Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեանէ, Յովհաննէս Թասլաքեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, 11 Օգոստոսի յետմիջօրէին այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարչապետ Սալամի հետ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեան է եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, 12 Օգոստոսին այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները եւ կառավարութեան իրավիճակը` ընդգծելով նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը եւ բանակին հանդէպ զօրակցութիւնը:
Սլէյման Ֆրենժիէի հետ
Նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Պնաշհի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն դիմագրաւած հարցերը:
Միշել Մըրի հետ
13 Օգոստոսին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Յովհաննէս Թասլաքեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, այցելեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, երեսփոխան Միշել Մըրի:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ քաղաքական հրատապ անցուդարձերը:
«ԱԶԴԱԿ»







