Ակնարկ. Այո՛, Վե՛րջ Ազրպէյճանական Ֆլեշ Մոպերուն

FotorCreated12 նոյեմբերին հայկական խոցուած ուղղաթիռի օդաչուներու դիակներու հայրենիք վերադարձի գործողութիւնը կ՛առանձնանայ հայկական ռազմարուեստի պատմութեան մէջ: Գուցէ նաեւ ոչ միայն հայկական ռազմարուեստի:

Գործողութեան կազմակերպման, նախապատրաստման, իրականացման եւ կատարողականութեան որակի ռազմագիտական վերլուծումները մասնագիտական մօտեցումներ կը պահանջեն: Պարզ է եւ յստակ այս պահուն, որ ուղղաթիռի վայրի ապաշրջափակումը, ազրպէյճանական ծուղակի չէզոքացումը, ազրպէյճանցի զինուորներու ոչնչացումը եւ հայ օդաչուներու դիակի եւ մասունքներու, ինչպէս նաեւ ուղղաթիռի անհրաժեշտ մասերու տարհանումը բարդ, սակայն միաժամանակ կատարելագործութեան հասնող զինուորական միջամտութիւն է, որ վեր է ամէն գնահատականէ:

Պէտք չէ մոռնալ նախորդող զգուշացումները հայկական ուղղաթիռի խոցման առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Արցախի մէջ կատարած յայտարարութիւններէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի պաշտպանական համակարգերու համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներուն հաւաստիացումները: Այո՛, վե՛րջ ազրպէյճանական ֆլեշ մոպերուն, որոնք ցաւոտ, համաչափէն քիչ մըն ալ աւելի պատասխան կը ստանան:

Ազրպէյճանական կողմը ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի եւ ո՛չ ալ հայկական երկու պետութիւններու պաշտպանական համակարգերու գերատեսչութիւններու զգուշացումները ուզեց նկատել: Պաքուն շարունակեց իր վարքագիծը: Անտեսելով մարդասիրական միջազգային նորմերն ու չափանիշերը` ազրպէյճանական կողմը մերժեց վերադարձնել հայ զոհերու դիակն ու մասունքները եւ յոխորտաց գերեվարուած ազրպէյճանցի հետախոյզերուն հետ փոխանակել օդաչուներու մարմինները:

Ազրպէյճանական մերժումն ու յոխորտանքը աննախատեսելի չէին: Մերժումը սակայն միայն հայկական կողմին ուղղուած չէր: Կարմիր խաչի դիմումներն ու ԵԱՀԿ-ի համապատասխան կառոյցներու անպատասխան մնալը մերժում էր փաստօրէն ոչ միայն միջնորդական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն, այլ նաեւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին:

Հայկական կողմը այս պարագային նախընտրութիւնը տուած էր նման իրավիճակներու մէջ գործող մարդասիրական եւ միջնորդական կառոյցներու` առիթ տալով, որ անոնք յաջողին Ազրպէյճանի հետ համաձայնաբար տարհանել հայ զինուորներու դիակները:

Այս առիթը տրուեցաւ միջազգային ընտանիքին եւ Պաքուին` գուցէ քաջ գիտնալով, որ Պաքուն պիտի չընդառաջէ նման դիմումներու եւ անգամ մը եւս խախտէ միջազգային համաձայնութիւնները: Հայկական պաշտպանական համակարգը առիթին սպառումէն ետք ի՛նք ճշդեց հայ զինուորներու դիակ-մասունքները ազատագրելու 0 ժամը:

Մնացեալը արդէն զինուորական գործողութեան փայլուն կատարողականութեան առարկայացումն է, հայ զինուորին պատիւը փրկելու վեհանձնագոյն օրինակի կայացում: Զինուորական արհեստավարժութեան նման բարձրորակ մակարդակի նուաճումը, հակահարուածի ժամանակահատուածի ճշդումը, ուղղաթիռի խոցման վայրի դիտարկումը, ծուղակի չէզոքացումը, առանց հայ զոհի գործողութեան կատարումը եւ դիակներու վերադարձի գործողութեան իրականացումը ուղերձ ունին ոչ միայն Պաքուին, որ հասկցաւ, թէ պատերազմական ֆլեշ մոպեր կազմակերպելը հայկական կողմին նկատմամբ բացառուած է այլեւս, որ հասկցաւ նաեւ, թէ նման արկածախնդրութիւն կատարելը ի՛նչ տեսակ ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ:

Բայց ոչ միայն Պաքուին է ուղերձը: Ուղերձ կայ նաեւ առիթ եւ ժամանակ ունեցած միջազգային կառոյցներուն, որոնք Պաքուի մերժողականութեան պատճառով յայտնուեցան անաշխատունակ եւ անզօր իրավիճակի մէջ: Սկզբունքով անոնք եւս գիտակցած պիտի ըլլան, որ նման իրավիճակներու մէջ զինադադարի խախտման, կացինահարման, ներթափանցումի գործողութիւններ կատարելու եւ անզէն ուղղաթիռ խփելու միջադէպերուն պատասխանատուն բացառապէս մէկ կողմն է. ալիեւեան Պաքուն. եւ թէ մանաւանդ ֆլեշ մոպերու կազմակերպման նման վերջ պէտք է գտնէ պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման խաղը:

Այո՛. արգիլուած է ազրպէյճանական ֆլեշ մոպեր կազմակերպելը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել