նոյնքան կարեւոր…

… ԵՒ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Այս կարեւորութեամբ գիտաժողով մը ի՞նչ արձագանգ գտաւ մամուլի մէջ:

Հարցումը շատ տեղին է: Նախ «Ակօս»ը, որ շատ տարածուած, կարդացուող շաբաթաթերթ է,- իր թրքերէն հրատարակութեամբ, գագաթնային սպառում մը ունեցաւ գիտաժողովին նուիրուած թիւով. ի վերջոյ՝ թիւը ամբողջութեամբ դրուեցաւ Համացանցի ազատ էջի վրայ: Լաւ անդրադարձան նաեւ լուրջ, յառաջդիմական թերթեր, նաեւ քրտամէտ կամ այլ փոքրամասնական հակումներով թերթեր. առանց մոռնալու նաեւ՝ հեռատեսիլի կայաններէն CNN-Turkը:

Բայց այս բոլորը, ներառեալ «Ակօս»ը, չենք մոռնար, կ՛ուղղուին որոշ մշակեալ խաւի մը՝ 70-75 միլիոն հաշուող երկրի մը մէջ, ուր խաւար զանգուածները կը գերակշռեն – գոնէ համրանքով: Եւ ճի՛շդ՝ լայն տարածքով թրքական մամուլի-հաղորդամիջոցներու արձագանգն է որ եղած է սահմանափակ: Յստակ – ու հասկնալի – ճիգ գործադրուած է՝ իրադարձութիւնը ակադեմական միջավայրի մէջ «խեղդելու»: Ընդհակառակը, արեւմտեան մետիաներ, նաեւ մեծ դեսպանատուներ, մօտէն հետեւած են լրագրողներով ու դիտորդներով:

Տեղի հայ աւանդական մամուլը ցուցաբերեց նոյն անհաւասարութիւնը: Մինչ «Մարմարա»ն լայն տեղ կը տրամադրէր, առարկայական լրատւութեան կոչումի մը գոնէ հաւատարիմ,- համայնքին միւս օրաթերթը հազիւ «կը զիջէր» վերջին էջի տակը վերջին անկիւն մը տրամադրելու իրադարձութեան…

Առիթէն կ՛ուզեմ օգտուիլ՝ նշելու համար, որ նոյնպիսի խառն պատկերով կը ներկայանայ Սփիւռքի՛ մեր մամուլը: Տեղ-տեղ յստակ կ՛երեւի որոշ միտում՝ իրադարձութիւնը եւ հիմնահարցը քողարկելու, լռութեամբ շրջանցելու: Կը նախընտրեմ ենթադրութիւններով չբացատրել…: Բայց կը կարծեմ, որ այսպիսի անհեթեթ «զգուշաւորութիւն» անարդարանալի է…): Լաւ է «Ազատ Կարծիք»ի սիւնակներ բանալը, արտատպումներ ընելը, անհատական ստորագրութեամբ անդրադարձներու տեղ տալը…: Բայց պայմանաւ որ չանտեսուի նաեւ պատշաճ ծաւալովլրատւութիւնը, որ մամուլի տարրական պարտքն է: Անդրադառնա՛նք, որ այսպիսի կեցուածք ի վերջոյ անպատուաբեր նմանութեամբ մը մեզ կը դասէ վերը նշուած որոշ մամուլի մը կողքին…:

ՇԵՂՈՒՄ ՄԸ՝

ՄԱՄՈՒԼ… ԴՊՐՈՑՆԵՐ – ԵՒ՝ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Չունի՞ք նշելիք աւելի ուրախացնող երեւոյթներ…

Անշուշտ…Եւ ձեր դիտողութիւնը տեղին էր. պէտք չէ կառչած մնալ ժխտական երեսներու: Բարեբախտաբար՝ հասանք այցելելու համայնքի մամուլի հաստատութիւններէն՝ «Մարմարա» 2/եւ «Ակօս». եւ հաճելի, նաեւ ուսանելի զրոյց ունենալ խմբագիրներուն հետ, մէկ մասով՝ հին բարեկամ: Բայց մանաւանդ՝ այցելեցինք համայնքի վարժարաններէն մի քանին:

