Արամ Ա. Կաթողիկոսի ցաւակցական ուղերձը

Aram-1-vahan
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Անթիլիաս-Լիբանան

Անթիլիաս, 30 Դեկտեմբեր 2014

Յարգարժան անդամներ Բիւրոյի,

Խոր ցաւով իմացանք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի երկար տարիներու պատգամաւոր եւ Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի մահուան գոյժը:

Մենք մօտէն ճանչցած ենք հանգուցեալը, եւ իր մօտ տեսած լուրջ մտաւորականը, պատասխանատու հասարակական գործիչը եւ գերազանցօրէն հայրենասէր մարդը: Իր անձին այս երեք յատկանշական գիծերը մնայուն ներկայութիւն դարձան իր ողջ կեանքին ու գործունեութեան ընթացքին: Հետեւաբար, իր մահը մեծ կորուստ մըն է ոչ միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան , այլ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար:

Ձեզի կը յայտնենք Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները: Կաղօթենք, որ Ամենարարաին Աստուած Վահան Յովհաննիսյանի հոգին ընդունի երկնային երանական խաղաղութեան մէջ եւ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ՝ մխիթարէ իր ընտանեկան պարագաները, եւ մեծ ընտանիքին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամները:

Աղօթաբար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Condolences-V. Hovhannissian

Տպել Տպել