ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Զօր. Միշել Աունի

0808_Aoun_HHTՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեանէ, Րաֆֆի Աշգարեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան զարգացումները` ընդգծելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի ընկեր Յ. Խաչերեանի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու վերջին զարգացումները:

Կը նախատեսուի, որ Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը մօտիկ ապագային հանդիպում մը ունենայ վարչապետ Սալամի հետ:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել