Յառաջիկայ Մարտ 13-15-Ին.- Նիւ Եորքի Մէջ Միջազգային Խորհրդաժողով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առթիւ

Հայաստանի եւ Թուրքիայի ֆութպոլի ազգային խումբերու մրցումին, Երեւան, Սեպտեմբեր 2008։

Հայաստանի եւ Թուրքիայի ֆութպոլի ազգային խումբերու մրցումին, Երեւան, Սեպտեմբեր 2008։

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Յառաջիկայ Մարտ 13-15-ին, Նիւ Եորքի Marriott Marquis պանդոկէն ներս տեղի պիտի ունենայ միջազգային խորհրդաժողով նուիրուած հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Այս եռօրեայ խորհրդաժողովին ելոյթ պիտի ունենան շարք մը յայտնի պատմաբաններ, քաղաքականութիւն մշակող անձեր, գրողներ եւ արուեստագէտներ, հրաւիրուած զանազան երկիրներէ: Յայտագիրը պիտի պարունակէ զուգահեռաբար գումարուղ առաւօտեան եւ երեկոյեան զրոյցներ եւ քննարկումներ, որոնք պիտի կեդրոնանան Ցեղասպանութեան համար արդարութեան եւ հատուցման հարցերուն, պաշտպանելու պատասխանատուութեան, Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան, արդարութեան եւ հաշուետուութեան գործընթացին, համերաշխութեան կառուցման եւ Ցեղասպանութեան ու զանգուածային բռնութեան դէմ արուեստագիտական պատասխաններուն:

«Պատասխանատուութիւն 2015» անունը կրող այս խորհրդաժողովը կը կազմակերպուի Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբին կողմէ, Ա.Մ.Ն.-ի Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցի Յանձնախումբի հովանաւորութեամբ:

Երեկոյեան նիստերը պիտի համախմբեն քաղաքականութիւն մշակող անձեր, քաղաքական ղեկավարներ, արուեստագէտներ եւ յայտնի անձնաւորութիւններ, որոնք պիտի շեշտեն անցեալի անարդարութիւնները դիմագրաւելու պատասխանատուութիւնը եւ նորերուն արգելք հանդիսանալու պայքարը:

Գոյատեւման նիւթ ունեցող լուսանկարչական եւ արուեստի ցուցադրութիւններ տեղի պիտի ունենան խորհրդաժողովի գումարման տեւողութեան ընթացքին:

Կազմակերպական յանձնախումբին մաս կը կազմեն.- համանախագահներ՝ Խաչիկ Մուրատեան եւ Հայկ Օշական, իրենց կողքին ունենալով Ճորճ Աղճայեան, Քիմ Հեքիմեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Հենրի Թերիօ:

Մասնակցող դասախօսներու ցանկը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կարելի է կապ հաստատել խորհրդաժողովի համադրող՝ Սարգիս Պալխեանի հետ.- [email protected] կամ այցելել խորհրդաժողովի կայքը՝ www.responsibility2015.com:

Տպել Տպել