Չստացուած Ինքնազոհութիւն

աղունիկՀայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախկին գլխաւոր խորհրդական, այժմ` Միշիկընի համալսարանի փրոֆեսէօր Ժիրայր Լիպարիտեանը «Ակօս» թերթին մէջ «Խոջալու. տեսանկիւն մը» վերնագիրով յօդուած հրապարակած է, ուր զուգահեռներ կը գծէ Սումկայիթի եղեռնագործութեան եւ Խոջալուի դէպքերուն եւ նոյնիսկ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:

Յօդուածին կարելի է ծանօթանալ ելեկտրոնային հետեւեալ հասցէին ճամբով http://www.epress.am/2014/02/22/1915

Ստորեւ մեր արձագանգը այդ յօդուածին:

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահի գլխաւոր խորհրդականին հրապարակած մտածումները Խոջալուի դէպքերուն մասին ակնկալելիօրէն աղմուկ բարձրացուցած են հայկական ելեկտրոնային դաշտին մէջ:

Հայկական այս հակազդեցութիւնը կ՛ակնկալէր ինք եւս` նախկին խորհրդականը, ինչ որ նաեւ մտածել կու տայ, որ ոչ միայն կ՛ակնկալէր, այլ նաեւ կ՛առաջադրէր: Նման հրապարակում հայկական ստորագրութեամբ դժուար գտանելի է հայկական հրապարակագրութեան մէջ:

Միանգամայն պէտք է յստակացնել, որ տեղին պիտի չըլլար յօդուածին տակ կամ ընկերային ցանցերու վրայ շրջագայող այս մտածումները մեկնաբանել պիտակաւորումներով կամ հայհոյախօսութիւններով:

Թէեւ, ցաւով կրնանք տարուիլ մտածելու նաեւ, որ ակնկալուածն ու առաջադրուածը այս եղանակի հակազդեցութիւնն է Խոջալուի բնութագրումի նման գիւտարարութիւն հրամցնողին կողմէ:

Զուգահեռ համեմատական մը անտեղի պիտի ըլլար ազրպէյճանցի գրող Աքրամ Այլիսլիի հետ, որուն գիրքերու հրկիզումն ու կեանքին ուղղուած սպառնալիքները գրաւեցին միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնն ու լուսարձակները: Զուգահեռը անտեղի է Լիպարիտեան-Այլիսլի բովանդակային իմաստով: Անտեղի պիտի չըլլար ենթադրելը, որ Լիպարիտեանի փորձածը Այլիսլիի հայկական տարբերակին ինքնավերածուելով, հայհոյախօսութեան թիրախ դառնալով միջազգային լուսարձակներ խլելով, «զոհ» դառնալով «հերոսանալ»-ն է:

Եւ զոհի հայկական կարծրատիպին մասին խօսող նախկին խորհրդականը խորքին մէջ կը դիմէ այս ինքնազոհութեան: Լիպարիտեանի այս ծրագիրը չէ աշխատած սակայն: Հայկական դաշտը չէ վերածուած ազրպէյճանական դաշտի. նախկին խորհրդականին դէմ ցոյցեր կազմակերպելու դիմելու պէտք չէ ունեցած, ոչ ալ կեանքին սպառնալու կամ անոր լուսանկարները հրկիզելու:

Ակնկալուած այդ հակազդեցութեան արժանանալու համար Լիպարիտեան դիմած է առաւելագոյնին:

Ոչ միայն Խոջալու-Սումկայիթ հաւասարեցման ազրպէյճանական քարոզչաքաղաքական մեքենային համահունչ մտածումներ հրապարակած է, այլեւ շատ հեռուները հասած է հասարակաց գիծեր գտնելու Հայոց ցեղասպանութեան եւ Խոջալուի զոհ տատիկներուն եւ թոռներուն միջեւ:

Յօդուածի ինքնահակասական բաժինները լոյսին բերելն ու վիճարկումի առարկայ դարձնելը երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենան, եթէ համոզուինք, որ Լիպարիտեանի հրապարակումին նպատակը այս բոլորին մէջ ոչ թէ հայութեան համար անվտանգ եւ խաղաղ միջավայրի գոյառումն է, այլ եզակիութեան հանգամանքի ձեռքբերումով, զոհի վերածուելու ճամբով հայկական վայրագ հակազդեցութեան արժանանալն ու այդ ճամբով միջազգային ուշադրութիւն գրաւելը:

Լիպարիտեանը Այլիսլի չէ: Հայկական դաշտը բոլորովին տարբեր է ազրպէյճանականէն:

Ինչպէս Խոջալուն` Սումկայիթէն, ուր մնաց Ցեղասպանութենէն:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել