Ակնարկ. Ժխտումի Համակարգող Կեդրոններ

Fotor1111115743«Ազերնիուզ»-ի հրապարակած լուրը, որուն համաձայն, Ազրպէյճանի իշխանութեանց նախաձեռնութեամբ, ազրպէյճանական սփիւռքը համակարգող կեդրոններ պիտի բացուին աշխարհի տարածքին, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, հաւանաբար հիմնական նորութիւն չփոխանցէ: Ազրպէյճանական սփիւռք դասական հասկացողութեամբ գոյութիւն չունի. այս նախաձեռնութիւնը զուգահեռ բնոյթ ունի Անգարայի փորձին: Լրատուութիւններուն հետեւողները կը յիշեն անպայման, որ Թուրքիա քանի մը անգամ համագումարներ կազմակերպեց թրքական սփիւռքը համախմբելու եւ յանձնարարականներ տալու նպատակով:

Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք հետզհետէ զարգացող համագործակցութիւնը անշուշտ աննկատ չ՛անցնիր Անգարայի կողմէ, եւ ոչ միայն Անգարայի, այլ նաեւ յայտնաբար Պաքուի: Երկու երկիրներուն փորձածները խորքին մէջ հակակշիռ գործողութեան տրամաբանութիւնը ունին:

Անգարան իր սփիւռքի գոյութիւնը քանի մը անգամ զգացուց հակացոյցերով, ինչ որ աւելի համոզիչ դարձուց այդ նախաձեռնութիւններուն հակակշիռ բնոյթը: Թրքական սփիւռքի այսօրուան պատկերը ուսումնասիրելու համար բնականաբար պէտք է յենիլ արտաթուրքիա ապրող Թուրքիոյ քաղաքացիներու ժողովրդագրական սփռուածութեան, տեղւոյն երկիրներուն հասարակութեան հետ համարկման միտումներուն եւ յատկապէս Եւրոպայի մէջ կատարուող փորձին` քաղաքական հաստատութիւններուն մէջ ներկայութիւն ապահովելու: Այստեղ սակայն իբրեւ թուրք քաղաքացի ներկայացողներուն ծագումին մասին գաղափար կազմելը կարեւոր է` տրուած ըլլալով, որ անոնց մէկ կարեւոր մասը ոչ թուրք ինքնութիւն ունի: Բայց այդ մէկը արդէն տարբեր խնդիր է: Հիմա այս պարագային դիտարժան կէտը, թրքական սփիւռքին հայկական հարցերով կազմակերպուածութեան աստիճանաչափն է:

Հակազդող այս հանգամանքը անհամեմատելի չափերով կը զիջի հայկական սփիւռքի քաղաքական նկարագիրին եւ կազմակերպուածութեան: Այս դաշտին մէջ հայկական կողմը յստակ առաւելներ ունի: Խօսքը չի վերաբերիր պետական միջամտութիւններով կացութիւններ ստեղծելու կամ շրջելու Անգարայի դերակատարութեան, այլ Թուրքիայէն դուրս սփռուած միլիոնաւոր Թուրքիոյ քաղաքացիներուն անկազմակերպուածութեան:

Ալ ուր մնաց ազրպէյճանական մանրապատկերին մասին համեմատութիւն կատարելը: Այս բոլորին վիճակագրական եւ վերլուծական գնահատական տալը խիստ կարեւոր է, մանաւանդ 100-ամեակի դիտանկիւններէն: Թուրքիայէն դուրս մղուելիք քարոզչաքաղաքական պատերազմին ուժերու գնահատումը անգիր օրէնք է:

«Ազերնիուզ»-ը կը պարզաբանէ, որ ազրպէյճանական սփիւռքի համակարգող կեդրոններուն գործառոյթին մաս կը կազմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Այս գործառոյթը չէ բացառուած, որ նախագծուած ըլլայ Անգարա-Պաքու միացեալ քարոզչամեքենային կողմէ: Աւելի համոզիչ կը դառնար, եթէ գործառոյթներուն առաջինը նման համակարգող խորհուրդներու ըլլար արցախեան հարցին վերաբերեալ ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան տարածումը եւ պատմութեան նենգափոխումը: Սակայն 100-ամեակի նախօրէին ազրպէյճանական սփիւռքի համակարգող կեդրոններու ցանցի յայտարարութիւնը կը մատնէ Անգարայէն եկած ներշնչումին եւ պատուէրին առկայութիւնը:

Հայկական կողմը առաւելներ ունի. այս մէկը սեփական ուժի գերագնահատում չէ: Սփիւռքի կառուցակարգումն ու քաղաքականացումը հոլովոյթ ապրած են եւ հարիւրամեայ ճամբայ կտրած: Թուրքեւազրպէյճանական համակարգող կեդրոնները պարզապէս հակակշիռ գործողութիւններ կազմակերպելու տրամաբանութեամբ պիտի բանին: Եթէ բանին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել