Եւրոպական պատուիրակութիւն Հայաստանի մէջ

Fotor0101073315Պրիւքսել, 9 հոկտեմբեր, 2014.- Այսօր, Եւրոխորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ՝ եւրոերեսփոխան դոկտոր Էլէնի Թէոխարուս այցելեց Հայաստան: Անոր կ’ընկերակցէին իր խորհրդատուն, դոկտոր Իոաննիս Խարալամպիտիս, Պելճիքայի Լէօվենի կաթողիկէ համալսարանի դասախօս Պերնար Քուլի, եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան:

Երեւանի մէջ պատուիրակութիւնը այցելեց Հայկական Ցեղասպանութեան յուշակոթող՝ Ծիծեռնակաբերդ, ապա հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգիսեանի, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ՝ Գալուստ Սահակեանի, եւ ՀՀ ԱԺ Արտաքին յարաբերութեանց մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ Արտակ Զաքարեանի հետ:

Եւրոերեսփոխան Էլէնի Թէոխարուս ՀՀ Ազգային Ժողովին կողմէ արժանացաւ պատուոյ մետալի:

Պատուիրակութիւնը զրուցեց Եւրոպական միութիւն – Հայաստան վերջին զարգացումներուն մասին, Միջին արեւելքի ճգնաժամին ու յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ փոքրամասնութեանց հալածանքներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն – Արցախի հիմնահարցի լուծման, եւ հակահայ թուրքեւազերի յարձակողապաշտութեան մասին:

Նշենք, որ շաբաթ որ պատուիրակութիւնը պիտի ուղղուի Արցախ, ուր եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրին ղեկավարութեան հետ. պիտի արծարծուին Եւրոպայի մէջ Արցախի ճանաչման հարցը, զբօսաշրջիկութեան յաւելեալ խթանումը եւ այլ կարեւոր հարցեր: Համաձայնագիր մը նաեւ պիտի ստորագրուի Արցախի պետական հաամլսարանի եւ Լէօվենի կաթողիկէ համալսարանին միջեւ:

«Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութեանց հետ նման բարձր մակարդակի հանդիպումները մեզի համար կարեւոր են: Հայստանը անկեղծ բարեկամներ ունի Եւրոպայի մէջ, որոնք Հայաստանի դիրքերը կ’ամրացնեն Եւրոմիութեան մէջ. յառաջիկայ տարիներուն ա’լ աւելի պիտի խթանուին ակադեմական եւ կրթութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը», ըսաւ Գասպար Կարապետեան, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը: Կարապետեան նաեւ բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին եւ Արցախի երկար տարիներու բարեկամ Թէոխարուսին յանձնուած պատուոյ շքանշանը:

Գալ շաբաթ, երկու տարբեր ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Եւրոխորհրդարանին մէջ: Պիտի ներկայացուի Աննա Աստուածատրեան Թարքոթի «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն» գիրքը, որ հալածուած հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանահայութեան ձայն կու տայ, եւ յատկապէս՝ Արցախի 23-րդ անկախութեան առթիւ հիւրասիրութիւնը: Հոկտեմբերի մէջ նաեւ, Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ պիտի ցուցադրուի Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ֆիլմը:

Տպել Տպել