Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը կը նախապատրաստուի Ապրիլ 24ի պահանջատիրական ցոյցին համար

Հանդիպում ՕՆՆԷՏի նախագահին հետ

Յունաստանի իշխող կուսակցութեան՝ Նոր Հանրապետութեան երիտասարդական միութեան գրասենեակներէն ներս, անցեալ Հինգշաբթի 10 Ապրիլին, հանդիպում կայացաւ ՕՆՆԷՏի նախագահ Սաքիս Իոանիտիսի հետ:

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ ընկ. Արամ Գոլանեան եւ ընկ.հի Մատլէն Պալատլեան ծանօթացման հանդիպում ունեցան ՕՆՆԷՏի նախագահին հետ, երկու երիտասարդականներու գործունէութեան եւ հայութեան արդար պայքարի շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցելով:sakis-

Հանդիպման աւարտին ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամները հրաւէր ուղղեցին ՕՆՆԷՏի նախագահին, ներկայ եւ մասնակից ըլլալու Ապրիլ 24ին, Աթէնքի Սինտաղմայէն դէպի թրքական դեսպանատուն կայանալիք պահանջատիրական ցոյցին: Պրն. Սաքիս Իոանիտիս իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ հրաւէրին ընդառաջելով եւ ներկայ պիտի ըլլայ ցոյցին:

Հանդիպում՝ ՓԱՍՕՔի երիտասարդականի հետ

Նոյն նպատակով հանդիպում մըն ալ կայացաւ ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան երիտասարդական միութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆիլիփոս Թուրալիսի հետ: Ինք եւս ընդառաջեց իր միութեան ուղղուած հրաւէրին եւ յայտնեց թէ ներկայ պիտի գտնուին Ապրիլ 24ի պահանջատիրական ցոյցին:

Տպել Տպել