«Ազդակ»ի խմբագրական. 5-րդ Համաժողովի Կարեւոր Ուղենշումները

ազդակՀայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 23-ամեակի նշումին ֆիզիքապէս համահայկական հնչեղութիւն տալու պետութեան նախանձախնդրութիւնը պատահականութիւն չէր անշուշտ: Արդարեւ, սփիւռքի ներկայացուցիչներու 5-րդ համաժողովի կազմակերպումը այս օրերուն որոշ նպատակ ունէր:

Փաստօրէն համախմբուած էին ինչպէս պետական ղեկավարութեան, նոյնպէս ալ սփիւռքի հոգեւոր, կուսակցական, միութենական բոլոր շրջանակներուն ներկայացուցիչները: Համահայկական աշխարհատարած կառոյցներու ղեկավարներու հայրենիքի մէջ միաւորումը անշուշտ բազմաթիւ ուղերձներ կը բովանդակէ:

Տրուած ըլլալով, որ այս նշանակալի համախմբումը ժամանակի իմաստով կը վերաբերէր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի արդէն անցում կատարած փուլին առաջին հանգրուանին, բնականաբար կատարուած յայտարարութիւններուն կարեւոր բաժինները այդ նիւթը պիտի շօշափէին:

Պահանջատիրութեան իրաւականացման առաջին քայլերէն մինչեւ համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման յայտարարութիւն 5-րդ համաժողովը շատ կարեւոր նախաքայլեր առնելու տուեալները հաղորդեց:

Արդէն ձեւ ու մարմին կը ստանան համազգային ռազմավարութեան հիմնադրոյթները, որոնք ուղենշուեցան այս համաժողովին:

Կը թուի, որ մենք շուտով աշխարհին կը ներկայանանք մեր համազգային պահանջներով եւ իրաւական ճանապարհներով առաջնորդուելու մօտեցումով:

«Ա.»

Տպել Տպել