Ակնարկ. «Աւելի Վատ Ծագում»-ով Գլխաւոր Խորհրդական Մը

Fotor01028110245Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականի նշանակման լուրը բնականաբար պիտի գրաւէր բազմակողմանի ուշադրութիւն: Առաջին հայեացքով կը թուի, որ հայկական կողմին ուղղուած ծրագիրներուն հետ կապուած է «Ակօս»-ի նախկին խմբագիրին նշանակումը. աւելի մասնակի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչուած Անգարայի որդեգրած գործողութիւններու շարքին կարեւոր օղակի հանգամանք ունի այս քայլը:

Քաղաքական տրամաբանութիւն կը ներփակէ այս տեսակէտը, որուն համոզման կը ծառայէ նոյնինքն Մահչուփեանի պնդումը, թէ իր նշանակումը կապ չունի հայ-թուրք յարաբերութիւններու ուղղուածութեան հետ եւ համընդհանուր գործունէութեան մէջ կը տեղաւորուի:

Մահչուփեանի հրապարակագրաքաղաքական անցեալին անդրադառնալը անշուշտ օգտակար է առնուած քայլին նկատմամբ մեկնաբանութիւններ կատարելու համար: Բայց նախքան այդ, պէտք է փորձել ընկալել Տաւութօղլուի հրամցուցած այս մարտավարութեան շարժառիթային հանգամանքները:

Նման բարձրաստիճան պաշտօնի ազգութեամբ հայ հրաւիրելը կարելի է ըսել, որ քաղաքական որոշ համարձակութիւն կ՛ենթադրէ: Ներքին դժգոհութեան ալիքի բարձրացում անպայման ակնկալելի է այս նշանակումին դիմաց: Դժգոհութեան ալիքի մակընթացութիւնը կու գայ ոչ միայն հակաիշխանական շրջանակներէն, այլ նաեւ նոյնինքն իշխանութեան գլուխի անմիջական շրջապատէն: Էրտողան գուցէ բացատրութիւն տալու անհրաժեշտութեան առջեւ է իր վարչապետին կողմէ տրուած այս որոշումին դիմաց: Ցեղային խտրականութեան առումով մեծ խախտումի փաստը տուած Թուրքիոյ այսօրուան նախագահը իր նախընտրական արշաւին ծառայեցուցած էր «աւելի վատը` նոյնիսկ հայկական ծագում» իրեն վերագրելու ամբաստանութիւնները շահարկելով:

Հիմա ազգային վատ պատկանելիութիւն ունեցողը կը հրաւիրուի իր նշանակած վարչապետի հիմնական խորհուրդներ տալու բարձր պաշտօնին: Էրտողանի դէմ այս առիթով ծաւալած փոթորիկին մէջ թէեւ Մահչուփեան արդարացումներ փորձած էր գտնել նախագահական այդ օրերու թեկնածուին կողմէ կատարուած յայտարարութեան, սակայն այդ չէ խնդիրը այստեղ, որ իբրեւ ներքաղաքական հակասութիւն կ՛ընդգծուի:

Աւելի ճիշդը, ոչ թէ հակասութիւն, այլ մարտավարական ընդհանուր հայեցակարգին մէջ տեղաւորուող ներդաշնակման գործընթացներ: Իշխանական կուսակցութեան խօսափողը նկատուող «Սապահ»-ը այս մասին մտածելու առիթ կու տայ, երբ Մահչուփեանի նշանակումը կը բացատրէ իբրեւ Էրտողանի ցաւակցագիրին հետեւող բնական հանգրուան:

Մահչուփեանի նշանակման ընթացքին ամենայն հաւանականութեամբ ընդգրկուած են նաեւ այլ հանգամանքներ: Մահչուփեանը ընդգրկուած էր կառավարութեան կողմէ քրտական հարցին լուծում տալու նպատակով ստեղծուած «Իմաստուններու խորհուրդ»-ի կազմին մէջ: Որոշ շրջան մը թրքական մամուլին մէջ հանդէս գալով ի պաշտպանութիւն կիւլենական իսլամական շարժման գաղափարախօսութեան, Մահչուփեանը հետագային` Էրտողան-Կիւլեն պայքարին ուղղակի զօրակցած է առաջինին: Վերջին շրջանին անոր անունը երեւցաւ Էրտողան-հակաէրտողան ներհայկական բանավէճերուն ընթացքին դարձեալ ի պաշտպանութիւն գործող նախագահին:

Այս հանգամանքները կրնան լրացուցիչ դեր կատարած ըլլալ Տաւութօղլուի առած քայլին հիմնական շարժառիթին, որ յաչս միջազգային ընտանիքին կը փորձէ ցոյց տալ հայկական կողմին ձեռք երկարելու գործողութիւններու շաղկապուած շղթայ մը:

Էթիեն Մահչուփեանը կը նկատուէր Տինքի դաւանած գաղափարախօսութեան անմիջական հետեւորդ մը: Տինքի սպանութենէն ետք «Ակօս»-ի խմբագիրի պաշտօնին իր ստանձնումը կարճ ժամանակ մը խօսիլ տուաւ Հրանդ Տինքի գաղափարներու շարունակականութեան երաշխաւորի մասին: «Ակօս»-ի խմբագրապետութենէն հրաժարումը, եթէ որոշ շրջանակի համար մեկնաբանուեցաւ «Ակօս»-ի կողմէ նկատուած շեղումներու անհանդուրժողութիւն, այլոց կողմէ նաեւ անհատապէս ի՛ր՝ Մահչուփեանի ակօսական գիծէն դուրս գալու փաստ: Պարզ եւ միանշանակ չէ այս երկուութենէն մէկուն համոզուելու ընտրանքը: Մանաւանդ որ Մահչուփեան շատ բարդ հրապարակագիր էր, որուն յօդուածներուն բովանդակային առանցքը կառուցուած էր քաղաքագիտական փիլիսոփայութեան եւ այլաբանական մտածողութեան վրայ:

Գործող իշխանութիւններուն եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրով առաջին անգամն է, որ ազգութեամբ հայ Թուրքիոյ քաղաքացի մը կը նշանակուի բարձր այս պաշտօնին: Ան իրաւականօրէն այլեւս տարբեր առիթներու կրնայ ներկայացնել գործող իշխանութիւները: Նաեւ 100-ի հետ կապուած տարբեր արարողութիւններուն:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել