Գնահատելով Հակաքայլերը

Copy-of-0215apo1-240x300Ի՞նչ ըրինք անցնող օրերուն՝ նպաստելու Քեսապ ներխուժած զինեալները դուրս վտարելու եւ տարագրուած քեսապցիներուն օգնութեան հասնելու:

Առաջին. թրքական կառավարութեան մեղսակցութիւնը բացայայտեցինք հանուր աշխարհին: Քարոզչական այս արշաւին արդիւնքը ակնյայտ դարձաւ, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց ղեկավարները պարտաւորուած զգացին պաշտպանական քայլեր առնելու՝ համոզելու համար հանրային կարծիքը, որ իրենք նոյնիսկ պատրաստ են ապաստան տալու Քեսապի հայ բնակչութեան:perio-720x428

Երկրորդ. գլխաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ տարագրուած քեսապցիներուն օգնութիւն հասցնելու գործը, որուն մասնակցութիւն բերելու համար, համընդհանուր զօրաշարժի ազդանշաններ լսուեցան աշխարհի գրեթէ բոլոր հայկական կեդրոններէն, անշուշտ նաեւ՝ մեր շրջանէն: Սուրիոյ հայութեան օգնութեան միացեալ մարմինը հանդէս եկաւ հանգանակային կոչով, իսկ Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր՝ Ալլա Լեւոնեանի համերգի հասոյթէն բաժին հանեց քեսապցիներուն: Հանգանակային արշաւը կը շարունակուի ու աւելի շօշափելի միջոցներ գոյացնելու ճիգերը վստահաբար պիտի բազմապատկուին յառաջիկայ օրերուն:
Քեսապի ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող ցոյցեր տեղի ունեցան կարգ մը շրջաններու մէջ, սկսելով Երեւանէն ու հասնելով մինչեւ Լոս Անճելըս: Ցոյցեր ծրագրուած են այլ շրջաններու մէջ՝ յառաջիկայ օրերուն:

Հայաստանի իշխանութիւնները ցարդ բաւարարուած են դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն ցուցմունք տալով, որ անոնք աշխատին իրենց ծառայութեան շրջաններուն մէջ՝ Քեսապի տագնապին գծով համապատասխան երկիրներու քաղաքական աջակցութիւնը ապահովելու համար: Պէտք է ըսել, որ օրէ օր աւելի ու աւելի զօրաւոր կը հնչեն Հայաստանի իշխանութեանց հանդէպ դժգոհութիւնները ՝ Քեսապի ազատագրութեան եւ քեսապցիներու տուն վերադարձին կապակցութեամբ ուժեղ մօտեցում ցոյց չտալու կեցուածքը քննադատող:

Բաւարա՞ր են այս աշխատանքները: Գոհացուցի՞չ է աշխատանքի թափը: Թափը ուժեղացնելու նշանները ակնյա՞յտ են: Բոլոր հարցումներուն պատասխանը՝ ո՛չ է:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com
31/03/2014

Տպել Տպել