«Ազդակ»ի Խմբագրական. Առաջնային Եւ Երկրորդական Հասցէատէրեր

Թուրքիոյ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնը ակնկալելիօրէն միջազգային արձագանգներ պիտի յառաջացնէր: Այնտեղ որոշ նորութիւններու ընդունումը չմերժելով հանդերձ, հայկական կողմը գրեթէ միանշանակ զայն նկատեց ժխտողական պաշտօնական քաղաքականութեան նորովի դրսեւորումը, ապրիլեան օրերուն իբրեւ ժամանակահատուած ընտրուած ըլլալը, բառախաղերով մարտավարական քայլ նկատուիլը եւ ոչ շատ ուշ, որոշ յստակեցումներ կատարելով արձանագրուած յետ քայլը:
erd1

Էրտողանի յայտարարութիւնը լրիւ տեղաւորելով Անգարայի պետական քաղաքականութեան ծիրին մէջ եւ այդ պատճառով տարբաղադրական վերլուծումները պահ մը շրջանցելով, կեդրոնանանք այն բաժինին վրայ, որ ի վերջոյ բարձրագոյն մակարդակէ թուրք պետութեան ներկայացուցիչը կը յայտարարէր, որ Ապրիլ 24-ը Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն եւ աշխարհի տարածքին ապրող հայերուն համար կարեւոր նշանակութիւն ունի: Մնացեալը, ցաւակցութիւն, հոգիներու խաղաղութիւն, հասարակաց զոհեր եւ ցաւեր կը շարունակեն տեղադրուիլ ժխտողականութեան մարտավարական խաղերուն մէջ: Ապրիլ 24-ի բաժինը եւս որոշակիօրէն համահունչ կրնայ նկատուիլ այդ բոլորին: Պէտք չէ մոռնալ միաժամանակ, որ նախ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն համար կարեւոր նշանակութիւն ներկայացնող թուական մը ըլլալու իր հաստատումով Էրտողան կանաչ լոյս կը վառէր Պոլսոյ, Անգարայի եւ տարբեր շրջաններու մէջ ծայր առած եւ հետզհետէ զարգացող ապրիլեան իւրայատուկ ոգեկոչական ձեռնարկներուն:

Բայց կարեւոր է Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն եւ ընդհանրապէս բոլոր հայերուն Էրտողանի ակնարկը, որովհետեւ ծխածածկոյթի եւ մշուշապատման ընդհանուր փորձին մէջ յատուկ տեղ ունի ուղերձին հասցէատէրը:

Մշուշապատման այս պետական փորձը մատնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին փոխանցումով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն յայտարարած է, որ Թուրքիոյ ցաւակցութիւնները հասցէագրուած են ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ` հայերուն: Տաւութօղլուն վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ցաւակցական այդ ուղերձը որակած է իբրեւ Թուրքիոյ կողմէ հայերուն հասցէագրուած «պատմական քայլ»: Տաւութօղլու յոյս յայտնած է, որ «պատմական այդ քայլը» նպաստէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու զարգացման:

Այստեղ եւս հայ-թուրք յարաբերութիւնները պէտք է հասկնալ ընդհանրապէս երկու ժողովուրդներուն միջեւ ընթացող յարաբերութիւնները եւ ոչ թէ Անգարա-Երեւան միջպետական մակարդակի վրայ ընթացած կամ չընթացող յարաբերութիւնները:

Աւելի մօտենանք ուղերձի բուն հասցէատիրոջ: Ուղերձը հաւանաբար ունի առաջնային եւ երկրորդական հասցէատէրեր: Ամբողջ բովանդակութիւնը, բնականօրէն ո՛չ հայութեան ցաւակից դառնալն է, ո՛չ Թուրքիոյ մէջ զուտ հայկական շրջանակներուն ապրիլեան ձեռնարկներ կազմակերպելու թոյլտուութիւն տալն է, ո՛չ ալ ընդհանուր զոհերու հոգիներու խաղաղութիւն ցանկալն է: Այս բոլորին նպատակը բացառապէս Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր դրոյթներուն համահունչ կարեւոր առաւելներ ձեռք ձգելն է յաչս միջազգային ընտանիքին: Եւ ահա այն առաջնային հասցէատէրը, որուն ուղղուած է Էրտողանի պատգամը:

Անգարան միայն երկիր շրջափակող պետութիւնը չէ, այլ նաեւ ապրիլեան ձեռնարկներ իր քաղաքներուն մէջ արտօնողը: Անգարան միայն միջազգային ահաբեկչութեան սատարող պետութիւնը չէ, այլ նաեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին ինկած զոհերուն ցաւակցողը: Անգարան միայն Քեսապի տեղահանութեան պատճառ հանդիսացող պետութիւնը չէ, այլ նաեւ ցեղասպանութենէն վերապրողներու ցաւը կիսողը, քաղաքացիութիւն շնորհողը: Եւ նման շատ ու շատ օրինակներ, հասնելու համար նոյնիսկ պատմութեան մէջ արձանագրուած «անմարդկային տեղահանութիւններ»-ու տեսութիւնը ընդունողին:

Միջազգային ընտանիքը ուրեմն նման փորձերով կը դրուի Անգարայի կողմէ ձեռնարկուած «մեծ զիջումներու» իրականութեան առջեւ:

Հայկական կողմը, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեամբ, թէ՛ համայն սփիւռքի տարածքով միանշանակ ընկալած է ուղերձը: Այդ գիտակցութիւնը ի սկզբանէ ունէր նաեւ Անգարան եւ իր վարչապետը, երբ կը նախաձեռնէր նման բառախաղի մը: Թիրախաւորուած հասցէատէրը այս պարագային առաւելաբար միջազգային ընտանիքն է ու միջազգային հանրային կարծիքը, որուն ուղղութեամբ մենք եւս պէտք է աշխատինք` փարատելու համար Անգարայի յառաջացուցած մշուշը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել