ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պըրրիի Եւ Ապտել Ռահիմ Մրատի

20140807-LipՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկեր Յակոբ Խաչերեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ ահաբեկչութեան եւ ահաբեկիչներուն դէմ իր պայքարին ընթացքին լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ անոր նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մրատի, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան եւ արաբական երկիրները յուզող հարցերը:

Քննարկումներուն ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ երկու կողմերը կը բաժնեն նմանօրինակ կեցուածքներ Արսալի եւ բանակին, ինչպէս նաեւ սիոնական գոյացութեան բռնաճնշումներուն դէմ պայքարող Կազայի նկատմամբ ցուցաբերուած ամբողջական զօրակցութեան առումով:

Շեշտուեցաւ նաեւ, որ անհրաժեշտ է շրջանին մէջ քրիստոնէական գոյութեան սպառնացող կրօնական ծայրայեղութեան վերջ մը դնել` պահպանելով այդ գոյութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին անոնք ընդգծեցին Լիբանանի ապահովական կայունութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը վերջնականացնելու անհրաժեշտութիւնը` ըլլայ ան նախագահական թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու առումով:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել