Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի պատուիրակութիւն մը որպէս դիտորդ Վանի մէջ հետեւեցաւ Թուրքիոյ ՏԻՄ ընտրութիւններուն

…՝ BDP կուսակցութեան գրասենեակէն ներս, քաղաքապետներ Պեքիր Քայայի, Հատիսէ Չոպանի եւ կուսակցութեան Վան քաղաքի նախագահ՝ Մուսա Իթահի հետ։

…՝ BDP կուսակցութեան գրասենեակէն ներս, քաղաքապետներ Պեքիր Քայայի, Հատիսէ Չոպանի եւ կուսակցութեան Վան քաղաքի նախագահ՝ Մուսա Իթահի հետ։

ՊՐԻՒՔՍԷԼ (4 Ապրիլ 2014) – Մարտ 27-էն Մարտ 31, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի գլխաւորութեամբ եռանդամ պատուիրա¬կութիւն մը Վանի մէջ որպէս դիտորդ մասնակցեցաւ Տեղական ինքնակա¬ռավարման մարմիններու ընտրութիւններուն։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանը եւ Հայ Դատի Պելճիքայի յանձնախումբի ատենապետ Պետիկ Պետրոսեանը։ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձ¬նախումբը որպէս դիտորդ մասնակցութեան հրաւէր ստացած էր Թուրքիոյ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (BDP) Եւրոպայի ներկայացուց-չութենէն։

Վանի պատմական Այգեստան շրջանի BDP-ի կեդրոնատեղի, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Էօզտալ Իւչէրի հետ

Վանի պատմական Այգեստան շրջանի BDP-ի կեդրոնատեղի, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Էօզտալ Իւչէրի հետ

Դիտորդական պատուիրակութիւններ կային նաեւ Ֆրանսայէն, Իտալիայէն եւ Գերմանիայէն։

Վանի Իփեկէօլու շրջանի նախընտրական հաւաք, Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայայի հետ

Վանի Իփեկէօլու շրջանի նախընտրական հաւաք, Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայայի հետ

Ընտրութեան նախօրէին, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի պատուիրակութիւնը Վանի մէջ այցելեց պետական, ընտրական եւ կուսակցական կեդրոններ, հանդիպումներ ունեցաւ թեկնածուներու եւ հասարական կազմակերպութիւններու հետ, մասնակցեցաւ ընտրական հաւաքներու։ Ընտրութեան օրը՝ Մարտ 30-ին, պատուիրակութիւնը ամբողջ օրը շրջեցաւ տարբեր ընտրատեղամասեր եւ ականատես եղաւ ընտրութիւններու ընթացքին։ Մարտ 31-ին, պատուիրակութիւնը հրապարակեց իր եզրակացութիւնը, որ պիտի տրամադրուի նաեւ եւրոպական համապատասխան կազմակերպութիւններու։ Եզրակացութեան մէջ յատուկ նշում կ՚ըլլայ իշխող AKP կուսակցութեան, գործակատարներուն եւ ընտրական յանձնա¬ժողովներու պատասախանատուներուն կողմէ կատարուած լուրջ օրինական խախտումնե¬րուն մասին: Վան քաղաքի ինչպէս նաեւ նահանգի 13 շրջաններէն 11-ին մէջ ընտրուեցան BDP կուսակցութեան կողմէ պաշտպանուած թեկնածուները:

Ընտրական կեդրոնի մը մէջ

Ընտրական կեդրոնի մը մէջ

Գասպար Կարապետեանը գործուղման աւարտին ըսաւ. «Պատմական այցելութիւն էր այս, որովհետեւ ոչ միայն կը գտնուէինք մեր պատմական հողերուն վրայ, այլ նաեւ՝ այդ մասին կը խօսէինք այնտեղ ապրող ժողովուրդին, ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Շատ ջերմ էր ընդհանրապէս ժողովուրդին եւ յատկապէս՝ մեր հիւրընկալ Խաղաղութիւն եւ Ժո¬ղովրդավարութիւն կուսակցութեան վերաբերմունքը մեր նկատմամբ։ Ես եւ պատուիրա¬կութեան անդամ իմ գործընկերներս իսկապէս անմոռանալի օրեր ապրեցանք եւ կը մաղ¬թենք, որ այս եւ նման գործընթացներ շարունակուին, ծաւալուին եւ նոր զարգացումներ ունենան»։

Հայ Դատի պատուիրակութիւնը այցելեց Ախթամար կղզի եւ Ս. Խաչ եկեղեցի։

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Պրիւքսէլ, 4 Ապրիլ 2014

Տպել Տպել