Հայ Դատի խորհրդաժողով Պէյրութում

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպութեամբ, Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներու միօրեայ խորհրդաժողովը` նպատակ ունենալով քննարկել Միջին Արեւելքի մէջ գործող Հայ դատի մարմիններուն դժուարութիւններն ու աշխատանքները` շրջանային ներկայ քաղաքական զարգացումներուն լոյսին տակ:

«Այս հանգրուանին, մեկնելով տարածաշրջանին մէջ արձանագրուած քաղաքական իրադարձութիւններէն եւ նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ թրքական թափանցումը, մենք յարմար նկատեցինք գումարել նման խորհրդաժողով մը` խորհրդակցելու եւ քննարկելու համար այս երեւոյթը: Այս խորհրդաժողովը կազմակերպեցինք, որպէսզի միասնաբար համադրենք եւ նոր մարտավարութիւն մը ճշդենք` դիմագրաւելու համար թրքական թափանցումը Միջին Արեւելքի մէջ, որովհետեւ ասիկա մեզի համար իսկապէս մեծ մտահոգութիւն է»,- ըսաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանը եւս այսօր մտահոգ է թրքական թափանցումով, հակառակ մեր այն համոզումին, թէ մենք յաւելեալ ազատութիւններ կը վայելենք Լիբանանի մէջ: «Բայց գետնի վրայ պարզուող իրականութիւնը եւ որդեգրուած գործնական քայլերը մեզ դրած են այլ իրականութեան մը դէմ յանդիման, որ մեզ մղած է հաւատալու, թէ յառաջիկային Միջին Արեւելքի միւս երկիրներուն նման մենք ալ կրնանք դժուարութիւններ ունենալ»,- աւելցուց Վ.Եագուպեան:

Այս առիթով Լիբանան ժամանած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան, որ իր կարգին խօսեցաւ այս հանգրուանին նման խորհրդաժողովի մը կազմակերպման անհրաժեշտութեան մասին:

«Նման խորհրդակցութիւնները ունին աւանդական բնոյթ, սակայն այս խորհրդակցութիւնը, զոր մենք կը փորձենք իրականացնել Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն ընդմէջէն, ունին աւելի յստակ օրակարգ: Օրակարգը ունի երեք ուղղութիւն, որոնցմէ մէկն է միայն, որ այսօր հոս կը քննարկուի£ Թուրքիոյ հետզհետէ խստացող հակահայ քարոզչութիւնը` աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, խորհրդարանական եւ ժողովրդային մակարդակներուն վրայ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ցուցաբերած բացայայտ ուրացող կեցուածքը, որ անոր կողմէ կþօգտագործուի իր տնտեսական եւ այլ յառաջխաղացքներուն հետ միաժամանակ, եւ իր կեցուածքը ուղղակիօրէն կը պարտադրէ այն երկիրներուն, որոնց հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ ունի: Այս մէկը մտահոգիչ է մեզի համար եւ մենք պիտի փորձենք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ հակաքարոզչութիւն կազմակերպել, հասկնալ նաեւ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ ստուգել, թէ արդեօք այդ քաղաքականութեան ընկալումը կայ մեր բարեկամ երկիրներուն մօտ:

Մասնաւորապէս, վերջին վեց կամ եօթը ամիսներուն ընթացքին, Թուրքիա յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ այսպէս կոչուած նոր օսմանիզմի քաղաքականութեան եւ արաբական աշխարհի մէջ այդ մէկը շատ կարեւոր կը նկատուի, հետեւաբար մենք իբրեւ կուսակցութիւն, իբրեւ կազմակերպութիւն, որ հիւրընկալուած է արաբական երկիրներուն կողմէ` Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, այդ շրջանին մէջ պէտք է ունենանք մեր յստակ առաջադրանքները: Մենք պիտի հասկնանք այս երկիրներուն քաղաքականութիւնը, պիտի կարենանք գնահատել իրավիճակին նրբութիւնը, նաեւ հայ համայնքը պիտի կարենայ պաշտպանել իր պատմական իրաւունքները, ինչպէս նաեւ հասկնալի դառնայ` տուեալ ժողովուրդներուն համար»,- շեշտեց Լ. Մկրտչեան:

Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Քուէյթի եւ Իրանի Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, որոնք միօրեայ այս խորհրդաժողովին քննարկեցին Միջին Արեւելքի մէջ Հայ դատի հետապնդման գործունէութեան միջոցներն ու դժուարութիւնները` տրուած ըլլալով, որ իւրաքանչիւր շրջան ունի իրեն իւրայատուկ գործելաոճ, բայց եւ այնպէս միացեալ դժուարութիւններ:

Միջին Արեւելքի մէջ հետզհետէ աւելի ծաւալող ու զօրացող թրքական դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ սերտ գործակցութիւնը արաբական պետութիւններու հետ, հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման կը դնէ նոր մարտահրաւէրներու, որոնց պէտք է մօտենալ յաւելեալ գիտակցութեամբ, ամենայն զգաստութեամբ եւ առողջ գործելակերպով, որոնք քննարկելու լաւագոյն միջոցը նման խորհրդաժողովներու կազմակերպումն է:

Տպել Տպել