21 Սեպտեմբեր 1991. Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին խորհուրդն ու արժէքը

Fotor0920194553Սեպտեմբեր 21ին, ամէն տարի, ահա՛ 23 տարիներէ ի վեր, Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին տարեդարձը, ազգային արժանաւորութեան եւ հպարտութեան խորագոյն ապրումներ վերանորոգող իր խորհուրդով եւ արժէքով կը համակէ հայ մարդոց միտքն ու սիրտը։

Աշխարհով մէկ՝ քաղաքամայր Երեւանէն ու հայրենի ոստաններէն մինչեւ Սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր հայօճախները, հայ մարդը այս օրերուն կը տօնէ ու կը վերյիշէ 1991 թուի Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէն, որ Խորհրդային Հայաստանի քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 99 տոկոսի միահամուռ ձայնով՝ «Այո՛» պատասխանեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու եւ անկախ պետականութիւն հռչակելու Հանրաքուէի պատմակըշիռ հարցումին։
Բառացիօրէն այդպէ՛ս էր բանաձեւուած 21 Սեպտեմբերի Հանրաքուէով համաժողովրդային դատաստանի ներկայացուած Մեծիմաստ Հարցը եւ, ի փառս Հայաստանի ու հայութեան, հայրենի մեր ժողովուրդը իր 99 տոկոսով՝ փաստօրէն ամբողջական միաձայնութեամբ ընտրեց Հայաստան Աշխարհի ու հայոց պետականութեան վերանկախացման ուղին։

Միայն պատմական ճշգրտութեան սիրոյն չի կատարուիր Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէին քաղաքական նշանակութեան եւ գաղափարական կիզակէտին վերաբերեալ այս յստակացում¬յիշեցումը։

Ընդհակառակն՝ կը բխի Հայաստանի անկախութեան ի խնդիր հայրենի հայութեան ¬ եւ ոչ միայն հայրենաբնակ, այլեւ՝ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին ¬ կատարած ընտրանքին արժէքն ու պատգամը ըստ արժանւոյն շեշտելու եւ արժեւորելու տրամաբանութենէն։

Ինչպէս 23 տարի առաջ, նաեւ այսօ՛ր մեր ժողովուրդը ոչ մէկ կասկած ունի, որ 21 Սեպտեմբեր 1991ի Անկախութեան Հանրաքուէի ժամանակ ճիշդ քայլ նետեց, երբ միաձայնութեամբ «Այո՛» պատասխանեց Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու եւ անկախ ապրելու պատմական հարցադրումին։

Անկախութեան առաջին քսան տարիները իրապէս շատ դժուար եղան։ Խորհրդային փլուզուող կայսրութենէն մեր ժողովուրդը ժառանգեց անդամալոյծ եւ սնանկացած տնտեսութիւն մը, որ հասարակափոխութեան դաժան պայմաններուն մէջ ուղղակի անտիրութեան, ծայրայեղ չքաւորութեան եւ ապագայի անորոշութեան մատնեց հայրենի հայութիւնը։

Առարկայական այդ դժուարութեանց վրայ գումարուելու եկան նորանկախ մեր պետականութեան կառավարման ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժերուն գործած ընկերատնտեսական ծանր սխալները, որոնց հետեւանքով անարդարութիւնը համատարած բնոյթ ստացաւ մեր կեանքին մէջ՝ թափ տալով աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու արտագաղթին, որ կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը։

Այդ բոլորով հանդերձ՝ մանուկ մեր անկախութիւնը արդէն 23 տարեկան կը դառնայ այսօր, Ազգի եւ Հայրենիքի Պետական Տունը արդէն տոկացած է ժամանակի քննութեան, հիմնական նուաճումներ արձանագրած է եւ իր տեղը գրաւած է ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ։ Նաեւ՝ քաղաքական ու քաղաքացիական կենսունակութեամբ լծուած է անցեալի ընկրկումները յաղթահարելու եւ վաղուան պայծառ գալիքը նուաճելու զօրաշարժին։

Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդը իր երկու՝ հայրենական ու սփիւռքեան թեւերով միասնաբար լծուած է անփոխարինելի մեր անկախութեան ամրապնդման եւ հայոց պետականութեան հզօրացման մարտահրաւէրները նուաճելու զօրաշարժին։
Ինչպէս կþըսեն, պայքարը դեռ մեր առջեւն է եւ այնքան ալ հարթ չէ Ազատ ու Անկախ, մանաւանդ նաեւ Միացեա՛լ Հայաստանի կերտման ուղին։

Իսկ վաղուան մեր երթին յաղթական ընթացքը ապահովելու համար, կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ կտրուած ուղիին ճիշդ գնահատումը, անցեալի դասերէն օգտուելու՝ սխալները չը- կրկնելու եւ յաջողութիւնները ամրապնդելու իմաստութիւնը։
Իմաստութիւն, որ առաջին հերթին բաց ճակատով հաշուի պիտի նստի սեփական անցեալին հետ. ո՛չ մոռացումի մատնէ իրողութիւնները, ոչ ալ յատկապէս խեղաթիւրէ զանոնք՝ այս կամ այն քաղաքական ուժին ի նպաստ ծառայութիւն մատուցանելու նեղ ու անհեռանկար հաշիւներով։

