Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ 118-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

ARF-EastUSA-logoՊՈՍԹԸՆ (Մասաչուսէց).- Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի 118-րդ Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Փետրուար 27-էն Մարտ 1, 2015-ին, Ուաթըրթաունի «Բաբգէն Սիւնի» ակումբէն ներս, մասնակցութեամբ շրջաններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու: Պատգամաւորները կը ներկայացնէին, զանազան շրջաններ, որոնց կարգին՝ Տիթրոյթ, Շիքակօ, Ռէյսին, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ֆլորիտա, Ռիչմընտ, Ֆիլատելֆիա, Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք, Փրովիտընս, Ուսթըր, Լօուըլ եւ հիւրընկալ Պոսթըն:

Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց ներքին կազմակերպական, երիտասարդական, Հայաստան-Սփիւռք հարցեր եւ կատարեց առաջարկներ:

Ժողովի աւարտին, ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական Կոմիտէ մը: Նորընտիր մարմնին անդամներն են.- Հայկ Օշական (Ներկայացուցիչ, Միշիկըն), Լեւոն Աթթարեան (Մասաչուսէց), Յովսէփ Աւագեան (Ուաշինկթըն), Ժան Աւետիսեան (Մասաչուսէց), Կրէկ Պետեան (Իլինոյ), Արամ Յովակիմեան (Փենսիլվանիա) եւ Խաժակ Մկրտիչեան (Մասաչուսէց):

Տպել Տպել