Այց Մխիթարեան վարժարան.10րդ դասարանին մէջ

Այց Մխիթարեան վարժարան.10րդ դասարանին մէջ

Անցեալին կրթական գործով ես եղած եմ Պոլիս՝ Ուսուցչաց հիմնարկին մօտ, այցելած՝ վարժարաններ: Բայց այս անգամ մինակ չէի: Հետս էր կեանքի -եւ ասպարէզի-ընկերակիցս: Ուրեմն, մանաւանդ իրեն՝ Մարոյին համար, առաջին հանդիպումներու հաճելի անակնկալն էր: Հաղորդուեցանք երեք դպրոցներու՝ Կեդրոնականի, Մխիթարեանի եւ Ս. Խաչ – «դպրեվանքի» մթոլորտին հետ. ուրախացանք հաստատելով համատարած խնամքը, մանկավարժական բծախնդիր մօտեցումները:

Անշուշտ, այս դպրոցներէն երեքի՛ն մէջ ալ, սրտցաւ զրոյցի ընթացքին, պատասխանատուները չծածկեցին տեղի կրթական գործին դիմագրաւած առարկայական դժուարութիւնները – նոյնիսկ եթէ երկրի քաղաքա-մշակութային վիճակը աւելի թոյլատու է այսօր, համեմատած անցեալին: Դժուարութիւնները հիմա մեծ մասամբ այնպիսիներ են, որ կը դիմագրաւեն նաեւ Սփիւռքի գաղութները: Այլ հարց՝ որոշ մարզերու մէջ իրե՛նք քիչ մը աւելի կազմակերպուած կ՛երեւին ու նախատեսող, ինչպէս՝ ուսուցիչներու պատրաստութեան հեռանկարային աշխատանքը: Բայց ասիկա անջատ նիւթ է, եւ ծաւալուն: Ձգե՛նք…

Այո՛, եւ՝ վերադառնա՛նք…: Եւ վերջին հարց մը.- Մենք՝ Սփիւռքի հայերս, այս գիտաժողովէն ի՞նչ պատգամ կրնանք ստանալ: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ, կամ պէտք է ըլլայ մեր դիրքը, մեր պարտականութիւնը՝ իբր ամբողջական հայութեան մէկ մասնիկը:

Ճիշդ է՝ կ՛ըսէի, որ պէտք չէ կառչած մնալ ժխտական փաստերու, ինչպիսին են տեղեկատւութեան պարտքէ խուսափումը, զայն ծնող անտարբերութիւնը, կամ նախապաշարումը, «նորութենէ» վախն ու խրտչումը: Բայց պէ՛տք է հետապնդել այս թերիներուն ու ախտերուն սրբագրումը. ջանալ, որ հաւաքականօրէն գանք գիտակցութեան, անդրադառնանք այս հիմնահարցի իսկական տարողութեան, եւ ուրոյն տեղ տանք անոր՝ մեր իրականութեան մէջ…

Լաւագոյն տարազը, կարծեմ, Իշխան Չիֆթճեանի զեկոյցի եզրակացութենէն է որ կրնամ փոխ առնել: Ծանրանալէ ետք ցեղասպանութեան՝ «ինքնութիւն ջնջող», սոսկ ֆիզիքական վերապրում արտօնող ոճիրի հանգամանքին, շեշտելէ ետք վերապրող այդ զոհերուն կրած այլապէս խո՛ր իրաւազրկումը, էազրկումը,- ան կը շեշտէր. «Լաւագոյնը այն պիտի ըլլար, որ իսլամ հայեր իրենք զիրենք հաստատէին, որուն կարելիութիւնը ունին այսօր բարեբախտաբար, եւ մենք ալ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերս, իրենց քայլերուն հետեւելով փոխն ի փոխ ու համահաւասար մակարդակի մը վրայ՝ կարենայինք օգնել իրենց ու օգնութիւն ստանալ իրենց փորձառութենէն» (ընդգծումները՝ ինծմէ – Յ. Ք.):

Շնորհակալ ենք:

Կեդրոնական վարժարանի ձեռնարկին՝ նուիրուած Կեդրոնականի սան գրագէտ Զաւէն Սիւրմէլեանի

Կեդրոնական վարժարանի ձեռնարկին՝ նուիրուած Կեդրոնականի սան գրագէտ Զաւէն Սիւրմէլեանի

ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄԻ ՄԸ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐԷՆ – ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐ (Յ. Ք.)

«ՈՒՂԵԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ»

«Հիմա մեզի պարտադրուողը՝ վաղուան մոլորակայի՛ն նոր հայու տիպարն է, ազգութեան լայնագոյն պատկերացում-սահմանումի մը համապատասխանող: Անիկա պարտի, ներկայ հայրենի տարածքի եւ Արցախի ու Ջաւախքի հայութենէն անդին՝

«- ընդգրկել «աւանդական» կոչուած Սփիւռքը – հայախօս թէ՛ մասամբ օտարախօս, բայց ազգային դատի հետապնդման կարողականութեամբ օժտուած: Շատ տեղ զըրկուած լեզուի-մշակոյթի ճանաչումէն, բայց լծուած Հայաստանի վերաշինութեան.

«- ընդգրկել՝ ծագումով կէս-հայ կամ քառորդ-հայ, բայց ինքզինք հայ զգացող սփիւռքահայը՝ հին թէ նոր (չմոռնա՛լ՝ այսօր հայեցիութիւնը, ժառանգական-բնազդականէն աւելի, գիտակցական հայեցիութիւն է…).

«- […] ու դեռ՝ վաղը, այսինքն շուտով, ընդգրկել հայութեան նոր (միանգամայն շա՜տ հին) զանգուած մը եւս.- 1915էն իվեր հարկադրաբար օտարալեզու, եւ երբեմն կրօնափոխ զանգուած մը, պահուած՝ Արեւմտահայաստանի դաժան լռութեան մէջ – ու հաւանօրէն վերը նշուած մեծ խումբերուն չափ պատկառելի համրանքով…:

«Շնորհիւ հաւաքական հոգեփոխութեան մը, ասոնցմէ իւրաքանչիւր խումբ իրմէ «նուազ հայ» պիտի չնկատէ «իրմէ տարբեր հայերը»: Բոլորն ալ պիտի ձգտին փոխադարձ ճանաչումի, «հայու ինքնութեան մասին նոր ճշմարտութիւններ սորվելու» (Վ. Օշականի բառով): Իրարու մօտենալու, իրարմով ապրելու…:»

Պէյրութ, Նոյեմբեր 2004

«Ի ԴԷՊ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹ

«… Լուռ հարցում-հարցադրումներու այս խորքին վրայ, 2008ի համալսարանական տղոց հետ գլուխ-գլխի մեր զրոյցը ահա հասած է նշելու հայ ինքնութեան նոր տուեալները, հաւասարումին նոր «անծանօթ»ները, այսինքն՝ Հայրենիքի հետ նոր, բարդագոյն յարաբերութիւն մը. եւ նոր հրամայականը՝ հայու ազգագրական-մշակութային աւելի՛ եւս ընդլայնուած տիպարի մը, որ ընդգրկէ՝ բացի «հին» ու «նոր» Սփիւռքներէ՝ մինչեւ կորուսեալ, օտարացեալ հայրենի տարածքներու վրայ բարքերով, լեզուով, երբեմն ե՛ւ կրօնքով օտարուած հայ համայնքներ: Տայ անոնց կարելիութիւն՝ յարումի, համարկումի, նախաձեռնարկ մասնակցութեան…»

Լոս Անճելոս, 2008

«ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՅՔԱՐ», «ԱԶԴԱԿ»

«Հայեցի ինքնութիւնը, ինքնասահմանումը իբր հայ՝ բացառութիւն մը չէ, չի կրնար ըլլալ – կենսային-հոգեւոր անհամար հոլովոյթներու կարգին: Ամէն ժամանակ, ամէն սերունդ՝ պարտի վերսկսիլ ինքնասահմանումի, ինքնաճանաչումի ճիգը, հեռու՝ սոսկական «հայապահպանումի» անկար, երկչոտ կեցուածքէն: Մեր հազարամեայ պատմութեան խորքային ընթերցում մը միայն ա՛յս դասը կու տայ մեզի – դաս՝ մնայուն ինքնա-վերասահմանումի, ինքնանորոգումի, ինքնահամադրումի…: Ասոր հակառակը՝ պահպանողականութիւնը՝ […] յատկապէ՛ս մեր պայմաններուն մէջ սփիւռք դարձած հաւաքականութեան մը համար՝ ուղղակի ինքնասպանութիւն է:

«Ծածուկ հայերու»՝ հարիւրամեայ կենդանի-գերեզմանումէ այս յառնումին առջեւ, կասկածը, խուճապը վատ խորհրդատու են: Երկարաձգուող անտարբերութիւնը, ինքնա- կրկնումը մա՛հ է: Մեր բոլորին […] պարտքն է կատարել զգաստ, բայց միշտ խլրտուն, միշտ անհանգիստ խնդրարկումը հայ ինքնութեան…:

«Պէտք չէ փախցնել առիթը…»

Պէյրութ, Օգոստոս 2012
azator.gr

Տպել Տպել