Սկսելով նոյնինքն Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէէն, յիշենք ու չմոռնանք, որ 1991 թուականի Սեպտեմբեր ամսու այս օրը, համաժողովրդային հանրաքուէով, մենք նուիրագործեցինք 23 Օգոստոս 1990ի Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը։
Այո՛, 23 Օգոստոս 1990ին հաստատուած Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրով, մեր ժողովուրդը որոշած էր քալել 28 Մայիս 1918ին նուաճ-ւած Հայաստանի անկախութիւնը եւ անոր ծնունդ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ու ժողովրդավարական աւանդոյթը վերականգնելու ռազմավարութեան հունով։

Այդ առումով ալ՝ Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման օրն է Սեպտեմբեր 21ը, որովհետեւ 28 Մայիս 1918ին հայ ժողովուրդը արդէն արեա՛մբ նուաճած էր իր անկախութիւնը, ազատ ու անկախ ապրելու իր պետական իրաւունքը։

Յիշենք ու չմոռնանք, նաեւ, որ Սեպտեմբեր 21ի Անկախութեան Հանրաքուէն փաստօրէն հակազդեցութիւն¬պատասխան էր Մարտ 1991ի Խորհըրդային համամիութենական հանրաքուէին։ Կորպաչովի ղեկավարած խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնները որոշած էին համամիութենական հանրաքուէ մը կազմակերպել, որպէսզի Խ. Միութիւնը բաղկացնող հանրապետութեանց քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու ձայնով ու ընտրանքով պահպանեն բազմազգ Խորհըրդային Միութիւնը։ Այդ օրերուն, Հայաստանի նորահաստատ իշխանութիւնները մերժեցին քալել «համամիութենական հանրաքուէ»ին ուղիով, այլեւ՝ շրջելով Մարտ 1991ի համամիութենական Հանրաքուէին առանցքային հարցադրումը, որոշեցին Սեպտեմբեր 1991ին կատարել սեփական Հանրաքուէ՝ Խորհրդային Միութենէն անջատաբար Հայաստանի Անկախութեան ընտրանքի հարցը ներկայացնելով մեր ժողովուրդի դատաստանին։

Կþարժէ վերյիշել այդ ամէնը, որպէսզի մեր այսօրուան քայլերուն եւ վաղուան ընտրանքներուն մօտենանք հայ ժողովուրդի կենսափորձին եւ սորված դասերուն ամբողջական գիտակցութեամբ։

Որպէսզի բնաւ մտահան չընենք, որ՝Մեր ժողովուրդը, յանուն Հայաստանի անկախութեան, պատրաստ է ամէն զոհաբերութեան, անգամ գերագոյնին։ Նոյնիսկ երբ անկախութեան առաջին օրերը՝ «Լեւոնի տարիները» ծանր զըրկանքի եւ ծայրայեղ աղքատացման մատնեցին մեր ժողովուրդին, երէց սերունդին մօտ «խորհըրդային ժամանակներու կարօտախտ» դրսեւորելով հանդերձ, դարձեալ ազգովին մենք կառչած մնացինք անկախութեան երթը ամէն գնով յառաջ մղելու հաւաքական ուխտին ու յանձնառութեան։
Եթէ միլիոնով հայերու արտագաղթ տեղի ունեցաւ եւ զգալապէս դատարկուեցաւ Հայաստանը, պատճառը սոսկ կամ այնքան ալ սովն ու անապահովութիւնը չէին, որքան համաժողովրդային ընդ-վզումն էր արագօրէն եւ վայրագօրէն յղփացող իշխանաւոր վերնախաւի մը կազմաւորման եւ բռնիշխանական վարքագծին անարդարութեան դէմ։

Մեր ժողովուրդը ամէն հիմք ունի այսօր հպարտութեամբ տօնելու Սեպտեմբեր 21ի Անկախութեան Հանրաքուէի Օրուան տարեդարձը։

Հայաստանն ու հայութիւնը, Սեպտեմբեր 21ի Մեծ Քայլով, կրցան նուաճել Իրաւական եւ Ժողո-վըրդավարական կայացման ու ինքնահաստատման ուղին՝ յանուն Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութեան վերականգնումին։

Միացեալ Հայաստանի ուղին դեռ մեր առջեւն է՝ երկար ու անհարթ ճամբու մը բոլոր դժուարութիւններով, որոնց յաղթահարումը կախեալ է մեր հաւաքական կամքէն եւ միասնական ուժէն, որպէսզի նախապատրաստենք եւ պատրաստ գտնուինք քաղաքական այն նպաստաւոր պահուն, երբ ազգովին պիտի յաջողինք իր տրամաբանական աւարտին հասցնել 23 Օգոստոս 1990ին հռչակուած եւ 21 Սեպտեմբեր 1991ին ամրագրուած Հայաստանի անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդներու վերականգնման պայքարը։

Յատկապէս Սեպտեմբեր 21ի տարեդարձին, չենք կրնար մտահան ընել մեր երկրին ու ժողովուրդին վրայ աւելիով սաստկացող արտաքին ճնշումը՝ հայոց պետականութեան ազատութենէն ու անկախութենէն զիջումներ կատարելու, այս կամ այն Արձանագրութեանց եւ Պայմանագիրներու միանալու պարտադրանքին ճամբով։

Այդ առումով Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին տարեդարձը նաեւ ահազանգ կը հընչեցնէ, որպէսզի ազգովին արթուն հսկենք եւ յաղթահարենք Հայոց Պետական Տան ղեկը ստանձնած իշխանաւոր ուժերու դեդեւումները Հ.Հ. արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ։

Ն.

azator.gr

Տպել Տպել