«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Պաքուի որջէն ներս

Անտառի քաղաքականութիւնն է որ կիրարկուեցաւ, վերջերս Պաքուի մէջ կազմակերպուած, ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին, որ կը կրէր «Հարաւային Կովկաս.- Մարտահրաւէրներ եւ Հնարաւորութիւններ» խորագիրը:

bakouԱյսպէս, իրենց որջէն ներս, ազերի ղեկավարութիւնը կազմակերպելով եւ հիւրընկալելով այս համագումարը, զայն վերածեց, աժան քարոզչական բնոյթ ունեցող հաւաքներու, ուր ամէն լաւ բան կը պատկանի նոյնինքն տեղւոյն երկրին ու ղեկավարութեան, փոխարէն չարն ու գէշը` թշնամիին:

Այս մթնոլորտին մէջ է որ Հայաստանի ներկայացուցիչները՝ Հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Հանրապետական Կուսակցութեան պատգամաւոր Կորիւն Նահապետեան, ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Թեւան Պողոսեան եւ մասնագիտացած փորձագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեան ժամանած էին Պաքու:

Անշուշտ Արցախն էր ազերի քարոզչական մեքենային կարեւորագոյն նիւթը: Աղաւաղուած եւ կեղծուած պատմութիւնով Արցախի հիմնահարց մը, ուր շահագործողը վերածուած էր շահագործուողի, օգտագործողն ալ՝ օգտագործուողի…Աւելի իրապաշտօրէն նկարագրելու համար, ջարդողը՝ ջարդուողի եւ սպաննողն ալ՝ սպաննուողի: Խոճալուի ներկայացուած կեղծիքը, օրինակներէն մէկն է այս յարձակողական քաղաքականութեան:

Քաղաքագէտներու համար, յստակ է թէ Պաքուի կատարածը բոլորովին հեռու է քաղաքական եւ քաղաքակրթուած աշխարհի փրոթոքոլներէն: Անոնք իրենց ծայրայեղութեամբ, փաստեցին թէ լրջօրէն քննարկելու կարողութիւն եւ նոյնիսկ պատրաստակամութիւն չունին:

Ազերի ղեկավարութիւնը այնքան մը »կոյր« է որ, խստիւ քննադատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ, Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մեթիու Պրայզան:

Այս վերջինը պարզապէս յայտնած էր թէ անհրաժեշտ է աշխատանքը շարունակել` Արցախի տագնապի լուծման զինուորական ճամբու կիրարկումը նուազեցնելու համար, եւ աւարտած էր իր խօսքը նշելով թէ, Ատրպէյճան պէտք է որ անպայման արձակազէնները հեռացնէ սահմանային գիծերէն:
Բամբասանքային մակարդակի վրայ մնալով, ազերի պատուիրակութիւնը Պրայզային յիշեցուցած է, որ հայերը դէմ էին իր դեսպան ըլլալուն, այն պատճառով, որ անոր կողակիցը ազգութեամբ թուրք է:
Վստահաբար միեւնոյն ճղճիմ ու մանկական բնոյթ ունեցող մտայնութեան պտղաբեր արդիւնքն է երեք հայ պատգամաւորներու իջեւանած պանդոկին առջեւ կատարուած ցոյցը՝ այսպէս կոչուած Ղարաբաղի ազատագրման կազմակերպութեան խումբ մը ազերիներու կողմէ: Աւելին,նոյնիսկ ոստիկանութիւնը, որ ցրուած է այս ցուցարարները եւ գրաւած անոնց պաստառները, այդչափ ալ սիրայօժարութեամբ չէ կատարած իր պարտականութիւնը:

Հաւանաբար տեղացիին համար, շատ աւելի խանդավառութիւնն ու հրճուանքը իր գագաթնակէտին հասած պիտի ըլլար, եթէ Ռամիլ Սաֆարով իր կացինով մասնակցած ըլլար թէ՛ համագումարին եւ թէ՛ ցոյցին:

18/06/2014
hairenikweekly.com

Տպել Տպել