Հաղորդագրութիւն

ARF_Logo-coloredԸնդառաջելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կոչին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր մասնակցութիւնը բերաւ «Վերաբնակեցումը հայրենիքը վերագտնելու միջոց է», «Շահում ես դու, շահում է երկիրը» կարգախօսերով սկսած վիճակախաղին, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներուն:

Վիճակախաղի տոմսերուն սպառման աշխատանքով ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցներն ու ուղեկից միութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային վիճակախաղին մասնակցեցան 50,000 ամերիկեան տոլարով:

Համոզուած ենք, որ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին այս մասնակցութիւնը պիտի նպաստէ Արցախ հայրենիքի վերաբնակեցման աշխատանքներուն:

ՀՅԴ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Տպել Տպել