Հաղորդագրութիւն

Fotor0717145511Երկուշաբթի 14 Յուլիս 2014, երեկոյեան ժամը 18:00.ին, պատուիրակութիւն մը բաղկացած Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Արա Մանկոյեանէ, ատենադպիր պրն. Արամ Աւագեանէ եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ պրն. Յակոբ Յովակիմեանէ հանդիպում ունեցաւ Բիրէայի Ա. Շրջանի երեսփոխան եւ նախկին կրթական Նախարար պրն. Գոնսթանտինոս Արվանիթոփուլոսի հետ, իր քաղաքական գրասենեակին մէջ:

Հանդիպման նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր պրն. Արվանիթոփուլոսին, իբրեւ կրթական նախարար իր երկար ծառայութեան ընթացքին՝ իր որոշումներով հայկական վարժարաններուն եւ ընդհանրապէս յունահայ համայնքին հետ առնչուած հարցերու բարւոք լուծման հա-մար:

Իր կարգին պրն. երեսփոխանը գոհունակութիւն յայտնեց այցելութեան համար, տեղեկութիւններ ուզեց գաղութը զբաղեցնող այժմու խնդիրներուն մասին եւ խոստացաւ շարունակել զօրավիգ կանգնիլ մեր համայնքին:

Յիշեցնենք, թէ պրն. Արվանիթոփուլոսի նախարարութեան շրջանին, իր որոշումներով վճարուեցան 2010-11 եւ 2011-12 դպրոցական տարեշրջաններու ընթացքին մինչ այդ անվճար մնացած հայ ուսուցիչներու ամսականները, կանոնաւորապէս վճարուեցան 2012-13 դպրոցական տարեշրջանի ամսականները, իսկ 2013-2014 տարեշրջանին համար կարելի եղաւ, հակառակ բազմապիսի սեղմումներուն, ապահովել կէսէն աւելի հայ ուսուցիչներու ամսականներու վճարումը:
Վերոյիշեալ հսկայական գումարներու գանձումով, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան կազմակերպած Ֆոնեթոնով, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան եւ «Արմենոֆաս» Հաստատութեան բացառիկ յատկացումներով՝ կարելի եղաւ փակել մեր վարժարաններու մինչեւ այսօր գոյութիւն ունեցող ամբողջ նիւթական բացը:

Շնորհակալութիւն բոլորին:

Դիւան
Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարանի

azator.gr

Տպել Տպել