Հաղորդագրութիւն

Fotor110613120ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, երեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցը, որ իբրեւ գլխաւոր կէտ դրուած էր խորհրդարանի երէկուան նիստին օրակարգին վրայ:

Նիստէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դիտել տուաւ, որ երբ կուսակցութիւնը նախորդ անգամ համաձայն գտնուեցաւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան 19 ամիսով երկարաձգման, ապա այդ որոշումը տուաւ մեկնելով այն դիտանկիւնէն, որ անհրաժեշտ է առիթ տալ խորհրդարանին մշակելու արդիական ընտրական օրէնք մը, որ լիբանանեան հիւսուածքին մաս կազմող տարբեր շերտերուն արդար ներկայացուցչութիւնը ապահովէ: Դժբախտաբար սակայն խորհրդարանը իր պարտականութիւնները չկատարեց ընտրական այդ օրէնքը մշակելու վաւերացնելու իմաստով:

Առ այդ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր նիստին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանցիները արժանի են ունենալու արդիական ընտրական օրէնք մը, որ կը վերացնէ լիբանանցի ժողովուրդի տարբեր հատուածներու իրաւազրկումը եւ առիթ կ՛ընծայէ անոնց ընտրելու իրենց իսկական ներկայացուցիչները:

Կեդրոնական կոմիտէն ընդգծեց իշխանութեան հերթափոխութիւնը ապահովելու լիբանանցիներուն ժողովրդավարական իրաւունքին անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ կ՛ապահովուի ազատ եւ ժողովրդավարական երեսփոխանական ընտրութիւններով:

Հետեւաբար, Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը չորեքշաբթի, 5 նոյեմբերի խորհրդարանի լիագումարին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ, սակայն դէմ պիտի քուէարկէ արդէն իսկ իր երկարաձգուած պաշտօնավարութիւնը աւարտած խորհրդարանին պաշտօնավարութեան նոր երկարաձգումին:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Որոշումով Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Դէմ Քուէարկեց Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումին

ազդակ

Իր պաշտօնավարութիւնը մէկ տարի եւ եօթը ամիսով երկարաձգած խորհրդարանը երէկ երկրորդ անգամ ըլլալով երկարաձգեց իր պաշտօնավարութիւնը, սակայն այս անգամ երկու տարի եւ եօթը ամիս տեւողութեամբ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահած խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարին ընթացքին քննարկուեցան կարգ մը օրինագիծեր, որոնց շրջագիծին մէջ խորհրդարանը նուազ քան տասը վայրկեանէն երկարաձգեց իր պաշտօնավարութիւնը:

Նիստին ներկայ 97 երեսփոխաններէն 95-ը թեր քուէարկեցին այդ օրինագիծին: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով Հայկական երեսփոխանական պլոքի երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Արթիւր Նազարեան երկարաձգման օրինագիծին դէմ քուէարկեցին:

Նկատի ունենալով, որ այս անգամ օրինաթիւի խնդիր չկար, սակայն Պըրրի անհրաժեշտ նկատած էր, որ քրիստոնեայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւս մասնակցին քուէարկութեան, այդ ներկայացուցչութիւնը ապահովուեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պլոքի թեր քուէարկութեամբ:

Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը պոյքոթի ենթարկեցին նիստը:

Նկատի ունենալով խորհրդարանի օրինաթիւին գոյացումը, կարգ մը երեսփոխաններ Պըրրիի առաջարկեցին նաեւ նախագահական ընտրութեան նիստ կատարել, որուն մասին Պըրրի իր հաւանութիւնը յայտնեց, սակայն խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումէն ետք արդէն իսկ օրինաթիւը խախտեցաւ:

Պըրրի երկուշաբթի, 17 նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին ընտրական արդիական օրինագիծի մշակման յատուկ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի Այն Թինէի մէջ:

Պըրրի մէկ ամսուան ժամկէտ ճշդեց այդ օրինագիծերը հասցնելու խորհրդարանի լիագումարին եւ որոշելու համար ընտրական օրէնքը:

Նիստէն ետք վարչապետ Թամմամ Սալամ մաղթեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ըլլայ առիթ մը` շարունակելու երկրին գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ տիրող պայմանները ստիպած են իրենց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկրորդ անգամուան համար երկարաձգելու:

Սինիորա ըսաւ, որ այս ընտրանքին դիմած ենք նախագահական ընտրութեան նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկող երեսփոխանական պլոքներուն պատճառով:

Ան հաստատեց, որ առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ նախագահական ընտրութեան:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենք այս հանգրուանին տարբեր պայմաններ կը նշմարեն եւ այդ պատճառով ալ համաձայն գտնուած են խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին:

«Ոմանք կը փորձեն մեր կեցուածքը մեկնաբանել այնպէս մը, որ կարծէք մեր եւ զօր. Աունի միջեւ որոշ հեռաւորութիւն մը արձանագրուած է, սակայն մենք կը հաստատենք, որ զօր. Աունի հետ մեր դաշինքին 99 առ հարիւրով յանձնառու ենք», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ իրենք իբրեւ դաշնակից նախագահական թեկնածու կը զօրակցին զօր. Աունին:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութենէն առաջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու

ընտրանքն է, որ զիրենք հասցուցած է խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին համաձայն գտնուելու եւ կանխելու երկրին մէջ ստեղծուելիք անիշխանութիւնը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը ամէնէն բնական քայլն է, որ այս հանգրուանին կարելի է առնել` կանխարգիլելու համար անիշխանութիւնը:

Քաղաքացիական Ընկերութիւնը
Կը Մերժէ Երկարաձգումը
Առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ Քաղաքացիական ընկերութեան անդամներ հաւաքուեցան «Նահար» օրաթերթի շէնքին դիմաց, ինչպէս նաեւ Նըժմէ հրապարակը տանող բոլոր ճամբաները փորձեցին արգիլել երեսփոխանները` խորհրդարան հասնելէ եւ խորհրդարանին պաշտօնավարութեան երկարաձգման ի նպաստ քուէարկելէ:

Ապահովական ուժերն ու բանակը խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին` արգիլելու համար քաղաքացիական ընկերութեան այս շարժումը, սակայն անոնք յաջողեցան քարկոծել, ինչպէս նաեւ հաւկիթներու եւ լոլիկներու թիրախ դարձնել երեսփոխաններուն շքախումբերը:

Քաղաքացիական ընկերութեան եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան սահմանափակ բախումներ, որոնց պատճառով ապահովութեան ուժերը քանի մը ժամուան համար ձերբակալեցին քաղաքացիական ընկերութեան անդամները, ապա ազատ արձակեցին զանոնք:

aztagdaily.com

Տպել Տպել