Սլաք. «Պիղծ» Քուէարկող, «Ընտիր» Քուէ

20140806-Erdogan
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռուող յայտագիրի մը ընթացքին յայտնած է. «Թոյլ տուէ՛ք, որ Թուրքիոյ մէջ թուրքը ըսէ, որ թուրք է, քիւրտը ըսէ` քիւրտ է: Ատոր մէջ ի՞նչ վատ բան կայ»: Ատոր մէջ որեւէ վատ բան չկայ, սակայն արդեօք հայը, յոյնը եւ հրեան ալ պէտք չէ՞ նոյն իրաւունքը ունենան, ի վերջոյ անոնք ալ Թուրքիոյ քաղաքացիներն են: Դժբախտաբար անոնք քաղաքացիներ չեն, այլ Թուրքիոյ մէջ բնակողներ, որոնց «գարշելի» ներկայութիւնը կը հանդուրժուի:

Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնի թեկնածու Էրտողան այդ իրաւունքին կիրարկման համար բարենպաստ մթնոլորտի ստեղծումին նկատմամբ յոյսեր չի ներշնչեր, որովհետեւ կը նշէ. «Իմ մասիս ինչեր ըսես` չեն ըսած: Ըսած են` վրացի եմ: Աւելի տգեղ բաներ ալ ըսած են, կը ներէք արտայայտութեանս համար, ըսած են նաեւ, որ հայ եմ»: «Հայ». ինչ ահաւոր ու «տգեղ» հայհոյանք, որ ուրիշներուն առջեւ բերնէդ արտաբերելու համար պէտք է նախօրօք ներում հայցես, այլապէս կրնան մտածել, թէ հասարակին մէկն ես:

10 օգոստոսի նախագահական ընտրութեան թեկնածու ներկայացած Էրտողանին պէտք է հարց տալ. «Եթէ հայ, յոյն կամ հրեայ ըլլալը «տգեղ բան» մըն է, անոնց քուէները ստանա՞լը ինչ է»: Էրտողանի միջազգային վարկին ու ժխտողական քաղաքականութեան համար փոքրամասնութեանց քուէները ստանալը կարեւոր է: Անոր ցեղապաշտական արտայայտութիւնը աննախադէպ չէ, ուստի կարելի է հաստատ ըսել, որ ըստ Էրտողանի, այդ քուէները «ընտիր» են, իսկ քուէատուփին մէջ զանոնք նետողները` «պիղծ»:

ԼԱԽՏ
«Ազդակ»

Տպել Տպել