«Ազդակ»ի Խմբագրական. Այո՛, Երիտասարդութիւնը Մեր Ներկա՛ն Է

Իր ձեւին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապրիլեան երիտասարդական հսկումի հաւաքը կը փոխարինուի քայլարշաւ-մոմավառութեամբ եւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ հաւաքով։ Նախաձեռնութիւնը իր վրայ կը կեդրոնացնէ դիտարկումի եւ արժեւորման քանի մը կէտեր։Khempakragan1904

Ա.-Եղանակը նոր է։ Առաջադրուածը արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած զանգուածային բնոյթով համաժողովրդային քայլերթը չէ։ Երբ կը յայտարարուի, որ տուներէն, գործատեղիներէն, կեդրոններէ եւ թաղամասերէ խումբ-խումբ պիտի ուղղուինք դէպի Նահատակաց հրապարակ, պատկերացնել կու տայ մարդկային ինքնաբուխ հոսք մը. առանց մեկնակէտի, առանց տրուելիք ազդանշանի, ժողովուրդը ընդառաջելով 100-ամեակի երիտասարդականի կոչին, մոմերով պիտի ընթանայ դէպի Պէյրութի սիրտը։ Նախանցեալ տարուան դէպի թրքական դեսպանատուն իրականացած քայլարշաւ-բողոքի ցոյցէն եւ անցեալ տարուան սփիւռքի մէջ առանձնացող համաժողովրդային քայլարշաւէն ետք, որուն աւարտը դարձեալ Պէյրութի ամէնէն մարդաշատ ցոյցեր ընդունող հրապարակն էր, այս տարուան քայլարշաւ-մոմավառութիւն-հաւաքը իբրեւ ձեւ եւս նորութիւն կը յուշէ։

Բ.-Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը արդէն կ’ընդգծէ 100-ամեակի սեմին ըլլալը։ Բնական էր այն հարցին շրջանառութիւնը, ըստ որուն, մեծ ու համաժողովրդային ձեռնարկը կը վերապահուի 100-ամեակին։ Միաժամանակ սակայն, 100-ամեակը նախանշելու ժողովուրդին կողմէ շեշտուած պահանջը եւս յայտնապէս նկատի առնուած է 100-ամեակի երիտասարդական մարմնին կողմէ, որ այս քայլով համաժողովրդային պահանջի գոհացում տալու փորձ կը կատարէ։

Գ.-Անգարայի աշխուժութիւնը ընդհանրապէս տարածաշրջանին եւ յատկապէս այս պարագային Սուրիոյ մէջ, անպայման փողոց դուրս գալու եւ պահանջատիրական ձայնը լիբանանցի ժողովուրդին, միջազգային հանրային կարծիքին եւ մանաւանդ հակառակորդին լսելի դարձնելու ընդհանուր տրամադրութիւն յառաջացուցած է։ Այն ինչ որ կատարուեցաւ Տէր Զօրի մէջ, այն ինչ որ տակաւին երէկ արձանագրուեցաւ Քեսապի մէջ եւ այն ինչ որ կը կատարուի այսօր Հալէպի մէջ թրքական գործօնի աշխուժ ուղղակի-անուղղակի դերակատարութեամբ մեզ բոլորս կը դնէ մեր պահանջատիրական շեշտերը քաղաքական ամուր ենթահողի վրայ ամրակայելու հրամայականին դիմաց։ Այստեղ սակայն մեր երիտասարդութիւնը ինքնատիրապետման մակարդակ ցուցաբերելու բոլոր պատճառները ունի։ Իր յայտարարութիւններուն եւ խօսքերուն մէջ չափի գիտակցութեան դրսեւորումը, խնդիրները սահմանազատելու, երթն ու մոմավառութիւնը իբրեւ յիշատակի յարգում, իբրեւ բողոք եւ իբրեւ արդարութեան պահանջ առանձնապէս ցեղասպանական քաղաքականութեան ուղղութեամբ իրականացնելու գիտակցութեան հրաւիրուած է։ Միաժամանակ անշուշտ լոյսին բերելու Անգարայի տխուր դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող դէպքերուն։

Դ.-Դէպի Պէյրութի կեդրոն ուղղուելու այս նախաձեռնութիւնը յայտնապէս կ’առաջադրէ կողմնորոշել ոչ հայ տարրին կարծիքը։ Մոմավառութեամբ ընկերակցող երթը կրնայ յաւելեալ տպաւորութիւն ապահովել եւ գրաւել ինչպէս լիբանանցի ժողովուրդին, այնպէս ալ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը։ Ձեռնարկին երեկոյեան ըլլալը, ժողովուրդին իւրայատուկ ձեւով փողոց դուրս գալը, մոմավառութիւնն ու կեդրոնական Պէյրութ հաւաքուիլը ինքնին ուշագրաւ գործողութիւններ են։ Կը մնայ, որ կազմակերպողները նախապէս եւս աշխատանք տարած ըլլան իրազեկելու լիբանանեան լրատուամիջոցները ըլլալիքին մասին։

Ե.-Եւ վերջապէս, նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի նշումի կեդրոնական ձեռնարկը այս ձեւով տեղի կ’ունենայ ապրիլ 24-ի նախօրէին։ Չմոռնանք, որ կեդրոնական ձեռնարկը վստահուած է երիտասարդութեան։ 100-ամեակի տարազին տակ լիբանանահայ համայնքի բաղկացուցիչ հիմնական բոլոր շրջանակներու երիտասարդական ներկայացուցիչներու համախումբ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքն է, որ գաղութի պատմութեան պիտի յանձնէ Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցի նշումը։ Անգամ մը եւս վերահամոզելով բոլորս, որ այո՛, երիտասարդութիւնը մեր ապագան չէ միայն. Երիտասարդութիւնը մեր ներկա՛ն է։

.aztagdaily.com/

Տպել Տպել