ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ Քեսապի հայութեան հանդէպ Թուրքիոյ աջակցութեամբ իրագործուած յարձակապաշտ գործողութիւնը

logoՀՅԴ Գանատայի կառոյցը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ սահմանային կէտէն Քէսապի վրայ կատարուած զինեալ խմբաւորումներու Մարտ 21-ի յարձակումը։ Մեծ Եղեռնէն դար մը ետք, թրքական պետական անմիջական աջակցութեամբ վերստին տեղահանութիւն պարտադրուեցաւ Քեսապի հայութեան։

Կոչ կÿուղղենք Գանատայի իշխանութեանց եւ միջազգային քաղաքական ընտանիքին, որպէսզի Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքին եւ այդ համայնքին մէկ առանձնայատուկ բաղադրիչը կազմող սուրիահայութեան դէմ նման յարձակապաշտ բռնութիւններու առաջքը առնուի եւ նման բռնարարքներ խստօրէն դատապարտուին։

ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը եւ Գանատայի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց լիակատար ներուժով պիտի զօրակցին սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն այս տագնապի ընթացքին։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ

Տպել Տպել