Ատրպէյճանական զինուած ուժերու ատամները ջարդուեցան Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ: Սահմանի ամբողջ երկայնքով, հայկական պաշտպանական դիրքերուն վրայ խոցելի կէտեր յայտնաբերելու ատրպէյճանական բոլոր փորձերը ի դերեւ ելան: Ծանր կորուստներու ենթարկուած ատրպէյճանական բանակի հրամանատարական կազմը, ինչպէս եւ այդ երկրի քաղաքական իշխանութեան վերնախաւը մատնուած է անզօր մոլեգնութեան, որուն դրսեւորումը եղաւ անզէն գիւղացի, գերեվարուած Կարէն Պետրոսեանի հանդէպ ցուցաբերուած անմարդկային վարմունքը:
Խորապէս ընդվզեցուցիչ այս բարբարոսութիւնը կը վերահաստատէ Ատրպէյճանի պետական ղեկավարութեան արժէքային համակարգի ամբողջական սնանկութիւնը: Արդարեւ, ոճրագործ Սաֆարովը ազգային հերոսի վերածող մտայնութիւնը ուրիշ ի՞նչ ձեւով կրնար իր անկարողութիւնը կոծկել, եթէ ոչ՝ անզէն հայու մը վրայ իր ողջ զայրոյթը թափելով:
Կրկնակիօրէն պարտուած բանակի մը հրամանատարը ըլլալը նախանձելի չէ, բայց կը վստահեցնենք, որ աւելի անբաղձալի է սեփական ժողովուրդի ճակատին անպատուաբեր խարան դնելու վարքագիծը: Ատրպէյճանի ներքին քաղաքական կեանքին հետեւողներուն համար արդէն իսկ ակներեւ է, որ Ալիեւի բռնատիրական, փտած իշխանութեան դէմ բողոքները օրէ օր կը սաստկանան, կը ծաւալին. ըմբոստացող գործիչներու դէմ հալածանքներն ու ձերբակալութիւնները արդէն իսկ կարելի չէ թաքցնել միջազգային հանրութեան աչքերէն:
Գերիի մը հանդէպ ցուցաբերուած այս ամօթալի արարքը պարզապէս աւելի պիտի վարկաբեկէ այդ իշխանութեան գլուխը կանգնած քաղաքական ու զինուորական գործիչները՝ բարոյալքելով ազերի ժողովուրդը, եւ այդ բարոյալքումը պիտի վարակէ ատրպէյճանական զինեալ ուժերու շարքերը: Այդ հոգեվիճակին մատնուած բանակը, ջարդուած ատամներով նոր նահանջներ արձանագրելու հեռանկարով միայն կրնայ ապրիլ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
http://asbarez.com/







