Ակնարկ. Նիւփորթը Սոչիին Դիմաց

natoՀիւսիսատլանտեան ուխտի համագումարի շրջանակներուն մէջ կիսայանկարծակի հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջնորդութեամբ` նախագահներ Սարգսեան եւ Ալիեւի, առաջին հայեացքով Սոչիի հակաքայլ կարելի է դիտարկել:

Չմոռնանք, որ վերջին շրջանին եւ միջնախագահական բանակցութիւններու երկարատեւ դադարէ ետք, Ֆրանսայի նախագահին կը պատկանէր եռակողմ հանդիպում կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը: Սահմանային գօտիներու վրայ ստեղծուած գերլարուած իրավիճակը եւ դէպքերու աննախադէպ զարգացումը ենթահողը պատրաստած էին, որ եռակողմը այլ գերմիջնորդի նախաձեռնութեամբ կայանար: Այդպէս ալ եղաւ:

Սոչիի հանդիպումին մասին ամերիկեան արձագանգը կը խօսէր Արցախեան հարցին ներկայացուցած առաջնային կարեւորութեան մասին: «Անշուշտ, աշխարհի տարբեր անկիւններուն տիրող բարդ իրավիճակները անհանգստութեան մեծ առիթ են Միացեալ Նահանգներու համար, սակայն ասիկա ոչ մէկ ձեւով կը թուլացնէ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման անհրաժեշտութեան առաջնայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու համար: Մեր նպատակն է Եւրոպան ամբողջական, ազատ եւ խաղաղ տեսնել»: Սոչիի առիթով այսպէս բնորոշած էր Մինսքի ամերիկացի համանախագահը Արցախի ներկայացուցած կարեւորութիւնը:

Ընկերային ցանցերը ի շարս բազմաթիւ գործառոյթներու, այլընտրանքային լրատուութեան առընթեր այսօր դարձած են նաեւ կիսապաշտօնական տեղեկատուութեան սկզբնաղբիւր: Մինչեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուիլը, արդէն իսկ ամերիկացի համանախագահը թուիթըրեան իր էջին վրայ կը գրէր. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները այսօր ներկայ պիտի ըլլան ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին, կը սպասուի մեր ընդհանուր արժէքներուն եւ նպատակներուն վերաբերեալ կտրուկ յայտարարութեան:

Ուորլիք պարզ կը դարձնէր, որ Ուաշինկթըն իր աշխատանքային ժամանակացոյցին վրայ նշած է արդէն նման հանդիպում եւ կտրուկ յայտարարութիւն ըսելաձեւով, փորձ կը կատարէ հանրային կարծիքը կողմնորոշելու, թէ բեկումնային յայտարարութիւն կը սպասուի այդ հանդիպումէն: Բեկումնայինի տպաւորութեան ստեղծումով ամերիկացի քաղաքական գործիչը խորքին մէջ կ՛ուզէ նախանշել, որ ռուսական միջնորդութեամբ Սոչիի հանդիպումէն աւելի անկիւնադարձային է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին միջնորդութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ կայանալիք եռակողմ հանդիպումը:

Անօրինաչափ չէ, որ նման միջազգային համագումարներուն տեղի ունենան այս տեսակ հանդիպումներ: Օրինաչափ է սակայն, որ նման հանդիպումներ նախապէս յայտարարուին, ընդհանուր ժամանակացոյցին վրայ երեւին. եւ յայտարարուին համագումարը կազմակերպողին կողմէ, այս պարագային` ՕԹԱՆ-ին:

Ուորլիքի թուիթըրեան գրառումն ու անոր հետեւած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այլեւս պաշտօնական տեղեկատուութիւնը ամրագրեց, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ: Մինչ լուռ էին մինչեւ այդ պահը հանդիպման հրաւիրուած կողմերու պաշտօնական բաժանմունքները:

Հանդիպումէն մինչ այժմ կտրուկ յայտարարութիւն չէ բխած: Լրատուութիւնները ընդհանրապէս կ՛օգտագործեն արցախեան հարցին մասին լսուած սկզբունքներն ու անոնց համապատասխանող բառապաշարը:

Երկարատեւ դադարէ ետք, Սոչիէն անմիջապէս ետք երկրորդ հանդիպում կազմակերպելը աւելի կը համոզէ եղածին հակաքայլ բնոյթին մասին, ռուս-ամերիկեան շեշտուած մրցակցութեան պարունակին մէջ:

Արցախեան հակամարտութիւնը ՕԹԱՆ-ի օրակարգի վերածելու ճիգը այս շրջագիծին մէջ կարելի է դիտարկել: Նիւփորթը Սոչիի այլընտրանք վերածելու այս արագ աշխատանքին մէջ Անգարան իր դերը վերցուցած էր: Պաքուն հանգստացնելու միակ նպատակը չունէր նորընտիր նախագահը, երբ իր առաջին այցելութիւններու շարքին Ազրպէյճանը նկատի կ՛ունենար: Աւելի՛ն. կը յայտարարէր, որ Արցախի հարցը պիտի արծարծուի ՕԹԱՆ-ի համագումարին:

Ուորլիքի խոստացած կտրուկ յայտարարութիւնը չտեսանք. տեսանք կտրուկ հանդիպումի մը կազմակերպումը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել