«Արմենիա»ի Խմբագրական. «Ազատութիւն» Րատիոկայանի թղթակիցին հերիւրանքները նախագահ Սարգսեանի այցելութեան առիթով

արգենտինաՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան Արժանթին, Ուրուկուայ եւ Չիլէ այցելութիւնը Յուլիս 7էն 12 լայն արձագանգի արժանացաւ հայրենի թէ Սփիւռքի մամլոյ շրջանակներուն մէջ: Անկախ դիւանագիտական իմաստով իր ներկայացուցած կարեւորութենէն, հրապարակային ելոյթներու թէ մամլոյ ասուլիսներուն եւ անհատ լրագրողներու հետ իր ունեցած հարցազրոյցներու ընթացքին նախագահ Սարգսեանի կատարած յայտարարութիւններուն բովանդակութիւնը՝ ե՛ւ Հայաստանի անվտանգութեան հարցերու, ե՛ւ երկկողմանի յարաբերութիւններու, ե՛ւ Արցախի հիմնախնդրով, ե՛ւ Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի, ե՛ւ Սփիւռքի հետ համագործակցութեան նիւթերուն մասին չվրիպեցան ուշադրութենէ: Այցելութեան մանրամասնութիւններուն մասին հայրենի թէ սփիւռքեան հանրային կարծիքը անմիջականօրէն տեղեակ պահելու գործին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան ե՛ւ ՀՀ պատուիրակութեան մաս կազմող լրագրողներու խումբը, ե՛ւ հարաւամերիկեան հայկական մամլոյ օրգաններու եւ լրատու գործակալութեանց պատասխանատուները շնորհիւ իրենց մասնագիտական բարձր որակին:

Բացառութիւն էր «Ազատութիւն» րատիոկայանի Ուրուկուայի թղթակիցը, որուն հաղորդումը Պուէնոս Այրէսէն ոչ միայն չէր համապատասխաներ իրադարձութեանց առարկայական տեղեկատուութեան, այլեւ իր բնոյթով ապատեղեկատուութիւն էր, չըսելու համար այցելութիւնը խայտառակելու յատուկ ճիգ: Հեռարձակած իր հերիւրանքներուն շարքին էր լուրի հաղորդման իսկ նախորդած իր արժեւորումը Սարգսեանի Արժանթին այցելութեան, որ որակուեցաւ ոչ այնքան յաջող որքան կ’ակնկալուէր որովհետեւ, եղեր, Նախագահին չէր ընդունած արժանթինցի իր պաշտօնակիցը՝ Քրիսթինա Ֆեռնանտէս տէ Քիրչնէր, այլ՝ փոխ-նախագահ Ամատօ Պուտու: Արժանթինի նախագահուհին, ինչպէս հանրածանօթ էր, խիստ հիւանդութեան պատճառով ջնջած էր այդ շաբթուայ բոլոր հանդիպումները որոնց շարքին հարաւամերիկեան երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ խորհրդաժողով մը: Բայց այդ առարկայական տուեալները անտեսուեցաւ, նսեմացուեցաւ «Ազատութիւն» րատիոկայանի թղթակիցին կողմէ, եւ անոր փոխարէն շարահիւսուեցան այնպիսի պատճառներ որոնք ոչ մէկ կապ ունէին հայ-արժանթինեան յարաբերութիւններուն հետ: Միեւնոյն տրամաբանութեամբ, ան չյիշեց Նախագահին ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին ներկայ կառավարական բարձրագոյն պաշտօնեաներէն եւ ոչ մէկը:
Նոյն օրուայ երեկոյեան եւ յաջորդ օրուան ընթացքին, նոյն անձնաւորութիւնը ճիգ չխնայեց Նախագահին եւ արժանթինահայ համայնքին հանդիպումներուն միայն ժխտական երեսները տեսնելու, մինչ երկրի գործադիր թէ օրէնսդիր իշխանութիւններու եւ Պուէնոս Այրէսի քաղաքային կառավարութեան անդամներուն հետ տեսակցութիւններուն, խօսակցութիւններուն ու ստորագրուած համաձայնագրերուն մասին ոչ իսկ անդրադարձաւ:

Աւելի՛ն, այդ անձնաւորութիւնը իր լրագրողի հանգամանքին մասնագիտական որակին մասին յաւելեալ փաստ մը տուաւ նախագահ Սարգսեանի Ուրուկուայ այցելութեան նախօրեակին, երբ անդրադառնալով երկրի նախագահ Խոսէ Մուխիքայի մասին, ըսաւ թէ ան ծանօթ է որպէս աշխարհի ամենաաղքատ նախագահներէն մէկը, որ, միշտ իր խօսքերով, շատերուն համար երկրի մը նախագահին իսկ չնմանիր… Նախագահական այցելութեան նախօրեակին հանրային կարծիքը ժխտականօրէն նախատրամադրելու, այցելութեան լրջութեան ու կարեւորութեան մակարդակը գետնին հաւասարացնելու համար այսկէ լաւ մեկնաբանութիւն դժուար թէ կարելի ըլլայ երեւակայել…

Անկախ նախագահ Սարգսեանի այցելութեան կարեւորութիւնը ջրելէ, անկախ արժանթինահայ համայնքի հանդէպ առնուազն անյարգալից վերաբերմունք ցոյց տալէ, անկախ իր անշնորհ հաղորդումներով հայրենի թէ սփիւռքեան հանրային կարծիքը մոլորեցնելէ, «Ազատութիւն» րատիոկայանի Ուրուկուայի թղթակիցը փաստը տուաւ իր անմասնագիտութեան մակարդակին, ինչ որ «Ազատութիւն» րատիոկայանի պատասխանատուներուն մտահոգութեան պատճառ պէտք է ըլլայ եթէ, անշուշտ, կ’ուզեն պահել րատիոկայանի հանրածանօթ լրջութեան որակը ինչ կը վերաբերի Հարաւային Ամերիկայէն իրենց ալիքներով հեռարձակուող հաղորդումներուն:

ԱՐՄԵՆԻԱ
Պուէնոս Այրէս, 30 Յուլիս 2014

Տպել Տպել