Հալէպի մէջ 150 պատանիներու խոստումով տեղի ունեցաւ հայ պատանիի օրուան հոգեպարար եւ գօտեպնդիչ հանդիսութիւն

suria– Ի՞նչ ենք սպասում մենք Հ.Յ.Դ. Պատ. կազմակերպութիւնից։

Բնականոն պայմաններում պատասխանը ինքնաբերաբար շատ պարզ կը լինէր՝ ականաւոր յաջորդներ պատրաստել մեզ համար։

… Ինչ եւ լինի, ժամանակն ու միջավայրը, գաղափարական ու բարոյական ենթահողը չեն կարող փոխուիլ, որովհետեւ տուեալ պայմաններում դաշնակցականը պէտք է լինի բարոյական անհատ, որ ձգտում անձնուիրաբար Հայրենիքի, Ազատութեան եւ ընկերային Արդարութեան պայմաններ, որոնք իբրեւ փարոս, պէ՛տք է լուսաւորեն դաշնակցական պատանիի կեանքի ուղին։

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆի վերոնշեալ միտքերու, իբրեւ արդիւնք, կիրակի, 15 դեկտեմբերի, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Պատանիի Օրուան առիթով «Կամքի ժառանգորդներ» խորագիրը կրող ձեռնարկը, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ՝ Սուրիոյ պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ մասնակցութեամբ Հալէպի պատանեկանի մասնաճիւղերուն:
Սուրիական եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմներէն ետք բացման խօսքով հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին կրտսեր եւ երէց պատանիներ:
Յայտագիրի ներկայացումները այլազան էին եւ կ՛ընդգրկէին խմբային արտասանութիւն, պատանեկան միութեան կողմէ, ազգային յեղափոխական խմբային երգեր եւ կենդանի պատկեր:

Տեղին է նշել, որ պաստարի վրայ ներկայացուեցաւ պատանեկան միութեան մասին տեսանիւթ:

Օրուան պատգամաբերն եւ կնքահայրն էր Գրիգոր Տունկեան: Պատգամաբերը, հանդիսութիւնը թէեւ բաւարար եւ խօսուն նկատեց եւ չուզեց շատ բան խօսիլ, սակայն անդրադարձաւ պատանեկան միութեան կարեւորութեան եւ անոնց գործունէութեան հոլովոյթին` հաստատելով որ ներկայ սերունդն է մեր ապագան եւ ջահակիրը գալիք հսկայ աշխատանքներուն, մանաւանդ Սուրիոյ այս ժամանակաշրջանին, որոնք մեզ կը սպասեն:

Ապա կնքահայր Գրիգոր Տունկեան ընթերցեց Դաշնակցական պատանիին խոստումը, զոր կրկնեցին բեմին վրայ համախմբուած 150 պատանիները: Իսկապէս պահը յուզիչ էր, Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի տագնապալի այս պայմաններուն մէջ 150 պատանիներու խոստումը յոյս կամք կը ներշնչէր վիրաւորուած հալէպահայութեան:

Նշենք, որ պատգամաբեր եւ կնքահայր Գրիգոր Տունկեան խօսքի աւարտին պատանիներուն տեղեկացուց, որ այս ուրախ առիթով Ընդհանուր վարիչ մարմինը ամէն մէկ պատանիի կը նուիրէ ՄԱՐԶՊԵՏԸ խորաքրով գիրքը:

Պատանիներու խոստումի արարողութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ հանդիսութիւնը հովանաւորող Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. եպս. Սարգիսեանը: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ խոստումը ամէնէն հպարտառիթ զգացումն է` կոչ ուղղելով շարունակելու իրենց նախնիներու երթը: Ապա, հանդիսութեան խորագիրը կրող «Կամքի ժառանգորդներ»ուն աւելցուց ըսելով, որ դուք այժմ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ էք, զինակիցը ձեր ընկերներուն՝ յաւիտեան: Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը շատ ոգեւորիչ եւ ազդու ձեւով արտայայտուեցաւ: Ան շնորհաւորեց պատանիները, անոնց ծնողները, Սուրիոյ պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինն ու դաստիարակները, աւելցնելով, որ Հայ պատանին է, որ պիտի դառնայ վաղուան ղեկավարը եւ ջահակիրը:

Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի «ԿԱՄՔԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐ» Հայ Պատանիի Օրուան նուիրուած հանդիսութեանը վերջ գտաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:
Այս հանդիսութիւնը Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեցած տագնապալի այս ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ մեր շուրջը հետզհետէ տարածուող անտարբերութեան, օտարացումի, հայկական արժէքներու ուրացումի, աւանդութեանց եւ ժողովրդային բարքերու աստիճանական մոռացումի, հայ մարդու հայկական դիմագծի աղաւաղումի, արդիականութեան սիրոյն ազգայինն ու մերը մերժելու համատարած հիւանդութեան այս վտանգաւոր ժամանակահատուածին, երբ Սուրիոյ պատանեկան միութիւնը կը տօնակատարէ Պատանիի օրուան առիթով, անտարակոյս մեր սրտերը կը հրճուին, մեր հոգիները հպարտութեամբ կը խայտան ու մեր մտքերը ամբողջական գիտակցութեամբ կը բռնցքուին` բարձրաձայն գոչելու, որ ո՛չ, մենք տակաւին կա՛նք ու ամուր ենք, կա՛նք ու աւելի պիտի ամրանանք, կանք ու մեր նպատակներուն անպայման պիտի հասնինք (PERIO NEWS):

PERIO NEWS/fb/

Տպել Տպել