Անսպառ Աղբիւր

kayq1Հայրենասիրութիւն, հերոսականութիւն, հայրենիքի ու ազգի համար գերագոյն նուիրաբերում. Լիզպոնի հինգ տղաներու խենթ սխրանքը ներշնչման անսպառ աղբիւր է այդ բոլորին:

Ահա երեսունմէկ տարի ետք, երբ ազգային կեանքի յեղափոխական շրջադարձներու՝ Հայաստանի անկախութեան, Արցախի Ազատագրական պայքարի եւ Հայ Դատի հետապնդման ճանապարհին, նոր նուաճումներու ու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, կը փորձենք գնահատել Սարգիս Աբրահամեանի, Սեդրակ Աճէմեանի, Արա Գըրճըլեանի, Սիմոն Եահնէեանի եւ Վաչէ Տաղլեանի յուսահատական թուացող, սակայն յուսահատական ոգին էապէս ջարդող քաջարի արարքը, ապա կը գիտակցինք այն հզօր ուժականութեան, որով այս երիտասարդները ներարկեցին պայքարի խրամատներուն վրայ կանգնողներու երակները:

«Լիզպոնի Հինգ» անունը տուած ենք Հայաստանի, հայութեան հինգ զաւակներուն, որոնք իրենց մատաղ կեանքը օտար հողի վրայ զոհաբերեցին, որոնք հայրենիքէն զրկուած ըլլալու վիրաւորանքը իրենց արեամբ մաքրեցին, որոնք եթէ ֆիզիքապէս հայրենի հողին հետ մերուելու մխիթարանքը չունեցան՝ ապա իրենց խիզախութեամբ հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն վրայ փառքի պատուանդանին կանգնելու իրաւունքը նուաճեցին:

Յաւե՜րժ փառք այս երիտասարդներուն, Լիզպոնի հինգ տղաներուն, որոնց հոգին կը փայլի իբրեւ փարոս՝ լուսաւորելով այսօր եւս հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հայ զինուորներուն, Հայ Դատի համար պայքարող կամաւորներուն ճանապարհը:

Յառաջիկայ Կիրակի, 27 Յուլիսին, շրջանիս եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմիա» պիտի հնչէ հինգ նահատակներու հոգիին համար, իսկ Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, խնկարկելէ ետք իրենց յիշատակը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները եւ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն միանալ իրենց, պիտի այցելեն վրիժառու բազուկ Միսաք Թորլաքեանի շիրիմը եւ ծաղկեպսակ դնեն անոր առաջ՝ ի յարգանս բոլոր վրիժառուներու եւ անոնց հոգեզաւակներու՝ Լիզպոնի տղոց յիշատակին:

Թորլաքեանի շիրիմը կը գտնուի 204 N. Evergreen Ave., Los Angeles, CA 90033 հասցէի գերեզմանատան մէջ:

asbarez.com

Տպել Տպել