«Ազդակ»ի Խմբագրական. Լիզպոնի Խորհուրդները` 100-Ամեակի Նախաշեմին

kayq5Լիզպոն երեւոյթին մասին հրապարակագրական այժմէականացում կատարող որեւէ փորձ քանի մը ուղղութիւններ անպայման նկատի կ՛ունենայ հայ ժամանակակից պատմութեան մէջ աննախադէպ այս արարքին ձգած հետեւանքները վերլուծելու պահուն:

Ժամանակահատուածի առումով` լիզպոնեան խոյանքէն 31 տարի ետք եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն տարի մը առաջ, ոսպնեակները կը հրաւիրուին կեդրոնանալու Լիզպոնի մէջ պայթած ուժանակներուն յառաջացուցած տարբեր բնոյթի արձագանգներուն վրայ:

Ներազգային առումով Լիզպոնը, յատկապէս քաղաքական պայքարի դաշտ նետուած երիտասարդութեան մօտ արձանագրեց բարոյահոգեբանական հսկայական ոստում: Բարոյահոգեբանական հսկայական ալիքաւորումին ստեղծած մակընթացութիւնն է, որ մինչեւ այսօր պահանջատէր երիտասարդութեան մօտ կը շարունակէ ստեղծել հայութեան պայքարի եղանակի գագաթ նուաճած Լիզպոնի դիւցազունները գերագոյն հերոս նկատելու խորին խորհուրդներու ամբողջութիւնը:

Ուժանակներուն պայթումը ժամանակակից սերունդին մօտ քանդեց նաեւ անհաւասար կռիւի տեսութեան ձգած նպատակի անհասանելիութեան կարծրատիպը: Միաժամանակ զգաստացնելով բոլոր անոնք, որոնք ուժական պայքարը բացառելով, այլ ճանապարհներու մէջ կ՛որոնէին մեր իրաւունքներու վերատիրացման պայքարի եղանակները:

Լիզպոնը իր վրայ կեդրոնացուց աշխարհի ուշադրութիւնը: Այնտեղ նկատելու` արդար դատի մը համար իրենք զիրենք պայթեցնելու պատրաստ բանակի մը հնգանդամ փաղանգին ետին երեւցած անգնահատելի ներուժը: Այդ ներուժին հետ հաշուի նստելու պարտաւոր էին ոչ միայն թշնամին, այլ նաեւ աշխարհաքաղաքականութեան ճարտարապետները: Ուրեմն կա՛ր, գոյութիւն ունէր միջավայր, որուն փոխանցած մթնոլորտը, ջամբած դաստիարակութիւնը կրնար որեւէ պահու կերտել, վերակերտել, անվերջ կերտել առաւելագոյնը զոհաբերողներու պատրաստ երիտասարդութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին այս միջավայրի, ներուժի գոյութեան վերյիշեցումը օգտակար կ՛ըլլայ ժխտողականութիւնը շարունակողին, անտարբեր մնացողին, հաշտեցման յանձնաժողովներ առաջադրողին, պատմաբաններու միացեալ քննարկումներ առաջարկողին, անմարդկային տեղահանութիւն բանաձեւումով խուսափում կատարողին, ընդհանուր ցաւերու համար ցաւակցութիւն յայտնողին եւ բոլոր անոնց տակաւին, որոնք ցեղասպանութիւնը քաղաքական խաղաթուղթի կը փորձեն վերածել:

Լիզպոնը հատու պատասխան է քաղաքական այդ աճպարարներուն: Լիզպոնը յայտարարութիւն է, որ այստեղ խաղ չկայ: Որ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքները, բոլո՛ր իրաւունքները անսակարկելի են եւ որոնց վերականգնման համար մղուած ու մղուող պայքարին դէմ որեւէ փրոթոքոլ նշանակութիւն չի կրնար ունենալ:

Լիզպոնը պայքարելաձեւի այն գագաթն է, որուն վրայ ստուեր չեն յաջողիր ձգել արեւմտեան քարոզչամեքենաներու ստեղծած կարծրատիպերը` ազատագրական պայքարներու հասկացողութեան ձեւախեղումով: Ահաբեկչութեան նորօրեայ ընկալումը եւ այդ տեսակի ընկալման համար տարուող տեղեկատուական քաղաքականութիւնը ջնջած են մարդասպանութեան, զանգուածային սպանութեան եւ յեղափոխութիւններու ու ազատագրական պայքարներու միջեւ գտնուող հսկայական անջրպետը: Մէկ բառով կը պիտակաւորուին երբեմն այն աքթերը, որոնք կ՛ընդդիմանան բռնութիւններուն, մինչ կը նուիրականանան պետական մակարդակով կիրարկուող հակաահաբեկչական, բայց խորքին մէջ ահաբեկչական քաղաքականութիւնները:

Լիզպոնը այսօր փոխանցում ունի կատարելիք նաեւ մեր հայրենիքի գիւղերուն վրայ կրակողներուն, մեր սահմաններէն ներս ոտնձգութիւն կատարողներուն, սահմանապահ հայ զինուորներուն ուղղութեամբ կրակող արձակազէններուն, հայ սպան քունին մէջ կացինահարողներուն, մարդասպանները հերոսացնողներուն եւ հայ ժողովուրդին սպառնացողներուն: Հակառակորդի այս տեսակը եւս հաշուի նստելու պարտաւոր է Լիզպոնի օրինակ նուիրած ժողովուրդին հետ:

Լիզպոնը յուշարար է, պատասխան է, կամք է, գագաթնակէտ է: Լիզպոն կերտած ժողովուրդը կը կերտէ իր պատմական բոլո՛ր իրաւունքները:

aztagdaily.com

Տպել Տպել