Պէտք է զգուշանալ ընկերային դժգոհութեանց հարցով ներքին պայթումէն

Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Հետ

0207mgrdich-720x480Չորեքշաբթի, 2 յուլիս 2014-ին, «Ազդակ» օրաթերթի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ:

Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ չճանչցուած պետութիւններու երեւոյթին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին վրայ անոր ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութեանց եւ Հայաստանի մէջ ընկերային հարցերով բողոքի ցոյցերու երեւոյթին:

Խօսելով չճանչցուած պետութիւններու երեւոյթին մասին` Մկրտիչեան յայտնեց, որ քաղաքական բնական երեւոյթ է, որ երբ տեղի ունենայ քաղաքական ցնցում` անոր յաջորդեն յետցնցումներու հետեւանքներ: Այդ ցնցումը յառաջացաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումով, որուն պատճառով Պաղ պատերազմի ընթացքին ստեղծուած հաւասարակշռութիւնը խախտեցաւ եւ այսօր ականատես կը դառնանք այդ զարգացումին ազդեցութեան շարունակութեան:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդային խաւին մօտ նկատուող ընկերային հարցերով բողոքի ցոյցերու երեւոյթին, նշելէ ետք, թէ ատիկա հետեւանք է Խորհրդային Միութեան փլուզման, ան ըսաւ, որ մինչեւ հիմա, բացի սկզբնական շրջանի ղարաբաղեան խնդիրի եւ ազգային հարցերով ցոյցերէն, ընկերային հարցերով ցոյցեր տեղի չէին ունենար, որովհետեւ ժողովուրդը հաւատք չունէր, որ կրնայ բան մը փոխել: Հիմա այդ մօտեցումը փոխուած է եւ ժողովրդավարութեան ընձեռած առիթը կ՛օգտագործուի երիտասարդութեան ու ժողովուրդին կողմէ, ինչ որ դրական երեւոյթ է: Սակայն պէտք է զգուշանալ ընկերային դժգոհութեանց հարցով ներքին պայթումէն, որ կրնայ շահագործուիլ եւ վնաս հասցնել ազգային հարցերուն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել