Ո՞վ Է «Տաէշ»ի Ուսուցիչը (Մենք Գիտենք)

FotorCreatedՀամաշխարհային մակարդակի «բացայայտ գաղտնիք» է, որ Սուրիոյ դէմ մղուող պատերազմին մէջ Թուրքիան գործօն մասնակից է: Թուրքիա-Սուրիա աւելի քան 800 քիլոմեթր երկայնքով սահմանէն (Անգարայի գիտութեամբ, հաւանութեամբ ու ճիգերով) զէնք, զինամթերք, զինեալներ կ՛անցնին դէպի Սուրիա՝ Արեւմուտքին ու անոր շրջանային դաշնակիցներուն հաշուարկները իրականացնելու նպատակով:

Քեսապը, իր կարգին, հերթական զոհը դարձաւ թրքական այս քաղաքականութեան, օր ցերեկով:

Իրաքի մէջ կացութիւնը աւելի նախանձելի չէ: Ամբողջ Արգաւանդ մահիկը (Իրաք-Սուրիա տարածքը) արեան եւ քանդումի սատանայական սարդոստայնի մը մէջ բռնուած է:

Այս թոհուբոհին արդիւնքն է ինքզինք «Իսլամական պետութիւն» կոչող ծայրայեղ կրօնամոլ կազմակերպութիւնը (արաբերէն սկզբնատառերով՝ «Տաէշ»): Քանի մը շաբաթ առաջ, ամբողջ աշխարհ ականատես դարձաւ, թէ ինչպէս «Տաէշ»ը քարուքանդ կ՛ընէր հազարամեակներու հնութիւն ունեցող մշակութային ու քաղաքակրթական արժէք ունեցող արձաններ ու մշակութային կոթողներ:

Մամուլը, յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, սկսաւ կոկորդիլոսի արցունքներ թափելու այս անմարդկային, անքաղաքակիրթ ու բարբարոս արարքին ի տես: Համաշխարհային տարողութեամբ նմանօրինակ աղմուկ բարձրացաւ մօտաւորապէս մէկուկէս տասնամեակ առաջ, երբ Աֆղանիստանի մէջ իշխող Թալեպանները պայթեցուցին ու բառացիօրէն փոշիացուցին Պուտտայի մեծադիր արձանները: Ամբողջ Արեւմտեան մամուլին արձագանգին առանցքը, ենթաթեքսթը «ասոնց հախէն պէտք է գալ» միտքն էր: Յետոյ, կը յիշէք չէ՞, թէ ինչ եղաւ Աֆղանիստանի մէջ: Բոլորս ալ գիտենք, թէ Պուտտայի արձաններուն քանդումը չէր պատճառը այդ «ինչ եղաւ»ին… Մեծ ուժերը բնաւ հետաքրքրուած չեն, թէ որո՞ւ տունը կամ երկիրը կը քանդուի, որո՞ւ հարստութիւնը կը կողոպտուի, կ՛իւրացուի կամ կը փճացուի:

Հետաքրքրութիւնը կը սկսի աճելու միայն այն պահուն, երբ իրենց համար պատրուակ մը անհրաժեշտ է տուեալ շրջանէն ներս միջամտութիւն կատարելու համար:

Պաքուի մէջ, այս հաշուարկը ճիշդ կատարած էին Պուտտաներու դէպքէն քանի մը տարի ետք, երբ ատրպեճանական բանակը օր ցերեկով քարուքանդ ըրաւ Ջուղայի հայկական ու հայապատկան խաչքարերը: Այդ ոճիրը նկարահանուեցաւ ու փաստագրուեցաւ: Այդ փաստերը ցոյց տրուեցան թէ՛ Երեւանի մէջ օտար դեսպաններուն եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներուն: Արդիւնքը՞, նորածին ճնճղուկի ծվծվոցներ միայն: Եւրոպական միութիւնը, հերոսաբար, փաստահաւաք առաքելութիւն մը ուղարկեց շրջանը…6 ամիս ետք:

Ամբողջ Արեւմտահայաստանի մէջ, այսօր մատի վրայ կը համրուին հայկական մշակութային կոթողները: Թուրքերը «Տաէշ»ին երեւան գալէն տասնամեակներ առաջ արդէն քարուքանդ ըրած էին հայապատկան կոթողներ: Ասոնց կորուստը դրամով չի չափուիր: Մնացածներն ալ (Աղթամար, Կարսի Առաքելոց եկեղեցի, Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցի, Անի) կը շահագործեն քարոզչական նպատակներով: Բոլոր անոնք, որոնք Անի կ՛այցելեն, կը նշմարեն, թէ հոն տեղադրուած բացատրական ցուցանակներուն վրայ ո՛չ մէկ բառ կայ քաղաքին հայկականութեան մասին (Այս իրողութեան անձնապէս ականատես եղած ենք ու զայն փաստագրած. տեսնել «Ասպարէզ»ի 2014-2015ի, կամ «Ազդակ»ի Նոր տարուան բացառիկներուն մէջ լոյս տեսած մեր յօդուածը):

Տարօնի շրջանէն ներս ոչ մէկ հայկական եկեղեցի մնացած է: Ականատեսներու փաստագրութիւնները (լուսանկարներ եւ տեսաերիզներ) կը վկայեն, թէ Ս. Կարապետ վանքին տեղ, այսօր անճանաչելի քարակոյտեր ու հողաթումբեր են միայն:

Պարզ է, որ Թուրքիա տասնամեակներէ ի վեր կ՛աշխատի Արեւմտեան Հայաստանէն ջնջել ու սրբել հայու որեւէ հետք: Թուրքիան՝

Ա) Փորձեց բնաջնջել աշխարհագրական այդ շրջանի բնիկ ժողովուրդը, հայութիւնը եւ իւրացուց անոր շարժուն եւ անշարժ ինչքերը,
Բ) Իւրացուց այդ հողամասերը,
Գ) Փորձեց սրբել հայութեան առնչուող որեւէ հետք,
Դ) Այժմ կը փորձէ ուրանալ իր արարքները, որոնք համազօր են մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի:

Ահաւասիկ տասնամեակներէ ի վեր ամբողջ աշխարհին կը յայտարարենք, որ երբ ցեղասպանական ոճիր մը անպատիժ կը մնայ, այդ հանգամանքը նորանոր ոճիրներու պատճառ կը դառնայ: Այնքան աղաղակող է այս ճշմարտութիւնը, որ հարկ չենք տեսներ յաւելեալ օրինակներ նշելու: Բոլորս ալ գիտենք: Եթէ մեզի նման «հասարակ մահկանացուներ» այս մէկը գիտեն, պետական համապատասխան մարմինները մեզմէ շա՛տ աւելին գիտեն:

Այնպէս որ, երբ «Տաէշ» կամ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները քարուքանդ կ՛ընեն պատմական կոթողներ, աչքի առջեւ ունին նախընթացներ, որոնք իր «ուսուցիչէն», կամ «վարպետ»էն կու գան: Այսինքն, Թուրքիայէն: Համաշխարհային տարողութեամբ «բացայայտ գաղտնիք» մըն ալ այս է…

Քանդումի մեծ վարպետ Թուրքիա չի կրնար ուղտին վրայ նստիլ ու կուզէ-կուզ պտըտիլ:

Մարտ 25, 2015
[email protected]

asbarez.com

27/03/2015

Տպել Տպել